2009-09-02 13:04:12

Էջ մը հայ գրականութենէն. Յուշագրութի՞ւն, Թէ՝…Հեղինակ՝ Դանիէլ Թիւֆէնքճեան


Էջ մը հայ գրականութենէն. Յուշագրութի՞ւն, Թէ՝…Հեղինակ՝ Դանիէլ Թիւֆէնքճեան

Դանիէլ Թիւֆէնքճեան, ասպարէզով երկրաչափ-ճարտարապետ, 1986էն 1989 կ՛աշխատակցի Փարիզի «Յառա»ջին: Այս գրքի բովանդակութիւնը կը կազմեն սոյն յօդուածները կամ գրութիւնները: Եթէ իրեն հարց տրուի թէ ասոնց բովանդակութիւնը կենսագրակա՞ն բնոյթ ունի, ան հետեւեալ տարտամ պատասխանը կուտայ վերոյիշեալ ներածականին մէջ. «թերեւս, բնաւ երբեք, մասամբ . . .» Եւ, այսպէս, 13 տարբեր գրութիւններ լոյս կը տեսնեն, տարածուած 157 էջերու վրայ, զորս Դանիէլ նուիրած է «Հայերէն լեզուի բոլոր ուսուցիչներու եւ Փարիզի «Յառա»ջ օրաթերթին։ Վերոյիշեալ 13 պատմուածքներէն հետեւեալ ութն կը վերաբերին անապատի-Սէուտական Արաբիոյ իր կեանքին:

Առաջին պատմուածքը «Նաւահանգիստները» խորագրով՝ 21րդ դարու ամփոփ հայոց պատմութիւնն է: Կարելի է ըսել նաեւ, որ այս մէկը հայոց պատմութեան դաս է: Իսկէնտէրունէն Հալէպ, Հալէպէն Պէյրութ եւ վերջաւորութեան դէպի արաբական ծոցի երկիրները:

Հետաքրքրական է Դանիէլի հետեւեալ մտորումը.«Ճակատագրի հեգնանքներէն մէկն է, որ ցամաքով շրջապատուած ու պատմութեան մէջ գրեթէ երբեք ծովեզերք ու նաւահանգիստ չունեցած երկրի մը զաւակները իրենց կեանքը անցընեն փրկութեան լաստերու վրայ, մէկ ծոցէն միւսը, միշտ վերսկսելով ուժերը հաւաքել, ամփոփուիլ եւ յուսալ որ վերջին ծոցը նախորդներէն աւելի հիւրընկալ, ջերմ ու բարեբեր ըլլայ:»

«Փոխան Հէքիաթի» պատմուածքը երիտասարդ հայ մեքենագէտ Գէորգի (հիմա սակայն «արաբացած» Թուֆիք Միւսլիմանի) տարիներ առաջ Սէուտական Արաբիոյ մնայուն բնակիչ դառնալու տարօրինակ պատմութիւնն է: Վերջինը մեծապէս յագեցած է հայ-թուրք, հայութիւն-թրքութիւն յղումներով, զորս Դանիէլ կը վերջացնէ այսպէս, խօսելով Արաբիա ապաստանած հայ երիտասարդներուն մասին. « . . . որոնք իրենց արքայութիւնը լքած, ուրիշներու թագաւորութիւնները կը կերտեն աշխարհի չորս ծագերուն»:

Դանիէլի իւրաքանչիւր գրութեան մէջ Սուրիոյ Հալէպ քաղաքի Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարանը ներկայ է. իր ուսուցիչներով, իր դասընկերներով, իր հաճելի յուշերով: «Դեղին Գիծը» պահ մըն է դասընկերներէն մէկուն հետ հանդիպումէն: Երիտասարդ ընկերը յղացած է համակարգիչով հայերէն սորվեցնող մեթոտ մը: Նոյնիսկ արաբական անապատի մէկ խուլ անկիւնը ճեմարանի տղաքը հայութեամբ կ՛ապրին: Անոնք չեն դաւաճաներ իրենց ուսուցիչներուն:

Վերջին պատմուածքը, «Ցոյցը» եզրակացութիւնն է Դանիէլի հայ ինքնութեան անձկութեան եւ ի վերջոյ ցասումը կը պայթի: Երկրաչափի համեստ օգնական Հայկը՝ ցեղասպանութենէն վերապրող մը, ֆրանսական շինարարական ընկերութեան մը մօտ կ՛աշխատի: Ընկերութիւնը, Տէր Զօրի մէջ, Եփրատ գետին վրայ կամուրջ մը կը փորձէ նետել: Համեստ գործաւորը՝ Հայկ անդադար դիտողութիւններ կ՛ընէ կամուրջի կառոյցին մասին, ըսելով որ, ձիւնհալի ժամանակ, գետը այնքան կ՛ուռի, որ այդ կամուրջը չի կրնար դիմանալ Եփրատի յորձանքին: Հայկ կը մարգարէանայ, որովհետեւ նոյն գիշերն իսկ, խորտակելով ամէն պատնէշ, Եփրատ ջուրերուն տակ կ՛առնէ երկինք, երկիր: Հայկի դիտողութիւնը կ՛արդարանայ եւ ասիկա առիթ մը կը ստեղծէ, որ ան մանրամասն եւ հանգամանօրէն խօսի իր ֆրանսացի տնօրէնին հայոց ցեղասպանութեան մասին:

Այս պատմուածքներէն դուրս, երկու կտոր եւս կայ: Մէկը թարգմանութիւն մըն է Սինկափուրի մասին, ուր ժամանակին կ՛ապրէր հայ մեծ գաղութ մը, որ այսօր մահամերձ է: Ծերերը կարգով կը մեռնին, իսկ երիտասարդները ոչ մէկ հետաքրքրութիւն ունին հայութեան հանդէպ: Բաւական յուզիչ գրութիւն մըն է:

Իսկ վերջին գրութիւնը կը կոչուի «Վերաշինութիւն՝ Առանց Մարքսի եւ Էնկելսի»: Իբրեւ ճարտարապետ-շինարար, Դանիէլ կը խորհրդածէ Հայաստանի աղիտալի երկրաշարժին մասին եւ կուտայ մասնագիտական կարգ մը խորհուրդներ, գործածելի՝ վերաշինութեան պարագային: Այս գրութիւնը թէեւ թուական չունի միւս պատմուածքներուն պէս, այսուհանդերձ որոշ է որ գրուած է Խորհրդային կայսրութեան փլուզումէն առաջ:

Պատմուածքներու այլազանութենէն զատ, այս գիրքը ունի նաեւ այլ ուշագրաւ յատկանիշներ, որոնցմէ մէկն է լեզուն, գեղեցիկ հայերէնը, որուն այնքան կարօտը ունինք այս օրերուն: Ան գեղեցիկ է, առանց աւելորդաբանութիւններու եւ ածականներու, գեղեցիկ կնոջ մը նման, որ զարդեղէնի պէտք չունի:








All the contents on this site are copyrighted ©.