2009-09-02 12:58:19

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԸ ԿՈՂՋՈՒՆԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԻՋԵՒ ՁԵՌՔ ԲԵՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆԸ ։ Եւրոպական յանձնաժողովը ողջունած է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ երկուշաբթի օր ձեռք բերուած համաձայնութիւնը։ Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ Եւրոպական դրացնութեան քաղաքականութեան հարցերով յանձնակատար Պենիթա Ֆերերօ Վալտների եւ Եւրոպական Միութեան ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Օլի Ռենի յայտարարութեան մէջ ըսուած է ՝՝Եւրոպական յանձնաժողովը կ'ողջունէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւնը՝ յարաբերութիւնները կարգաւորելու գործընթացի զարգացման վերաբերեալ։ Եւրոպական յանձնաժողովը մեծ կարեւորութիւն կու տայ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու եւ երկկողմանի յարաբերութիւններ զարգացնելու մասին փաստաթուղթերու արագ եւ կայուն գործադրութեան։ Նոյնպէս ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Տորա Պաքոյանիս երէկ ողջունած է յարաբերութիւնները կարգաւորելու ջանքերը շարունակելու յանձնառութեան մասին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յայտարարութիւնը։ Ըստ ԵԱՀԿ-ի պաշտօնական կայքէջին վրայ տեղադրուած հաղորդագրութեան, Պաքոյանիս ընդծած է որ ՝՝այսպիսի զարգացում պիտի նպաստէ շրջանային կայունութեան՝՝։ Իսկ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, անդրադառնալով Ղարաբաղեան տագնապի լուծման խնդիրին, երէկ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնական աշխատակազմի եւ Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ու հիւպատոսական հիմնարկներու ղեկավարներու հաւաքի բացման խօսքին ընթացքին յայտարարած է ՝՝Մենք երբեք չենք ստած եւ ժողովուրդը մոլորութեան մէջ չենք ձգած բանակցութիւններու սեղանին վրայ դրուած հարցերուն վերաբերեալ։ Հասկնալի է, որ հրապարակուածին մէջ կային կէտեր, որոնք կը տարբերին, որոշ պարագաներու սկզբունքօրէն, մեր պատկերացուցած իտէալական լուծումէն։ Բայց փաստ է նաեւ, որ բոլոր ներգրաւուած դերակատարները արդէն շատ լաւ կը գիտակցին, որ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի իրականացումն ու Լեռնային Ղարաբաղի բազմաշերտ անվտանգութեան երաշխաւորման խնդիրները առանցքային են(ըսած է նախագահը)։ Հայաստանի նախագահը անդրադարձած է նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն վերաբերեալ երկուշաբթի օր նախաստորարուած փաստաթուղթերուն։ Երէկ հրապարակուած նախագիծերը երեք առանցքային իրականութիւն կարտացոլեն։

1- Ինչպէս բազմիցս ըսած եմ, Թուրքիոյ հետ մեր վարած բանակցութիւնները եւ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները չեն պարունակեր Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի կամ անոր կապուած որեւէ այլ խնդիրի հետ առնչուող որեւէ նախապայման։

2- Ինչպէս միշտ կը պնդենք, հայ-թրքական յարաբերութիւններու պատմական հարթութեան հարցերը պէտք է քննարկուին միջ-կառավարական յանձնախումբի ենթա-յանձնախումբերէն մէկուն ձեւաչափով, եւ ոչ թէ պատմաբաններու յանձնախումբի կողմէ։

3- Առաջին անգամ անկախ Հայաստանի պատմութեան մէջ կարեւորագոյն միջազգային փաստաթուղթերու ստորագրման պիտի նախորդեն հանրային քննարկումներ։ Անոնք կարելիութիւն պիտի տան բոլոր տեսակէտներն ու մօտեցումները լսելու(ըսած է Ս. Սարգսեան)աւելցնելով, որ յառաջիկային աշխուժ քննարկումներ տեղի պիտի ունենան Սփիւռքի հայկական համայնքներուն եւ միջազգային հետազօտական կեդրոններուն մէջ։

1 Սեպտեմբեր 1939ին կը ծագէր Երկրորդ Աշխարհամարտը՝ ամբողջ երկրագունդը ցնցելով ։1 Սեպտեմբերին, ամբողջ աշխարհ յիշեց 70րդ տարելիցը Երկրորդ Աշխարհամարտի ծագումին , որ աշխարհասասան խելայեղ պայքարի մը բուռն կիրքովը համակեց ու ծանրօրէն խոցեց, ֆիզիքապէս թէ հոգեպէս, ողջ մարդկութիւնը։ Թէեւ պատմաբանները տակաւին տարակարծիք կը մնան տարբեր ազգերէ աւելի քան 70 միլիոն մարդոց մահուան պատճառ դարձած եւ ամբողջ երկիրներ աւերած Երկրորդ Աշխարհամարտի սկզբնաւորման բուն թուականին շուրջ, այսուհանդերձ ընդհանուր համախոհութիւն գոյացած է, որ Լեհաստանի վրայ Հիթլէրի հրահանգած նացիական զինուորական յարձակումով, 1 Սեպտեմբեր 1939ին, կը սկսէր Համաշխարհային Երկրորդ Պատերազմը ։Անհիմն չէ պատմաբաններու տարակարծութիւնը, որովհետեւ ի տարբերութիւն Առաջին Աշխարհամարտին, Համաշխարհային Երկրորդ Պատերազմը միայն եւրոպական մեծ տէրութեանց միջեւ բռնկած պատերազմ մը չէր։ Ճիշդ է, Եւրոպան դարձեալ հանդիսացաւ աշխարահամարտի ծանրութեան կեդրոնը, բայց ծայրագոյն Արեւելքի մէջ Ճափոնի յարձակումը Չինաստանի վրայ եւ անոր հետեւած Խորհրդային Միութիւն-Ճափոն ռազմաճակատի բռնկումը, այլ մանաւանդ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն դէմ՝ Փըրլ Հարպըրի վրայ Ճափոնի ձեռնարկած յարձակումը բառին բուն իմաստով ամբողջ երկրագունդը կրակի տուին... Երկրորդ Աշխարհամարտը հանդիսացաւ մարդկային քաղաքակրթութեան ծանօթ ամէնէն ամբողջական, ահեղ եւ կործանիչ պատերազմը, որուն մասնակցեցան աւելի քան 100 միլիոն զինեալ ուժեր եւ որմէ յաղթական դուրս գալու համար կողմերը անխնայ գործածեցին ու զոհաբերեցին իրենց ամէն ինչը, մարդկային կեանքը, սերունդներու կերտած հարստութիւնը, տնտեսութիւնը եւ ի վերջոյ գիտական ներուժը... հիւլէական ռումբի կիրարկման իսկ դիմելով։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.