2009-09-01 13:16:55

Քահանայական տարի - Ժան Մարի Վիաննէ - Բայց կարեւոր է հացը


Քահանայական տարի - Ժան Մարի Վիաննէ - Բայց կարեւոր է հացը

Արս հասնելէն քանի մը օր ետք, նոր ժողովրդապետը կը խնդրէ բերդատէր օրիորդ Տէ Կարէէն որ ետ առնէ քահանայատունը դրած ճոխ կարասիները։

Իրեն համար կը պահէ միայն անհրաժեշտ հարկաւորները, սեղան մը եւ քանի մը աթոռ խոհանոցին համար, մահճակալ մը` յարդէ մահիճով, ուրիշ անկողին մը պատահական հիւրերու համար, պահարաններ ճերմակեղեններուն եւ մանաւանդ գիրքերուն համար եւ պզտիկ գրասեղան մը գրելու համար։Ասով քահանայատունը խեղճուկ կերպարանք մը կ'առնէ, ինչպէս կարելի է այսօր ալ տեսնել։

Պիպոսթ մայրիկի մեկնումէն յետոյ, տան ծառայութիւնը պիտի ընէ այրի դրացուհի մը` Գլոտին Րենար։ Ասոր համեստ բնակարանը ուր կ'ապրի իր Աննա աղջկան հետ, փակած է քահանայատան։ Իսկ տղան Ժան Ֆրանսուա, որ քսան տարեկան է, կղերիկոս է Լիոնի մէջ։

Ինք սիրայօժար կը նուիրուի վարդապետի ծառայութեան, երբ որ պէտք ունենայ։

Ընդհանրապէս Վիաննէ անձամբ կ'եփէ իր կերակուրները։ Արդէն ճաշացուցակը երկու ճաշ կը պարունակէ, խաշած գետնախնձոր, զոր առատ կը պատրաստէ եւ ծակոտկէն սակառի մը մէջ դրած վերէն կը կախէ, որ չմգլոտի, ամէն օր քանի մը հատ կեղուելով կ'ուտէ։ Երկրորդ կերակուրն ալ խաւիծի եւ փոխինդի պէս բան մը, զոր ֆրանսացիները 'մաթֆէն' կը կոչեն, այսինքն անօթութիւնը զսպող։ Աս ալ տապակի մէջ կը տաքցնէ եւ հարկի պարագային կը ճաշակէ, կտոր մը հացի եւ գաւաթ մը ջուրի հետ։

Իր հասնելուն` մեծ պահքը կը սկսի, հետեւաբար կ'որոշէ Էքիւլիի մէջ սորվածի պէս շարունակել եւ 40 օր պահեցողութիւն ընել մինչեւ Զատիկ։

Զարմանալի է որ նման կենսականոն մը, զոր պիտի շարունակէ տարիներով, չի խանգարեր իր առողջութիւնը։ Այս կը նշանակէ թէ ուժեղ կազմ ունէր։ Օր մը ինք պիտի խոստովանի։

-Ես լաւ դիակ (մարմին) մը ունիմ։ Ինչ ալ ուտեմ եւ երկու ժամ քնանամ, կրնամ գործի սկսիլ։



Գաթրին Լազանին պատմեց առիթով մը.

-Շուտով պատրաստեցի ընթրիքս։ Երեք կտոր փողինդ պատրաստեցի. երբ երկրորդը կ'եփէի, առաջինը կ'երայ. մինչ երրորդը կ'եփէի, երկրորդը ճաշակեցի, իսկ երբ երրորդը կ'ուտէի կարգադրեցի տապակը եւ կրակը։ Կուժ մը ջուր կը խմէցի ու ան ինծի կը բաւէ երկու երեք օր։

Ուրիշ բարեկամի մը խոստովանեցաւ։

-Հացը կարեւոր է մարդուն։ Ես ուզեցի զանց ընել զայն, բայց չկրցայ, չափազանց տկարացայ։ Կարեւոր է հացը, քիչ հարկաւոր է բայց հարկաւոր է։

Բայց ըստ իրեն, ազնուութիւնը եւ երբայսրսիրութիւնը աւելի կարեւոր են քան պահքը եւ այլ ապաշխարանքներ։

Ժան Մարի Շանէ կը պատմէ.

-Ուրախ մարդ էր եւ խօսքին մէջ անոյշ կատակներ կը խառներ ու մեզ կը խնդացներ։ Շատ սրամիտ խօսքեր ունէր։

Խստակրօն ըլլալով հանդերձ, երբէք տխուր չէր եւ կրնար արդարացի կերպով ըսել.

-Աստուած իր սիրողներուն ուրախութիւնն է։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.