2009-08-31 14:03:55

Ծիսական ժամանակացոյց

Կիրակի 30 Օգոստոսէն Շաբաթ 5 Սեպտեմբեր 2009։


Կիրակի 30 Օգոստոս Բ Կիրակի զկնի Փոխման

Երկուշաբթի 31 Օգոստոսին հայ եկեղեցին կը յիշատակէ Պիոն Քահանայի Ստեփանոս Ուլնեցիի եւ Ապտելմասիհ վկայի տօնը

Պիոն՝ քահանայ եւ վկայ Զմիւռնիացի, քրիստոնէութեան դարձուց բազմաթիւ հեթանոսներ եւ ամրացուց հաւատացեալներ, որոնք հալածանքներու պատճառաւ խախտած էին իրենց կրօնական զգացումներուն մէջ։ Երբ ատեան տարուեցաւ քննութեան համար, հոն ալ քրիստոնէութիւնը ընդունելու համար սրտագին յորդորներ ուղղեց հեթանոսներուն եւ հրեաներուն։ Ան զանազան տանջանքներու ենթարկուեցաւ եւ ապա զինք ողջ ողջ այրեցին։

Իսկ Ստեփանոս Ուլնեցի՝ ՜՜պանծալի նահատակ Թորգոմայ՝՝, ծնողները ՝ Ղազար եւ Մարիամ Մեծ Հայքէն էին բայց ինք ծնած էր Փոքր Հայքի Կոկիսոն քաղաքը ուր հոգեւոր գիտութիւն եւ սրբութեան կեանքի մը մէջ անցուցած է իր պատանութիւնը Կոստանդին անունով բարեկրօն քահանայի մը հովանիին տակ։

Երբ Յուլիանոս Ուրացող Կեսարիայէն անցաւ, Կոկիսոնի քրիստոնեաներուն համար յատուկ հալածիչ մը ղրկեց։ Ստեփանոս իր ծնողքին եւ այլ ծանօթներու հետ, ընդամէնը 33 հոգի, ժամանակ մը, մօտկայ լեռ մը կ՝երթայ եւ ճամբուն վրայ հայրը կը վախճանի, իսկ մնացեալը կը մնան քարանաձեւ մատուռի մը մէջ. սակայն, հովիւ մը զիրենք կը մատնէ եւ որու հետեւանք՝ Ստեփանոս եւ իր հետ եղող անձերը կը ներկայանան քննիչ դատաւորին առջեւ։ Ստեփանոս իր եւ իր հետ եղողներուն անունով՝ յայտնեց իրենց բոլորին պատրաստակամութիւնը հաւատքին համար մեռնելու։ Այս 33 հոգիներէն Ստեփանոսի մայրը եւ 7 կուսաններ բանտարկուեցան իսկ Ստեփանոս եւ մնացած անձերը անգութ տանջանքներու ենթարկուեցան որոնցմէ Բագրատունի անունով երիտասարդ մը եւ ուրիշներ մեռան ։

Անոնց մարտիրոսական կատարումը տպաւորեց հեթանոսներ որոնցմէ հարիւրաւորներ դարձի եկան ։ Ապա ատեանի առջեւ հանուեցան կոյսերը որոնք իրենց հաւատքին մէջ հաստատ մնալնուն համար գլխատուեցան իսկ Մարիամ Ստեփանոսի մայրը սրով կուրծքէն վիրաւորուեցաւ եւ իր հոգին աւանդեց։ Անկէ ետք Ստեփանոս եւ իր ընկերները հնոցի դատապարտուեցան եւ ապա գլխատուեցան։ Դահիճները խորապէս ազդուած անոնց անտրտունջ եւ խաղաղ անձնատուութենէն եւ աղօթանուէր սրբութենէն ամէնքն ալ ընդունեցին քրիստոնէութիւնը եւ իրենց ձեռքով ամփոփեցին անոնց մարմինները Գերմանիկ քաղաքին մօտակայքը Ուրլնիա կոչուած գիւղին մէջ, ոչ շատ հեռու Մարաշէն. ասոր համար է որ նահատակը կոչուեցաւ Ուլնեցի։

Գալով Աբդելմեսիհ վկային որուն տօնը կը յիշատակուի Պիոն քահանայի եւ Ստեփանոս Ուլնեցի վկային հետ, որդին էր Ղենի անունով մեծահարուստ հրեայի մը եւ կ՝ապրէր պարսից Շիդար քաղաքը բուն անունը Ասէր էր, սակայն երբ քրիստոնեայ դարձաւ առաւ Աբդելմեսիհ անունը որ կը նշանակէ Ծառայ Քրիստոսի։ Ան 11 տարեկանին երբ կ՝արածէր իր հօր ոչխարները քրիստոնեայ մանուկներու հետ, անոնցմէ կը սորվի քրիստոնէական կրօնքը եւ իր ընկերները զինք կը մկրտեն տալով Աբդելմեսիհ անունը։ Եւ որպէսզի իր ընտանեկան պարագաները գիտնան որ այլեւս ինք քրիստոնեայ էր իր ընկերներէն մին՝ հանելով իր ականջի գինդը անոր անցուց։ Մայրը տեսաւ եւ հասկցաւ սակայն զինք հօրը ցասումէն ազատելու համար պահեց զայն։ Տղան տեսիլք մը ունեցաւ ուր Քրիստոս իր ձեռքէն բռնելով վեր կը հանէր զինք մութ գուբէ մը եւ հրեշտականման մանուկներու խումբի մը կը խառնէր։ Այս լսելով Մայրը եւս քրիստոնէութիւնը կ՝ընդգրկէ ու եպիսկոպոսէ մը դրոշմի խորհուրդը կ՝ընդունի եւ տուն դառնալով կը սկսի համարձակ դաւանիլ ՜՜Քրիստոսը՝՝։ Օր մը հրէական տօնին առիթով Աբդելմեսիհի հայրը կը կանչէ նաեւ իր որդին որ կը ներկայանայ ականջին գինդով (ծառայութեան նշանով) հայրը կը զարմանայ սակայն տղան կըսէ ՜՜մի խռովիր հայր իմ, ես զիս Քրիստոսի ծառայ դարձուձի եւ այժմ քրիստոնեայ եմ՝՝ հայրը կը կատղի ու դանակով մը որդին սպաննել կ՝ուզէ սակայն տղան կը վազէ մինչեւ այն տեղը ուր մկրտուած էր եւ ապա կ՝ իյնայ իր հօրը ձեռքին տակ խողխողուած։

Իր ընկերները զինք կը թաղեն իսկ մայրը անոր վկայարանին վրայ կը մկրտուի, մխիթարուելով՝ ՜՜ նահատակի մայր եղած ըլլալու իր երջանկութեամբ՝՝։



Երեքշաբթի 1 Սեպտեմբերին տօնն է Անտրէ զօրավարի եւ իր բանակին։

Անտրէ զօրավար Ասորիքի Հռովմէական բանակի զօրագլուխներէն մին էր Անտիոքոս սպարապետին ձեռքին տակ, Դիոկղետիաոսի եւ Մաքսիմիանոսի օրով, գաղտնապէս քրիստոնեայ։ Բարբարոսներու դէմ պատերազմի ղրկուած միջոցին, երբ իր 599 զինուորները երկիւղ զգացին ինք քաջալերեց զանոնք Քրիստոսի անունով։ Ամէնքը հաւատացին եւ յաղթեցին։ Անտիոքով այն ատեն թշնամացաւ անոնց դէմ, եւ Անդրէաս իր բանակով տարագրելէ վերջ 2000 զօրքով հալածեց ամէնքը։ Անդրէաս անոնց ալ դարձուց քրիստոնէութեան։ Տարսոնէն անցած ատեն անոնք ամէնքը մկրտուեցան տեղւոյն Պետրոս եւ Բերիոյ Նունոս եպիսկոպոսներէն։

Անտիոքոս գրեց Կիլիկիոյ Սելեւկոս կուսակալին, որ մեծ զօրութեամբ յարձակեցաւ Անդրէասի բանակին վրայ։ Անյաջող կռիւէ մը ետք, սպասեց մինչեւ որ անոնք խմբուեցան ձորամէջ կիրճի մը մէջ, ուր ամէնքը ի վերջոյ ընդունեցաւն նահատակութեան պսակը։



Հինգշաբթի 3 Սեպտեմբերին տօնն է Սուրբ Ատրիանոսի եւ իր կնոջ Անատոլա վկայուհիի ինչպէս նաեւ Թէոդորոս ստրատելատի եւ Թիւրսոս վկային։

Ատրիանոս վկայ բարձր պաշտօնատար մըն էր Հռովնէական բանակին մէջ Մաքսիմիանոս կայսեր օրով։ Նախապէս հեթանոս էր եւ հալածած՝ քրիստոնեաները։ Սակայն տեսնելով անոնց քաջութիւնն ու համբերութիւնը եւ հաւանաբար նաեւ աղօթքով եւ աշխատանքներով ՜՜Անատոլիային՝՝ իր քրիստոնեայ կնոջ, քրիստոնեայ դարձած է։ Իր նոր հաւատքին համար ան նախ կը բանտարկուի ապա սաստիկ չարչարանքներու կ՝ենթարկուի եւ ի վերջոյ դահիճները սրունքները ջարդեցին, ան 310-ին մահացաւ։

Թէոդորոս Ստրատելատ զինուորական ասպարէզի մէջ յաջող սպարապետ էր պատճառ կը դառնայ շատերուն քրիստոնեայ հաճատքը ընդունելու եւ զանազան տանջանքներու ենթարկուելէ ետք կը գլխատուի բանտին մէջ։



Շաբաթ 5 Սեպտեմբերին տօնն է Սուրբ Թովմասի եւ Նիկիոյ Ս. Ժողովի 318 հայրապետներուն։

Թովմաս առաքեալի առաքելութեան կանչուած ըլլալուն պարագաները անյայտ են մեզի։ Ծանօթ է իր թերահաւատութեամբ։ Աւանդութիւնը Թովմասը կը ղրկէ Պարթեւաստան եւ Հնդկաստան, ուր արդարեւ առաքելական դարերէ ի վեր փոքր քրիստոնէական եկեղեցի մը գոյութիւն ունեցած է, եւ որոնք կը հաւատան թէ իրենց նախահաայրերը դարձի եկած են Թովմաս առաքեալի քարոզութեամբ, որուն համար ալ իրենք զիրենք կը կոչեն Սուրբ Թովմասի քրիստոնեաները։ Առաքեալի գերեզմանը մինչեւ օրս կը գտնուի Մատրաս քաղաքին մօտ։ Թովմաս առաքեալ նետահար սպաննուած է եւ նահատակուած։










All the contents on this site are copyrighted ©.