2009-08-31 14:07:08

Ակնարկ Մը Ազգային ու Միջազգային Դէպքերուն


Ակնարկ Մը Ազգային ու Միջազգային Դէպքերուն



Ծերակուտական Էտուըրտ Քենետի Արլինկթըն ազգային գերեզմանատան մէջ իր սպաննուած եղբայրներուն՝ Ճոնի եւ Ռոպըրթի կողքին հողին յանձնուեցաւ։

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Քենետիի յիշատակին իր արտասանած դամբանականին մէջ յայտնեց, որ ան ժամանակի պարգեւը ստացած էր, բան մը, որ իր եղբայրները չէին ստացած։ Եւ ան այս ժամանակը օգտագործեց բազմաթիւ կեանքերու վրայ դրոշմ ձգելու եւ տարիներուն արտօնածին չափ սխալները սրբագրելու համար։ Օպամա իր դամբանականին մէջ ակնարկեց նաեւ` Քենետիի անձնական ձախողութիւններուն։

Օպամա խճողուած եկեղեցւոյ մէջ ներկաներուն ըսաւ, թէ անոնք, զորս իր ետին ձգեց, կը սգան իր մահը իր թողած յիշատակներով, իր կատարած բարիքներով եւ իր կենդանի պահած երազով։



Անքարա - Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար երկուշաբթի Իրաք եւ Սուրիա կ' այցելէ՝ հաշտեցնելու համար երկու դրացի երկիրները, որոնք Պաղտատի այն ամբաստանութենէն ետք, թէ Դամասկոս ըմբոստներու ապաստան կը տրամադրէ փոխադարձաբար իրենց դեսպանները տուն կանչած էին։

Ահմեթ Տաւութօղլու Դամասկոսի մէջ հանդիպում կ' ունենայ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի եւ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմի հետ, իսկ Պաղտատի մէջ՝ Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքիի եւ Հոշիար Զիպարիի հետ։

Իրաքի եւ Սուրիոյ միջեւ յարաբերութիւնները վատթարացած էին, երբ Պաղտատ Դամասկոսը ամբաստանեց 19 օգոստոսին Պաղտատի մէջ 95 զոհ եւ 600 վիրաւոր պատճառած երկու ականահարումներէն մէկուն ետին կանգնող ղեկավարներուն ապաստան տալու յանցանքով։

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ յայտնեց, որ Ահմեթ Տաւութօղլու 1-3 սեպտեմբերին երկկողմանի յարաբերութեանց եւ Միջին Արեւելքի մէջ վերջին զարգացումներուն շուրջ քննարկումներ կատարելու համար Եգիպտոս պիտի այցելէ։





Ահմատինեժատ Կ՛ուզէ Դատել Ընդդիմութեան Ղեկավարները

ԹԵՀՐԱՆ - Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ Ուրբաթ, Օգոստոս 28ին կոչ ըրաւ դատելու ընդդիմութեան ղեկավարները, յետընտրական խռովարարութիւնները հրահրելու յանցանքով: Ան աւելցուցած է, թէ ներկայիս դատի ենթարկուող բարձրաստիճան գործիչները միակ պատժուողները պէտք չէ ըլլան։

Ահմատինեժատ նաեւ առաջին անգամ ըլլալով ընդունեց, որ արգելափակեալ ցուցարարներուն դէմ վատ վերաբերմունք ցոյց տրուած է, սակայն հերքեց կառավարութեան մեղսակցութիւնը:



Հայաստանի Քաղաքացիները Աւելի Շատ Տեղական Ծխախոտ Կը Սպառեն

ԵՐԵՒԱՆ - Հայաստանի Ազգային վիճակագրական ծառայութեան տուեալները կը փաստեն, թէ հայաստանցիները 2009ի ճգնաժամային առաջին վեց ամիսներուն սպառած են աւելի քիչ ծխախոտ, քան 2008ի նոյն ժամանակահատուածին: Նաեւ, ծխողները սկսած են գործածելու տեղական արտադրութեան, աւելի աժան ծխախոտներ։

Վերջին տասնամեակին, ասիկա առաջին անգամն է, որ հայ ծխողները բացայայտօրէն (գուցէ հարկադրաբար), գերապատուութիւն կու տան տեղական արտադրութեան ծխախոտներուն, հակառակ անոր, որ բոլորն ալ կը վկայեն, թէ տեղական ծխախոտներու որակին մէջ բարելաւում չկայ:

Համաշխարհային երրորդ Համագումըրը Կլիմայի Մասին։ Վաղը Ժընէվի մէջ սկիզբ պիտի առնէ Օթերեւուութաբանական Համաշխարային կազմակերպութեան նախաձեռնած Համաշխարահայն երրորդ Համագումարը`հետեւեալ թէմյով `` Կլիմայական նախատեսութիւնները եւ տեղեկութիւնները ի սպաս որոշումներու ստանձնումին,նախատեսութիւններու արժեւորումը բազմատասնեայ տարինրեու երկայնքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.