2009-08-30 14:02:02

Պոլսոյ Մէջ Հայ Եւ Թուրք Հոգեւոր Առաջնորդներու Հանդիպում


Պոլսոյ Մէջ Հայ Եւ Թուրք Հոգեւոր Առաջնորդներու Հանդիպում

Ռամատանի՝ Իսլամական սրբազան տօնին առիթով, Պոլսոյ Շիշլի շրջանի քաղաքապետութիւնը իր առաջին «իֆթար»ի ճաշկերոյթը սարքեց՝ ճաշասեղաններու շուրջ համախմբելով երկրի երեք դաւանանքներու ներկայացուցիչները։ Քաղաքապետ Մուսթաֆա Սարըկիւլի տանտէրութեամբ սարքուած սոյն ճաշկերոյթին մասնակցեցան Հայոց պատրիարքութենէն Տրդատ քհնյ. Ուզունեան, ասորի համայնքէն՝ Եուսուֆ Չէթին պատրիարքը, ասորի-կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Եուսուֆ Սաղը եւ Յունաց պատրիարքութենէն հայր Փայիսիոս Քոքինաքին: Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս ելոյթ ունեցողները հաշտութեան ու եղբայրութեան կոչ ուղղեցին ։ Մուսթաֆա Սարըկիւլ յիշեցուց, որ ՜՜Ռամատանը՝՝ այն ամիսն է, երբ կ՛ակնկալուի, որ հասկացողութիւնը հասնի իր ամենաբարձր մակարդակին եւ անոնք, որոնք վշտացած կամ նեղացած են իրարմէ՝ հաշտուին իրարու հետ։ Շիշլիի քաղաքապետութեան ճաշկերոյթի վրանները ամէն օր կրնան երեք հազար հոգիի սպասարկել:








All the contents on this site are copyrighted ©.