2009-08-30 14:02:15

Կիրակնօրեայ աւետարանական ընթերցում
կիրակի օգոստոս 30, Բ կիրակի Աստուածածնայ Վերափոխումէն ետք


Կիրակնօրեայ աւետարանական ընթերցում
կիրակի օգոստոս 30, Բ կիրակի Աստուածածնայ Վերափոխումէն ետք
Ընթերցում ս. մարկոսի Աւտարանէն Դ գլուխ 35-40 համարները
Ընթերցում ս. Մարկոսի Աւետարանէն
ԾՈՎԻ ՓՈԹՈՐԻԿԸ ԿԸ ԽԱՂԱՂԻ
35 Այդ օր, իրիկուան դէմ, ըսաւ անոնց Եկէ՛ք եւ (ծովակի) միւս կողմն անցնինք։ 36 (Հոն) թողուցին ժողովուրդը, նաւով (իրենց հետ) առին զինք եւ իրեն հետ գտնուող միւս նաւերն ալ միասին։ 37(Յանկարծ) զօրաւոր փոթորիկ մը ելաւ, որ ալիքները նաւի վրայ սկսաւ թափել, այն աստիճան, որ գրեթէ լեցուեցաւ (նաւը)։ 38 Իսկ ինք, նաւի ետեւի կողմ՝ (գլուխը) բարձի վրայ (դրած) կը քնանար։ Զինք արթնցուցին եւ իրեն ըսին Վարդապետ, հո՞գդ անգամ չէ, որ մենք կը կորսուի՛նք ահաւասիկ։ 39 Եւ արթննալով՝ սաստե՛ց հովին ու ծովին եւ ըսաւ Դադրէ՛, լռէ՛, (անմիջապէս) դադրեցաւ հովը եւ մեծ հանդարտութիւն մը տիրեց։ 40 Եւ ըսաւ անոնց Ինչո՞ւ այնքան վախկոտ էք, հաւա՞տք չունիք տակաւին, (եւ որովհետեւ) չափազանց շատ վախցած էին, իրարու ըսին Ո՞վ է արդեօք այս (մարդը), որ հովն ու ծովն անամգ կը հնազանդին ասոր։







All the contents on this site are copyrighted ©.