2009-08-30 14:02:54

Գաղութէ Գաղութ Միացեալ Նահանգներ- Հերի Գունտագճեանի լուսանկարներու ցուցադրութիւնը։


Գաղութէ Գաղութ Միացեալ Նահանգներ- Հերի Գունտագճեանի լուսանկարներու ցուցադրութիւնը։

ՀԲԸՄ-ի Փասատինա-Կլենտէյլ մասնաճիւղը կազմակերպած է յայտնի լուսանկարիչ Հերի Գունտագճեանի լուսանկարներու ցուցահանդէս մը, որ տեղի պիտի ունենայ , 11 սեպտեմբերին, Փասատինայի Ալեքս Մանուկեան կեդրոնին մէջ։ Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ կիրակի, 13 սեպտեմբեր։ Ցուցահանդէսի բացման արարողութեան ընթացքին, ներկայ պիտի ըլլայ եւ ելոյթ պիտի ունենայ, լուսանկարիչ Հերի Գունտագճեան, մրցանակակիր՝ ԷյՓի լրատու գործակալութեան ։ Գունտագճեան իր արհեստավարժ ասպարէզը սկսած է 1952-ին, ան աշխատած է Լիբանանի ֆրանսատառ ու արաբատառ թերթերու, ինչպէս նաեւ ֆրանսատառ, անգլիատառ ու ամերիկեան թերթերու համար։ 1967-ին ան միացանալով ԷյՓի լրատու գործակալութեան , երկու տարի ետք նշանակուած է անոր Միջին Արեւելքի լուսանկարչական բաժանմունքի պատասխանատուն։ 1979-ին ան Պէյրութէն Նիւ Եորք հաստատուեցաւ՝ դառնալով լրատուական գործակալութեան միջազգային լուսանկարներու բաժանմունքի խմբագիր։ Հակառակ հանգստեան կոչուած ըլլալուն՝ ան կը շարունակէ աշխատակցիլ Ազդակ եւ Անուար թերթերուն։

՜՜Հայկական Պուէնոս Այրէս՝՝ անուան ձեռնարկը

Նախաձեռնութեամբ՝ Պուէնոս Այրէսի մշակոյթի նախարարութեան Պատմական եւ մշակութային ժառանգութեան յանձնախումբին, ինչպէս նաեւ Պուէնոս Այրէսի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան եւ համագործակցութեամբ՝ արժանթինահայ համայնքային կառոյցներուն, վերջերս սկիզբ առաւ ՜՜Հայկական Պուէնոս Այրէս՝՝ անունը կրող ձեռնարկը։ Պուէնոս Այրէսի կառավարութեան կողմէ իրականացուող այս պատմամշակութային ծրագրին նպատակն է ցոյց տալ Արժանթինի մայրաքաղաքին մէջ բնակող հայերուն դերակատարութիւնը քաղաքի մշակութային, տնտեսական, հանրային, մարդասիրական մարզերուն մէջ, ինչպէս նաեւ՝ ներկայացնել հայ ժողովուրդին պատմութիւնը, հայերու Արժանթին ներգաղթելու պատճառներն ու անցած գրեթէ 100 տարիներու ընթացքին անոնց նուաճումները՝ իբրեւ Արժանթինի քաղաքացիներու։ Հայկական Պուէնոս Այրէս ծրագիրը, որ կ'ընդգրկէ Հայերուն ներգաղթը Պուէնոս Այրէս, Հայերը եւ կրօնը, Ցեղասպանութիւն եւ ժխտողականութիւն, Հայ կնոջ դերը հասարակութեան մէջ, Հայկական մամուլ, Հայկական արուեստ, Հայկական խոհանոց եւ այլ թեմաներ, պիտի աւարտի համայնքային խումբերու համերգով։








All the contents on this site are copyrighted ©.