2009-08-29 12:23:33

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին առաքելական այցելութիւնը Իտալիոյ Վիթերպօ քաղաքին Ս. Կոյս Մարիամի եւ Սրբուհի Ռոզայի նշանաբանով։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին առաքելական այցելութիւնը Իտալիոյ Վիթերպօ քաղաքը Ս. Կոյս Մարիամի եւ Սրբուհի Ռոզայի նշանաբանով։
Յառաջիկայ սեպտեմբեր 6ին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը հովուական այցլելութիւն կը կատարէ Վիթերպօ, ուր առաւօտուն ս. պատարագ կը մատուցէ իսկ յետմիջօրէին Պանիորեճիօյի եկեղեցին կ'այցելէ մեծարելու սուրբ Բունավենդուրայի մասունքները։ Իր կեցութեան ընթացքին Սրբազան Հայրը կայցելէ նախ սրբուհի Ռոզայի նուիրուած սրբավայրը եւ ապա կաղնիի Տիրամօր նուիրուած սրբավայր։ Կաղնի Տիրամօր սրբանկարը շատ սիրելի է Վիթերպոյի քրիստոնեայ հասարակութեան։ ժամանակներուն ընթացքին սրբանկարին հանդէպ բարեպաշտութիւնը աճած է որովհետեւ անոր կը վերագրուին բազմաթիւ հրաշքները։ Առ ի երախտագիտութիւն. Վիթէրոպոյի հաւատացեալները ''Անոր ի պատիւ'' մեծ սրբավայր մը կառուցած են եւ ամէն տարի բազմաթիւ հաւատացեալներ ուխտի կու գան։ Ամէն տարի սեպտեմբեր ամսոյն երկրորդ կիրակին Վիթէրպոյի հաւատացեալները ուխտի կ'երթան վերանորոգելու իրենց սէրն ու յարում ը հանդէպ Տիրամօր։ Նոյնպէս` Վիթերպոյի հաւատացեալները մեծ սէր կը տածեն հանդէպ սրբուհի Ռոզայի, որուն տօնակատարութիւնները կը սկսին սեպտեմբեր ամսոյն սկիզբերը ի յիշատակ սրբուհի անաղարտ մարմնի փոխադրութեան քաղաքի փոքր եկեղեցէն Գլարիսներու վանքը, ուր մինչեւ օրս անոր մարմինը անաղարտ պահուած է։ Սրբազան Քահանայապետը Կաղնիի Տիարմաօր սրբավայրին մէջ կրօնաւորուհիներու հետ միասին պիտի երեկոյեան ժամասացութիւն պիտի կատարէ եւ ապա ինչպէս ըսինք Պանիորեճիօ պիտի մեկնի ուր ս. Նիկողաիոս աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ պիտի մեծարէ սուրբ Բոնավադուրայի մասունքը։

Պենետիկդոս ԺԶ քահանայապետը բացումը կը կատարէ Վատիկանի Փոլինի Մատրան։
Մատուռը կը գտնուի Վատիկանի Առաքելական պալատին մէջ։ Զայն շինել տուած է Պօղոս Գ պապը՝ 1537-ին։ Կառուցումը աւարտած է 1540-ին։ Միքելանճելօ Փոլինի որմանկարներուն վրայ սկսած է աշխատիլ 1542-ին՝ աւարտելէ ետք Սիսթինեան մատուռին պատկերազարդումը եւ ծրագիրը ամբողջացուցած է 75 տարեկանին։ Փոլինի մատուռը պատկերազարդելէ ետք Միքելանճելօ վերջ դրաւ գեղանկարիչի իր կեանքին եւ ինքզինք նուիրեց միայն քանդակագործութեան եւ ճարտարապետութեան ։ Պենետիկդոս ԺԶ պապը վերանորոգուած մատուռին պաշտօնական բացումը կատարեց վերջերս երեկոյեան աղօթքով մը։ Վերանորոգութեան ծրագիրը իրականացած էր աշխարհի տարբեր երկիրներէ հաւաքուած նուիրատուութիւններով։







All the contents on this site are copyrighted ©.