2009-08-29 12:24:34

Գաղութէ Գաղութ - Հնդկաստանի անկախութեան 63-րդ տարեդարձի նշում։


Գաղութէ Գաղութ - Հնդկաստանի անկախութեան 63-րդ տարեդարձի նշում։

15 օգոստոսին Հայոց մարդասիրական ճեմարանին մէջ հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ Հնդկաստանի անկախութեան 63-րդ տարեդարձը։ Հանդիսութեան ներկայ էին ճեմարանի պաշտօնէութիւնը, անձնակազմը եւ սաները։ Օրուան առիթով ներկաները շնորհաւորեց եւ օրուան խորհուրդին անդրադարձաւ ճեմարանի կառավարիչ Խորէն աբղ Յովհաննէսեան, որ նշեց, թէ Հնդկաստանը ըլլալով աշխարհի արագ զարգացող երկրներէն մէկը՝ իր ռազմական եւ տնտեսական հզօրութեամբ կը նպաստէ շրջանի կայունութեան եւ զարգացման։ Ան իր խօսքի աւարտին մաղթեց, որ ազատութեան թռչունը թեւածի Հնդկաստան երկրի անծայրածիր սահմաններուն մէջ՝` տարածելով բարօրութիւն եւ երջանկութիւն։

Քրտամէտ Կուսակցութիւնը Կ՛ուզէ Խաչաձեւ Նշաններուն Հարցը Հետապնդել Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովրդավարական ընկերութիւն կուսակցութեան

Պոլիսէն ընտրուած երեսփոխան Սէպահաթ Թունճէլ Երեքշաբթի, Օգոստոս 25ին խորհրդարան փոխադրեց այն մտահոգիչ լուրը, թէ՝ Պոլսոյ հայաբնակ Գուրթուլուշ ու Էրիգիւղ թաղամասերուն մէջ, հայերու եւ յոյներու բնակած շէնքերուն վրայ կանաչ ու կարմիր խաչաձեւ պիտակներ փակցուած էին անծանօթներու կողմէ։ Երեսփոխանը ներքին գործոց նախարարին հարցագիր յղելով՝ հարց տուաւ, թէ որո՞նց կողմէ փակցուած էին այդ պիտակները։

 Երեսփոխանը դիտել տուաւ նաեւ, որ յիշեալ թաղամասերուն մէջ արդէն անհանգստացնելու կամ կողոպտելու պարագաներ կային քրիստոնեաներու նկատմամբ, իսկ հիմա անծանօթ շրջանակներ սկսած են յատուկ ցուցանիշներով ճշդել անոնց տուները։

 «Այսպիսի ընթացք մը միտքերու մէջ կը վերակենդանացնէ 6-7 Սեպտեմբերի (1955) դէպքերը, ու վախ կը պատճառէ թաղամասի հայ եւ յոյն հայրենակիցներուն», ըսած է երեսփոխանը՝ ներքին գործոց նախարարին ուղղելով հետեւեալ հարցումները.

 «Որո՞նց կողմէ կարմիր կամ կանաչ պիտակներ փակցուած են Գուրթուլուշի, Էրիգիւղի կամ Սամաթիոյ նման հայաբնակ թաղերու մէջ ապրող հայերու ու յոյներու շէնքերուն վրայ։ Ապահովութեան տնօրէնութիւնը որեւէ հարցաքննութիւն ըրա՞ծ է այս պիտակներուն ու վերջերս նոյն թաղերուն մէջ յաճախակի դարձած կողոպուտներուն մասին։ Եթէ ըրած է, ի՞նչ է արդիւնքը։ Ինչպիսի՞ միջոցառումներու մասին կարելի է մտածել, որպէսզի այս թաղամասերուն մէջ վերջ գտնեն նմանօրինակ մտահոգիչ արարքներ»։








All the contents on this site are copyrighted ©.