2009-08-28 14:27:40

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին մօտեցումը Եկեղեցւոյ եւ ընկերութեան։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին մօտեցումը Եկեղեցւոյ եւ ընկերութեան։
Վատիկանի պետական քարտուղարը խօսելով Սրբազան Քահանայապետի Չելսդեան լիակատար ներողութեան մասին, որ Նորին Սրբութիւնը արտօնեց Չելեսդլինօ Քահանայապետի ծննդեան 8րդ դարադարձին առթիւ ըսաւ. Ներումը եկեղեցւոյ ոյզն է յաղթահարելու չարին վրայ։ Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետը այս ընթացքը ընտրած է հրաւիրելու համար ժամանակակից մարդը վերաբացուելու Աստուծոյ։
Յայտնենք թէ Աքուլայի մէջ, այսօր, եկեղեցին կը յիշատակէ Ներումի օրը, ի յիշատակ Չելեսդինօ Քահանայապետին եւ հանրութիւնը կանչուած է պատասխանատուութեան ոգիով սատարելու ընկերութեան ներդաշնակութեան իրարու ներելով։
Սրբազան Քահանայապետի նախկին աշակերտներու տարեկան ժողովը նուիրուած առաքելութեան։



Օգոստոս 28-31 Գասթել Կոնտոլոֆօ քահանայապետական ամառանոցին մէջ տեղի կ' ունենայ Սրբազան Քահանայապետի նախկին աշակերտնեու տարեկան ժողովը նուիրուած առաքելութեան։ Ամառնային այս հանդիպումին այս տարի կը մասնակցին 42 աշակերտներ, որոնք ժամանակին իրենց տոքթորայի ուսումնասիրութիւնը պատրաստեցին վկայականը Ժոզէֆ Ռացինկերի հետ երբ Սրբազան հայրը դասախօս էր Գերմանիա, Ռադիսպոնա համալսարանի մէջ։ Ամառանային ս տարուայ դասընթացքին կը ներկայացուին երկու դասախօսութիւններ. առաջինը ''Առաքելութիւնը հեթանոսներու մօտ, անոր արդարացումը ու ներկայ եղանակը'', եկրորդը` ''Եկեղեցի եւ առաքլելութիւն երկախօսութեան մէջ մարդոց եւ զանազան կրօներու ու մշակոյթներու հետ''։ Ուսումնաժողովին մասնակցողներու մեծամասնութիւնը գերմանացի են, անոնց կարգին միշտ եղած է հայր Անտոն Սարոյեան` ժողովրդապետը Լոս Անջելոսի հայ կաթողիկէ հասարակութեան։ Օգոստոս 31ին, ուսումնաժողովին մասնակցողները ներկայ պիտի գտնուին Սրբազան պապի պատարագին։








All the contents on this site are copyrighted ©.