2009-08-28 14:27:53

Ակնարկ մը ազգային եւ միջազգային դէպքերուն


Նախագահ Սարգսեան կը ծանօթայ ՜՜Միասին՝՝ երիտասարդական հաւաքին աշխատանքներուն։

Հ Հ նախագահը՝ Սերժ Սարգսեան երէկ հիւրընկալեց Սեւանի ափին իրենց ճամբարը հաստատած՝ ՜՜Միասին՝՝ անուան երիտասարդական շարժումի՝ 500 ներկայացուցիչները։ Հայրենի նախագահը ծանօթացաւ ճամբարի առօրեային, պայմաններուն եւ զրուցեց հաւաքի մասնակիցներուն հետ։ Սերժ Սարգսեան հետաքրքրուեցաւ երիտասարդները յուզող խնդիրներով եւ պատասխանեց անոնց հարցումներուն։ Նաեւ՝պատրաստակամութիւն յայտնեց անհրաժեշտութեան պարագային կանգնելու շարժումին կողքին եւ աջակցելու անոր հետագայ գործունէութեան։ Երիտասարդական ճամբար-հաւաքը իր աշխատանքներուն սկսած էր 24 օգոստոսին՝ գլխաւոր նպատակ ունենալով բարեփոխումը եւ երկրին արդիականացումը։ Հաւաքին նպատակն է համախմբել կազմակերպուած եւ բանիմաց հայ երիտասարդները եւ անոնց ներուժը նպատակաուղղել պետութեան կայուն զարգացման։ Յայտնենք, որ նախանցեալ օր երկրին վարչապետն ու պաշտպանութեան նախարարը եւս այցելած էին Սեւանի ափ՝ ճամբարի աշխատանքներուն ծանօթանալու նպատակով։

ՊԱԿ իր գործադիր մարմինի վեց նոր անդամներ ընտրեց։ Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութիւնը (ՊԱԿ) երէկ իր գործադիր մարմինի վեց նոր անդամներ ընտրեց։ Պաղեստինեան ազգային խորհուրդը, որ ՊԱԿ-ի խորհրդարանն է, վերջին անգամ ընդհանուր ժողով գումարած էր 1996-ին եւ ՊԱԿ-ի գործադիր յանձնախումբի մահացած անդամներուն թափուր ձգած աթոռներուն նոր անդամներ կ'ընտրէր։ Գործադիր մարմնի ղեկավարը Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասն է։ Միջազգային համայնքը ՊԱԿ-ը կը ճանչնայ իբրեւ պաղեստինցի ժողովուրդի միակ եւ օրինական ներկայացուցիչը։

Թիֆլիս - Վրաստանի Փոթի քաղաքի դատարանը Պիուքեթ նաւուն ազրպէյճանցի նախկին նաւապետ Իլկար Իմանվերտիեւը իբրեւ նախնական քայլ երկու ամսուան բանտարկութեան դատապարտեց։ Այսպիսով, դատարանը դրական կերպով ընկալեց դատախազի գրասենեակի դիմումը, որ կը նշէ, թէ ազրպէյճանցի նախկին նաւապետը, փանամական դրօշը բարձրացուցած նաւուն նաւապետութիւնը ստանձնած շրջանին, իրերայաջորդ կերպով բռնաբարած է Վրաստանի ջրային տարածքը եւ մաքսանենգուած բեռով այցելած Աբխազիա։ Իմանվերտիեւ ձերբակալուած է Պաթումի մէջ՝ Սիերալիոնէի դրօշակը բարձրացուցած Էտիրնէ նաւուն վրայ իր անցագիրին ստուգումէն ետք։ Վրաստան նաւը տուգանքի ենթարկած է ջուրերու ապականման համար։ Տուգանքի վճարումէն ետք նաւը ազատ թողուած է։ Բայց եւ այնպէս Պիուքեթ նաւուն նախկին նաւապետը իր անցագիրին ստուգումէն ետք ձերբակալուած է։ Վրացի սահմանապահները գրաւած են թրքական նաւահանգիստէ մը դէպի Սոխումի մեկնող նաւը, եւ ձերբակալած անոր անձնակազմը, որ կը բաղկանայ 13 թուրք քաղաքացիներէ եւ 4 ազրպէյճանցիներէ։ Նաւը 2 թոն պենզին եւ 700 թոն մազութ կը փոխադրէր։












All the contents on this site are copyrighted ©.