2009-08-27 13:19:03

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը եւ վատիկանեան տեղեկութիւններ


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը եւ վատիկանեան տեղեկութիւններ



Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին պատգամը ազգային ծիսական 60րդ շաբթուան առթիւ։

Նորին սրբութիւնը իր պատգամին մէջ կը մաղթէ որ ծիսական խորհրդաժողովը սատարէ ծիսակատարութեան ապրումին եւ խորհրդակատարը ըլլայ Աստուծոյ, գթութեան թարգմանն ու վկան։ Այս տարուայ խորհրդաժողովին նիւթն է ''Աստուծոյ գթութեան մեծարանքը եւ Աստուծմէ ներողութիւն խնդրել''։ Աստուծոյ ժողովուրդին հովուութեան գլխաւոր աշխատանքը պէտք է ըլլալ խիղճերու կազմաւորումը։ Նորին Սրբութիւնը իր պատգամին մէջ կ'ընդգծէ անհրաժեշտութիւնը սուրբ եւ իմաստուն վարդապետներու, օրինակ տալով Արսի սուրբ ժողովրդապետը։
Նորին Սրբութիւնը լիակատար ներողութիւն կը շնորհէ Չելեսդինօ Քահանայապետի ծննդեան 8-րդ դարադարձին առթիւ։
Չելեսդինեան ներումի տօնին առթիւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Չելեսդինեան տարի հռչակած է Չելեսդինօ Քահանայապետի ծննդեան 8-րդ դարադարձին առթիւ։ Նորին Սրբութիւինը լիակատար ներողութիւն կը շնորհէ բոլոր այն հաւատացեալներուն որոնք Աքուիլայի եկեղեցին պիտի այցելեն չելեսդինեան տարւոյն ընթացքին։ Չելեսդինեան տարին կը սկսի Ներումի օրը, որ կը զուգադիպի օգոստոս 28ին։ Այդ օրուայ ծիսակատարութիւնը պիտի գլխաւորէ Վատիկանի պետական քարտուղար` կարտինալ Պերթոնէ։ Իտալիոյ վարչապետը, այս տարի կը ներկայացնէ երկրի քաղաքական իշխանութիւնը։
Իրաքի եպիսկոպոսներու հաշտութեան կոչը Պաղտատի մէջ վերջերս կատարուած մահափորձերու առիթով։
Իրաքի եպիսկոպոսները իրենց ուղղած կոչով կը հրաւիրեն միջազգային հասարակութիւնը օգնութեան հասնելու Իրաքին` ազատագրելու անոր բնակիչները բռնութեան պատուհասէն։







All the contents on this site are copyrighted ©.