2009-08-27 13:19:20

Ակնարկ մը ազգային եւ միջազգային դէպքերուն


Հայաստանի դեսպան Վահագն Մելիքեանի հանդիպումը Էմիրութիւններու Ազգային խորհուրդի նախագահի հետ։

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Մելիքեան չորեքշաբթի օրը այցելած է Էմիրութիւններու Ազգային խորհուրդի նախագահ Ապտել Ազիզ Ապտալլա Ղուրէյրին։ Հանդիպման ընթացքին դեսպան Մելիքեան Ղուրէյրին փոխանցած է Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի ուղերձ-հրաւէրը, որ շնորհակալութեամբ ընդունուած է Ղուրէյրի կողմէ։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են երկու երկիրներու խորհրդարաններու համագործակցութեան, միջխորհրդարանական բարեկամութեան խումբերու ստեղծման, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարները։ Ղուրէյրրիի խնդրանքով դեսպան Մելիքեան ներկայացուցած է Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւնները եւ շրջանային քաղաքականութիւնը։ Էմիրութիւններու Ազգային խորհուրդի նախագահը նշած է, որ ինք հետաքրքրուած է Հայաստանի հետ համակողմանի յարաբերութիւններու զարգացումով եւ անհրաժեշտ է քայլերու ձեռնարկել այդ ուղղութեամբ։

Եւրասիական զարգացման դրամատունը կը քննարկէ Հայաստանի մէջ հիւլէական նոր կայանի շինարարութիւնը ֆինանսաւորելու կարելիութիւնը։ Եւրասիական զարգացման դրամատունը միջազգային ելեւմտական կազմակերպութիւն մըն է, որ հիմնուած է Ռուսիոյ եւ Ղազախստանի կողմէ յունուար 2006-ին։ Անոր նպատակն է նպաստել դրամատան անդամ պետութիւններուն մէջ շուկայական տնտեսութեան զարգացումին։ Դրամատան կանոնագրային դրամագլուխը 1,5 միլիառ տոլար է։ Հայաստանը, Պիելոռուսիան եւ Տաճիկիստանը դրամատան անդամակցելու դիմումնագիր ներկայացուցած են եւ դեկտեմբեր 2008-ին ստացած են դրամատան խորհուրդի հաւանութիւնը։

Թեհերան - Իրան յայտարարած է, թէ յայտնաբերած է քարիւղի հսկայական հանք մը, որ շուրջ 9 միլիառ տակառ քարիւղի պահեստ ունի։

Իրանի քարիւղի նախարար Ղոլամ Հոսէյն Նոզարի յայտարարութեան մը մէջ յայտնած է, որ այս պահեստները յայտնաբերուած են պահեստի նոր խաւեր մինչեւ 5,026 մեթր փորելէ ետք, եւ այս հանքին մէջ պահեստի հաւանական քանակը կը նախատեսուի, որ 883 միլիառ թոն ըլլայ։ Նախարարը հանքին յայտնաբերումը նկատեց անցնող հինգ տարիներուն ընթացքին ամէնէն նկատառելի յայտնաբերումը։ Այս հանքին զարգացումը կրնայ երկրին մէջ քարիւղի արտադրութեան համեմատութեան բարձրացման մէջ ազդու դերակատարութիւն ունենալ, ըսաւ ան։

Եմենի ըմբոստները ետ մղած են կառավարական ուժերու յարձակումը։

Եմենի մէջ, ըմբոստներ յայտարարեցին, որ հիւսիսային նահանգի մը մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցած բուռն բախումներէն ետք ետ մղած են կառավարական ուժերու յարձակումը։ կառավարական աղբիւրներ հերքեցին այդ վարկածը՝ յայտնելով, որ բանակը բուռն բախումներէ եւ երկու կողմերէն արձանագրուած զոհերէ ետք գրաւած է ձոր մը։ Ըմբոստները անդամ են շիի իսլամութեան Զայիտի թեւին եւ սիւննի Եմենի մէջ ցեղախմբային փոքրամասնութիւն մը կը ներկայացնեն։ Վերջերս տեղի ունեցած բախումները խզեցին 2004-ին ըմբոստութեան սկսելէն ետք հաստատուած զինադադարը։ Մինչ Եմենի իշխանութիւնները Իրանը ամբաստանած են ըմբոստներուն օժանդակելու յանցանքով ։

Հայ Դատի Յանձնախումբը Կը Սգայ Թէտ Քենէտիի Մահը

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Չորեքշաբթի, Օգոստոս 26ին, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը իր ձայնը միացուց Ծերակոյտի երկարամեայ անդամ Թէտ Քենէտիի մահը սգացողներուն՝ մատնանշելով այն իրողութիւնը, որ 1962էն ի վեր ծերակուտականը եղած է Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու համար պայքարողներէն մէկը: «Ան եղած է անկախ Հայաստանի մը ջատագովը եւ նեցուկ կանգնած է Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին», կը յայտնէ Մէսէչուսէցի Հայ Դատի յանձնախումբի համա-ատենապետ Տիգրան Խալիկեան: Յիշեցնենք, թէ ծերակուտականին ջանքերով, Ծերակոյտի արդարադատութեան յանձնախումբը 6ի դէմ 8 քուէներով վաւերացուցած էր բանաձեւ մը, որ Ապրիլ 24, 1990ը դարձուցած էր «Հայկական Ցեղասպանութեան յիշատակման օր», հակառակ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Թուրքիոյ կառավարութեան ցուցաբերած ընդդիմութեան: Ապա ան տարիներով հովանաւորած է Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող բանաձեւերը եւ նամակներ յղած է ամերիկացի նախագահներուն՝ պահանջելով, որ ճանչնան Ցեղասպանութիւնը: Ան նաեւ զանազան ելոյթներ ունեցած է Ծերակոյտին առջեւ՝ դատապարտելով Արցախի ժողովուրդին դէմ Ատրպէյճանի իշխանութեանց գործադրած բռնութիւնները, նաեւ ապահոված էր Ատրպէյճանի զինուորական օժանդակութիւնները կասեցնող բանաձեւին վաւերացումը եւ այդ արգելքը պահելու համար աշխատանք տարած էր: Երեքշաբթիէն Չորեքշաբթի լուսցող գիշեր իր մահկանացուն կնքած է Թէտ Քենէտի, որ ուղեղի քաղցկեղէ կը տառապէր: Ան 77 տարեկան էր:Քենէտի պիտի թաղուի Արլինկթընի ազգային գերեզմանատան մէջ: 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.