2009-08-26 12:02:58

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը


Չորեքշաբթի 26 օգոստոս 2009,Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորներուն, Գասդել Կոնտոլֆոյի քահանայապետական ամառանոցին մէջ։ Սրբզ. Հայրը ներկաներուն իր խօսքը ուղղելով ըսաւ.

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Ուրախութեամբ կ'ողջունեմ բոլոր անոնք որոնք կը մասնակցին չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային այս ունկնդրութեան։ Ամառնային արձակուրդի աւարտին , կը հրաւիրեմ ձեզ գոհութիւն մատուցելու Տիրոջ մեզի շնորհած արարչագործութեան անգնահատելի գանձ-պարգեւին համար։ Բնութեան պաշտպանութիւնը եւ երկրի բարիքներուն ու կլիմայի պահպանումը , յանձնուած են մարդուն պատասխանատուութեան։

Այս պատասխանատուութեան համապատասխանելու համար, հարկ է որ միասնաբար կերտենք մարդկային ամբողջական բարգաւաճում մը, ներշնչուած՝ սիրոյ ու ճշմարտութեան արժէքներէն ի շահ այսօրուայ ու վաղուայ ժողովուրդներու բարիքին։

Այս խորհրդածութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը զանազան բարբառներով ողջունեց ներկաները խրախուսելով զանոնք որ մտերմութիւն հաստատեն Քրիստոսի հետ։

Եւ նախքան իր առաքելական օրհնութիւնը, Սրբազան Քահանայապետը հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն, յիշեցնլելով որ յառաջիկայ օրերուն Եկեղեցին կը յիշատակէ երկու մեծ սուրբերու՝ Սրբուհի Մոնիգային մայրը սուրբ Օգոստինոսին եւ Սուրբ Օգոստինոսին տօնը։ Երկրի վրայ անոնք ընտանեկան կապ ունէին իսկ երկինքի մէջ անոնք միասին կը վայելեն Աստուծոյ երանելի տեսութիւնը։ Անոնց օրինակը, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, թող խթանէ ամէնքս հետամուտ ըլլալու աւետարանական ճշմարտութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.