2009-08-26 12:10:02

Ակնարկ մը ազգային եւ միջազգային դէպքերուն


Հիւսիսային Քորէա Օպամայի աւագ պատուիրակները հրաւիրած է Փիոնկեանկ՝

Հիւսիսային Քորէան Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի աւագ պատուիրակները Փիոնկեանկ՝ հրաւիրած է, երկու երկիրներուն միջեւ հիւլէական թղթածրարով առաջին բանակցութիւնները վարելու համար։ Նկատի ունենալով Փիոնկեանկի վերջերս կատարած հաշտուողական քայլերը, ամերիկացի դիւանագէտները թերեւս կրնան իրենց այցելութեան ընթացքին հանդիպում ունենալ Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Եոնկ Իլի հետ։

Միւս կողմէ՝ Սէուլի կառավարութեան մէջ վերամիացման նախարարութեան բանբեր Չուն Հէ Սունկ յայտնեց, որ Փիոնկեանկ երէկ ընդունեց չորեքշաբթիէն ուրբաթ անջատուած ընտանիքներու հանդիպումներու նոր հանգրուան մը կազմակերպելու Կարմիր խաչի բանակցութիւններ կատարելու Հարաւային Քորէայի առաջարկը։

Ան ըսաւ, թէ հիւսիսը նաեւ վերականգնած է Փանմունճոմ սահմանային գիւղին ճամբով հեռաձայնի ուղղակի գիծը։



Կազա - Օդային յարձակումի մը պատճառով երեք պաղեստինցիներ սպաննուած են եւ եօթը ուրիշներ վիրաւորուած։

երէկ Կազայի եւ Եգիպտոսի միջեւ մաքսանենգման համար օգտագործուող փապուղիի մը դէմ օդային յարձակումի մը պատճառով երեք պաղեստինցիներ սպաննուած են եւ եօթը ուրիշներ վիրաւորուած, այսպէս յայտնած է Պաղեստինեան առողջապահութեան նախարարութենէն պաշտօնատար մը։ Սպաննուած եւ վիրաւորուած պաղեստինցիները փապուղիին մէջ գտնուող մաքսանենգներ էին։

Իսրայէլեան բանակի յայտարարութիւն մը նշեց, որ իսրայէլեան օդուժին յարձակումը երկուշաբթի օր իսրայէլացի զինուոր մը վիրաւորած հարաւային Իսրայէլի դէմ հրասանդային յարձակումի մը հակադարձութիւնն էր։

Իսրայէլեան կառավարութիւնը խոստացած է իւրաքանչիւր յարձակումի հակադարձել զինուորական գետնի վրայ։

Իսրայէլեան բանակը յայտնեց, որ 18 յունուարին Կազայի դէմ երեք շաբաթ տեւած պատերազմին աւարտէն ի վեր Կազայէն Իսրայէլի դէմ 220 հրթիռ արձակուած է։



Պրզեզինսքի ՕԹԱՆ-ի խորհուրդ կու տայ փոխելու արտաքին քաղաքականութիւնը ։ Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Ճիմի Քարթըրի ազգային ապահովութեան խորհրդական, յայտնի քաղաքագէտ Զպիկնիւ Պրզեզինսքի ՕԹԱՆ-ի խորհուրդ կու տայ փոխելու արտաքին քաղաքական ուղեգիծը եւ ընդլայնելու գործակցութիւնը Ռուսիոյ եւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան երկիրներուն հետ։

Ամերիկացի քաղաքագէտին կարծիքով, Ուաշինկթըն այսօր կանգնած է բարդ խնդիրներու լուծման առջեւ, որոնցմէ ամէնէն բարդը Աֆղանիստանն է։ Պրզեզինսքիի կարծիքով, առանց Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան հետ համագործակցութեան, ՕԹԱՆ ի վիճակի չէ լուծել որեւէ բարդ խնդիր, առաւել եւս Աֆղանիստանի մէջ գոյութիւն ունեցող խնդիրները։

Յայտնենք թէ ՕԹԱՆ-Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան համագործակցութեան պարագային կը բարձրանայ շրջանին մէջ կազմակերպութեան միակ անդամ Հայաստանի դերը՝ դուրս մղելով Վրաստանն ու Ազրպէյճանը։



Ձեւաւորուած է հայկական կայքերու անվտանգութեան խումբ մը ։

Վերջերս ատրպէյճանական հաքըրներուն կողմէ իրականացուած խիստ կազմակերպուած՝ միաժամանակ, մի քանի երկիրներէ քաղաքական բնոյթի յարձակումը հայկական քանի մը կայքէջերու վրայ, առիթ հանդիսացած է, որ ձեւաւորուի հայկական կայքերու անվտանգութեան խումբ, որուն մէջ ընդգրկուելու փափաք յայտնած է 75 մասնագէտ, լրագրող եւ սովորական մարդ։ Խումբը, իր քննարկումներուն ընթացքին, որոշած է մշակել ստուգող ցանկ մը, որուն պահանջներուն պէտք է համապատասխանեն կայքէջերը։

Ըստ Smart Systems ընկերութէան տնօրէն Ստեփան Ասլանեանի, արդիւնքները շօշափելի պիտի ըլլան շատ շուտով։ ՜՜Կայքը պէտք է անվտանգ լինի, ըսած է ընկերութեան տնօրէնը մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, աւելցնելով՝ անվտանգ լինելը ինչ որ գործողութիւնների հերթականութիւն է ։ Մեր խնդիրն է քննարկել ու կարգաւորել այդ գործողութիւնների հերթականութիւնը եւ գտնել լուծում, որը առաւելագոյն արդիւնաւէտ ու օգտակար կը լինի՝՝ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.