2009-08-25 13:34:42

Լուրեր հայ աշխարհէն- Խաչատուր Աբովեանի ծննդեան 200-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւններ


Լուրեր հայ աշխարհէն

Խաչատուր Աբովեանի ծննդեան 200-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւններ

Խաչատուր Աբովեանի տուն-թանգարանի տնօրէն Յովհաննէս Զատիկեանի հաւաստումով, Օգոստոսի վերջը պիտի կայանայ արեւելահայ նոր գրականութեան հիմնադիր Խաչատուր

Աբովեանի ծննդեան 200-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւններուն շարքը։

Ըստ իրեն, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի գլխաւորութեամբ ստեղծուած կառավարական յանձնաժողովը արդէն յստակեցուցած է տօնակատարութիւններուն ծրագիրը, որոնք բազմաբովանդակ են։ Նշենք, որ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ կան 10 դպրոցներ, որոնք կը կրեն Խաչատուր Աբովեանի անունը։ Յովհաննէս Զատիկեանի խօսքով, իրենք շահագրգռուած են այդ դպրոցներուն ներկայացուցիչներուն մասնակից դարձնելու կայանալիք տօնակատարութիւններուն։ Դա կ'օգնի աւելի լաւ ճանաչելու մեծ հայ Խաչատուր Աբովեանին, նշեց Յովհաննէս Զատիկեան։ Տօնակատարութիւններուն փակումը տեղի պիտի ունենայ Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի Ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ, Հոկտեմբերին։



Կը հրատարակուի Հայկական Հեքիաթներու ՜՜Աշխարհ՝՝ ժողովածուն ։

Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութեան համահայկական ծրագիրներու վարչութեան մշակութային, մարմնակրթութեան եւ երիտասարդական ծրագիրներու բաժնի պետ Նատիա Անտոնեան յայտնեց, որ հայկական ժողովրդական, արեւելահայ եւ արեւմտահայ հեղինակներու ստեղծագործութիւններ ընդգրկող ՜՜Հայկական Հեքիաթների Աշխարհ՝՝ ժողովածուն կազմելու եւ արեւմտահայերէնի վերածելու աշխատանքները արդէն աւարտած են, ուստի ժողովածուն յանձնուած է տպագրութեան եւ շուտով լոյս պիտի տեսնէ։ Ծրագիրը իրականացուած է Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութեան ՜՜Սփիւռքահայ երեխաների համար մանկական հրատարակութեան նիւթերի նախապատրաստում՝՝ անունով պետական ծրագիրի ծիրէն ներս։ Ըստ Նատիա Անտոնեանի, նաեւ կազմուած է հայկական առակներու եւ ասացուածքներու նիւթ մը, որ կը ներառէ ժողովրդական եւ հայ դասականներու ստեղծագործութիւններէն քաղուած առակներ ու ասացուածքներ։ Ասիկա նոյնպէս վերածուած է արեւմտահայերէնի եւ շուտով պիտի հրատարակուի։

Նատիա Անտոնեան յայտնած է, որ նշուած ժողովածուներու հրատարակման նպատակն է ՜՜սփիւռքահայ երեխաներուն մէջ արմատաւորել ազգային բարոյական, գեղագիտական եւ հոգեբանական արժէքներ, ինչպէս նաեւ ամուր հիմերու վրայ դնել հայապահպանութեան գործընթացը՝՝։

Ուրուկուայի ՜՜Արաքս՝՝ հայկական ձայնասփիւռը երկու տարեկան է

Համերգ' նուիրուած «Արաքս»ի Բ. Տարեդարձին

 16 Օգոստոսին Ուրուկուէյի «Արաքս» հայկական ձայնասփիւռի հաղորդումը տօնած է եթերի իր երկրորդ տարեդարձը:

 Այս աղթիւ Մոնթէւիտէոյի «Սիտառօսա» համերգասրահին մէջ, աւելի քան 500 հանդիսատես ունկնդրած է Հայաստանի մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ, «Տարօն» մանկական երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավար Գէորգ Չաքմանեանը եւ Ուրուկուէյի «Երեւան 50» նուագախումբը, որոնց միացած են Արժանթինի «Մասիս» պարախումբին անդամները: եւ յաջորդ օրը նոյն սրահին մէջ տեղի ունեցած է այլ համերգ մը՝ «Ներսէսեան», «Նուպարեան-Ալէք Մանուկեան» երկու հայկական, եւ տեղական «Արմէնիա» դպրոցներու ուսանողներուն համար, հայ ժողովրդական երգի հանդէպ երեխաներուն մէջ սէր սերմանելու նպատակով:

 Գէորգ Չաքմանեանի այցելութեան առիթով «Արաքս» ձայնասփիւռի կայանը ձեռնարկած է յատուկ երաժշտական հաղորդումներու, որոնց մէկուն ընթացքին Երեւանէն, հեռախօսի միջոցով իր մասնակցութիւնը բերած է երգչուհի Ալլա Լեւոնեանը, իսկ միւս հաղորդումներուն ընթացքին ներկայացուած է Հայաստանի ժողովրդական երգիչներ Օֆելիա Համբարձումեանի եւ Ռուբէն Մաթեւոսեանի գործունէութիւնը:












All the contents on this site are copyrighted ©.