2009-08-25 13:34:26

Ակնարկ մը ազգային եւ միջազգային դէպքերուն

 


Իրան կը յայտնէ թէ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան հետ կը գործակցի։

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտնեց, որ Իրան պիտի շարունակէ գործակցիլ ՄԱԿ-ի Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան հետ՝ այդպիսով հաստատելով այն լուրը, որ Թեհրան մէկ տարիէ ի վեր արգելակելէ ետք գործակալութեան քննիչներուն աշխատանքը, անոնց արտօնած է այցելել հիւլէական հնոց մը։ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութիւնը այս շաբաթ Իրանի հիւլէական ծրագիրին վերաբերեալ տեղեկագիր մը պիտի հրապարակէ։ Անցեալ շաբաթ գործակալութեան մէջ ծառայող դիւանագէտներ յայտնեցին, որ Իրան գործակալութեան արտօնած է Արաք հնոցը քննելու։

Պատասխանելով քննիչներու Արաք այցելութեան եւ գործակալութեան հետ Իրանի յարաբերութեան բարելաւման մասին հարցումի մը՝ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հասան Քաշքաւի լրագրողներուն յայտնեց, որ մեր հիւլէական բոլոր գործունէութիւնները գործակալութեան եւ հիւլէական ուժանիւթի տարածման դէմ ուխտի ծիրին մէջ եղած են։ Պարատէի գործակալութեան հետ Իրանի գործակցութիւնը միշտ հաստատած է։ Այս ընթացքը ապագային պիտի շարունակուի։ Վերջերս այն ինչ որ հաղորդուած է, նոյն ծիրին մէջ է։

Քաշքաւի ըսաւ, թէ Արեւմուտքը պէտք է վերակենդանացնէ Իրանի նկատմամբ իր մօտեցումը եւ փոխան պատժամիջոցներու խորհրդակցութիւններու պէտք է դիմէ։ Ան ընդգծեց, որ նմանօրինակ պատժական քայլեր չեն կրնար Իրանի հիւլէական գործունէութիւնը կասեցնել։



Թուրքմենիստանի նախագահը Թուրքիան որպէս ռազմավարական գործընկեր կը յայտարարէ։



Թուրքիա իր այցելութեան նախօրեակին, Թուրքմենիստանի նախագահ Պերտիմուհամետով իր երկրին եւ Թուրքիոյ միջեւ հասարակաց գիծերը շեշտած է եւ Թուրքիան իր երկրին ռազմավարական գործընկերը յայտարարած է։ ապա ան ընդգծած է թէ Թուրքիան մեզի համար եղբայրական երկիր մըն է ։

Ան փափաք յայտնած է երկու երկիրներուն միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ այլազանութիւն յառաջացնելու։ Երկու երկիրներուն միջեւ պատմական յարաբերութիւնները, որոնք դարերէ ի վեր կը շարունակուին, ինչպէս նաեւ յարաբերութեանց մէջ տնտեսական կարողականութիւնը պիտի ծառայէ այդպիսի այլազանութեան։



Նալբանդեան կ'ընդունի Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ նոր նշանակուած դեսպանը

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ ստանձնեց Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ նոր նշանակուած դեսպան Վիաչեսլաւ Քովալենքոյի հաւատարմագիրներու պատճէնը կը հաղորդէ Հայաստանի Հանրային ռատիոն։ Նախարար Նալբանդեան նշեց, որ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ հաստատուած փոխըմբռնումը, փոխադարձ վստահութիւնը եւ սերտ համագործակցութիւնը լաւ հիմք կը ստեղծեն դաշնակցային յարաբերութիւններու եւ ռազմավարական համագործակցութեան յաւելեալ ամրապնդման համար։

Դեսպան Քովալենքօ իր կարգին գոհունակութիւն յայտնեց հայ-ռուսական յարաբերութիւններու ներկայ բարձր մակարդակին առնչութեամբ։

Ան նշեց, որ պաշտօնավարութեան ընթացքին իր ամէն կարելին պիտի ընէ ներկայ փոխադարձ գործակցութեան ամրապնդման եւ տարբեր մարզերու մէջ երկկողմանի համագործակցութեան յաւելեալ զարգացման ուղղութեամբ։

 





 








All the contents on this site are copyrighted ©.