2009-08-24 12:39:00

Ծիսական ժամանակացոյց

Կիրակի 22 Օգոստոսէն Շաբաթ 28 Օգոստոս 2009։


Կիրակի 22 Օգոստոսին Ս. Աստուածածնայ վերափոխման Ը օրն է

Երեքշաբթի 24 Օգոստոսին Հայ եկեղեցին կը յիշատակէ Ս. Աստուածածնայ ծնողքին Յովակիմի եւ Աննայի տօնը ինչպէս նաեւ Իւղաբեր կիներու տօնը։

Նոր Կտակարանի սուրբերու շարքը կը բացուի այր եւ կին ՜՜Յովակիմ եւ Աննայի՝՝ այս երկու արդար հոգիներով։ Իրենց մասին տեղեկութիւնները կը գտնենք ՜՜Նախաւետարան՝՝ կամ ՜՜Գիրք Յակոբայ՝՝ կոչուած գրութենէն մը։ Ըստ այս գրքին՝ Յովակիմ Դաւթի ցեղէն՝ բարեպաշտ եւ մեծահարուստ մարդ մըն է. իսկ Աննա քահանայական տունէ՝ համեստ եւ երկիւղած կին մը։

Օր մը Յովակիմ երբ Աստուծոյ Տաճարին մէջ ընծայ կը մատուցանէր ուրիշներու հետ, պաշտօնի վրայ եղող քահանան ըսաւ անոր որ ինք պարտաւոր էր ամէնէն վերջը ներկայանալ քանի որ զաւակ չունէր։ Ասկէ մեծապէս վիրաւորուած Յովակիմ կը ձգէ տաճարը եւ ուղղակի լեռ կը բարձրանայ իր հովիւներուն հետ։ ՜՜Ան միտքը կը դնէ տուն չվերադառնալ, ոչ ուտել եւ ոչ ալ խմել մինչեւ որ Աստուած այցելեր իրեն. Աղօթքը դարձնելով իրեն ՜՜Կերակուր՝՝ եւ արցունքը ՜՜Ըմպելի՝՝։

Աննա իմանալով իր ամուսնոյն տունէն հեռանալը ինք եւս սուգի զգեստ հագաւ եւ ինքզինք աղօթքի եւ ապաշխարանքի տուաւ։

Օր մը Աննա երբ պարտէզ իջած էր աղօթելու համար, աչքերը վեր առաւ եւ տեսաւ թռչունները որոնք բոյն շինած իրենց ձագուկները կը կերակրէին. այս տեսարանէն Աննային սիրտը փղձկեցաւ եւ ըսաւ Աստուծոյ լալով. ՜՜Վայ ինծի, թռչուններէն անգամ վար մնացի. անոնք ձագուկներ ունին եւ ես զրկուած եմ զաւկի շնորհէն՝՝. ու այսպէս երկար աղօթեց լալահառաչ։ Այն ատեն Տիրոջ հրեշտակը երեւցաւ Աննային եւ ըսաւ անոր որ լսուած էին իր աղօթքները եւ ահա Աստուած իրեն մանուկ մը պիտի շնորհէր, որուն անունը ամբողջ աշխարհ պիտի տարածուէր։ Աննա ուխտեց որ եթէ զաւակ մը ունենայ, ըլլայ մանչ թէ աղջիկ, զայն Աստուծոյ պիտի ընծայէր։

Աննա յղացաւ (կը կարդանք Ս. Գրութեան մէջ) ու ծնաւ հրեշտականման մանուկ մը, զոր կոչեցին Մարիամ՝ որ կը նշանակէ ՜՜լուսաւորեալ՝՝ քանի որ նորածինը՝ լոյսի պէս աղջնակ մըն էր, ՜՜որով օրհնուեցան բոլոր ազգերը՝՝։ Յովակիմ եւ Աննա Մարիամը Աստուծոյ ընծայեցին, կաթէն կտրուելէն ետք։ Ըստ աւանդութեան Յովակիմ չէ տեսած իր թոռնիկը՝ Յիսուս Մանուկը. իսկ Աննա տեսած, երջանկացած ու կարճ ժամանակ ետք վախճանած է խաղաղութեամբ։



Հինգշաբթի 27 Օգոստոսին տօնն է Ս.Բաբել հայրապետին եւ իր երեք աշակերտներուն։

Բաբելոս եպիսկոպոս անտիոքի որ արգիլեց կայսրը եկեղեցի մտնելէ մինչեւ որ հրապարակաւ չզղջայ իր տուած մահապատիժի անիրաւ մէկ վճիռին համար։ Եւ այս պատճառաւ Բաբել հայրապետը չարչարուելով սպաննուեցաւ Դեկոսի օրով։ Իրմէ քիչ առաջ իր աչքին առջեւ խողխողուեցան իր երեք պատանի աշակերտները՝ Ուրբանոս, Պռիլիդիանոս եւ Եպղոնիոս, որոնք եղբայրներ էին. նաեւ նոյն մահապատիժին ենթարկուեցաւ իրենց մայրը Թէոդուլիան։



Շաբաթ 29 Օգոստոսին տօնն է Երեմեայ մարգարէին։

Երեմիա ծնած է Ն.Ք. 650-ին Անաթովթ գիւղը։ Ան գործած ու քարոզած է Երուսաղէմի մէջ։ Հակառակ երիտասարդ տարիքին կանչուած ըլլալուն, ան ուժգնօրէն եւ սրտովին կապուեցաւ իր մարգարէական կոչումին, հրաժարելով ընտանիք կազմելու պատաւորութենէն եւ կեանքի բոլոր հաճոյքներէն։ Երեմեայ ախոյեան էր ընկերային արդարութեան եւ ճշմարիտ աստուածպաշտութեան ։ Տեսնելով իր ժողովուրդը անդառնալիօրէն մոլորած՝ եւ նախատեսելով անոնց գլխուն գալիք չարիքները յաճախ ինքզինք կու տար լացի եւ ողբի։ Սերտ նմանութիւններ կան իր եւ Յովբի միջեւ։

Երեմեայ հանդերձ այս բոլորին իր ամբողջ կեանքի ընթացքին ու վիշտերու ժամանակ սերտօրէն ու շարունակաբար ՜՜ինքզինքը կապուած զգաց Աստուծոյ հետ՝՝։

՜՜Իր նախատեսութիւնը Երուսաղէմի, եւ իր լացը անոր վրայ, ու մանաւանդ՝ իր տառապանքները եւ վիշտերը իր ժողովուրդին համար, եւ հուսկ՝ անոնցմէ քարկոծուելով մեռնիլը՝՝ յարմարապէս զինք կը կացուցանեն ՜՜նախատիպը Քրիստոսի՝՝։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.