2009-08-23 09:05:21

կիրակնօրեայ աւետարանական ընթերցում։

Կիրակի, 23 օգոստոս, 8րդ օր Աստուածածնայ վերափոխման։

ընթերցում ս. Ղուկասի Աւետարանի. առաջին գլուխ 26-38 համարները


կիրակնօրեայ աւետարանական ընթերցում։

Կիրակի, 23 օգոստոս, 8րդ օր Աստուածածնայ վերափոխման։

ընթերցում ս. Ղուկասի Աւետարանի. առաջին գլուխ 26-38 համարները

26 Վեցերորդ ամսոյն, Աստուծոյ կողմէ, Գաբրիէլ հրեշտակը ղըրկուեցաւ Գալիլիայի մէկ քաղաքը, որ Նազարէթ կը կոչուէր, 27 կոյսի մը, որ Դաւիթի տունէն, Յովսէփ անունով մարդու մը հետ նշանուած էր եւ կոյսին անունն էր՝ Մարիամ։ 28 Անոր քով գալով՝ ըսաւ Ուրախացիր, ո՜վ շնորհազարդ (Կոյս) , քեզի հետ է Տէրը։ 29 Այս խօսքերուն վրայ (Մարիամ) խռովեցաւ եւ մտքէն մտածելու սկսաւ, թէ Ինչպիսի՞ ողջոյն կրնայ ըլլալ այս։ 30 (Բայց) հրեշտակը ըսաւ անոր Մի՛ վախնար Մարիամ, որովհետեւ շնորհք գտար Աստուծոյ քով 31 ահա, պիտի յղանաս, որդի մը պիտի ծնիս եւ Յիսուս պիտի դնեն անոր անունը։ 32 Մեծ մէկը պիտի ըլլայ ան եւ Բարձրեալի Որդի պիտի կոչուի Տէրն Աստուած՝ անո՛ր պիտի յանձնէ անոր հօր, Դաւիթի ահը, յաւիտեա՛ն պիտի թա աւորէ Յակոբի տան վրայ, 33 եւ վե՛րջ պիտի չունենայ անոր թա աւորութիւնը։ 34 Մարիամ՝ հրեշտակին ըսաւ Ինչպէ՞ս պիտի կատարուի այդ ինծի, քանի որ այր մարդ չեմ գիտեր։ 35 Հրեշտակը պատասխանեց եւ ըսաւ անոր Սուրբ Հոգին պիտի գայ քու մէջդ եւ Բարձրեալի զօրութիւնը հովանի պիտի ըլլայ վրադ, որովհետեւ սուրբ է ան, որ քեզմէ պիտի ծնի եւ Աստուծոյ Որդի պիտի կոչուի։ 36 Ահա, ազգականդ, Եղիսաբեթ ալ յղի է իր այս ծերութեան օրերուն եւ վեցերորդ ամիսին մէջն է արդէն, որուն համար ամուլ է կ'ըսէին, 37 որովհետեւ անկարելի բան՝ չկա՛յ Աստուծոյ համար։ 38 Մարիամ ըսաւ Ահա, աղախինն եմ ես Տիրոջ, ինչպէս ըսիր՝ այնպէ՛ս թող ըլլայ ինծի։ Եւ հրեշտակը գնաց անոր քովէն։







All the contents on this site are copyrighted ©.