2009-08-22 12:11:03

Սփիւռքի նախարարի մասնակցութիւնը Լեհաստանի հայկական համայնքային կազմակերպութեանց հիմնադիր համագումարի աշխատանքներուն։


Սփիւռքի նախարարի մասնակցութիւնը Լեհաստանի հայկական համայնքային կազմակերպութեանց հիմնադիր համագումարի աշխատանքներուն։

Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան մասնակցեցաւ Լեհաստանի հայկական համայնքային կազմակերպութիւններու հիմնադիր համագումարի աշխատանքներուն, այսպէս կը տեղեկացնէ Հ Հ Սփիւռքի նախարարութեան մամլոյ եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը։

Նշենք, որ լեհահայ համայնքը տակաւին 15-րդ դարէն երկրի բարձրագոյն ատեանին մէջ պաշտօնապէս ճանչցուած համայնք է. ոչ պաշտօնական տուեալներով՝ այսօր Լեհաստանի մէջ կը բնակին 25-30 հազար հայեր։

Կրիֆիցէ քաղաքին մէջ հայկական 21 համայնքային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ Լեհաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան աջակցութեամբ տեղի ունեցած Լեհաստանի հայկական համայնքային կազմակերպութիւններու հիմնադիր համագումարին ընթացքին, քննարկուեցան Լեհաստանի հայկական համայնքային կազմակերպութիւններու հիմնախնդիրները եւ զարգացման հեռանկարները եւ Հայաստան - Սփիւռք գործակցութեան զարգացման հայեցակարգը։

Լեհաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Գալոյեան եւ Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան զեկուցումներ ներկայացուցին, ապա աշխուժ եւ բուռն քննարկումներ տեղի ունեցան։ Համագումարը ընտրեց 21 անդամներէ բաղկացած համայնքի ղեկավար մարմին մը՝ խորհուրդը։ Համայնքի նախագահ ընտրուեցաւ գործարար Կարէն Յովսէփեան։

Հրանուշ Յակոբեան այցելեց Քոլոպժեք եւ Քոշալին քաղաքները, ուր հանդիպում ունեցաւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։

Նախարարին կուղեկցէին դեսպան Աշոտ Գալոյեան եւ Լեհաստանի հայկական համագումարի նախագահ Կարէն Յովսէփեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.