2009-08-21 13:20:56

Լուրեր քրիստոնեայ եւ հայ աշխարհէն։



Հիւսիսային Ամերիկայի Երեք Թեմերու Առաջնորդներու Հանդիպում


Հիւսիսային Ամերիկայի Երեք Թեմերու Առաջնորդներու Հանդիպում

Օգոստոս 19-20ին, Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան եւ Արեւմտեան թեմերու, նաեւ Քանատայի թեմի երեք առաջնորդները՝ Օշական արքեպիսկոպոս (Արեւելեան թեմ), Մուշեղ արքեպիսկոպոս (Արեւմտեան թեմ) եւ Խաժակ արքեպիսկոպոս (Քանատայի թեմ), հերթական յատուկ հանդիպում մը ունեցան Քանատայի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանէն ներս։

Երեք առաջնորդները քննարկեցին թեմերը յուզող հասարակաց հարցեր, որոնեցին փոխյարաբերութիւնները սերտացնող նորանոր միջոցներ եւ պատրաստեցին թեմերու կեանքին առնչուած հոգեւոր, վարչական, տնտեսական, կազմակերպչական, յարաբերական հարցեր շօշափող ծրագիրներ, ինչպէս եւ թեմերու եկեղեցիներուն հետ կապուած ծիսական, դաստիարակչական, կենցաղային ու բարեկարգութեանց հետ կապուած հարցերու թղթածրարներ, որոնք պիտի քննարկուին յառաջիկայ Նոյեմբերին, Անթիլիասի մէջ կայանալիք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կրօնական եւ քաղաքական ժողովներուն՝ երեք թեմերուն հետ հանդիպման ընթացքին։



Սարկաւագական Ձեռնադրութիւն Պըրպէնքի Մէջ

Կիրակի, Օգոստոս 23ի առաւօտեան, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան պիտի պատարագէ եւ քարոզէ Պըրպէնքի ծուխին մէջ: Պատարագի ընթացքին պիտի ձեռնադրէ երկու նոր սարկաւագներ:



Լիբանանի Առաքելոց երգչախումբը Քեսապի մէջ։

Իր հիմնադրութենէն շուրջ տարի մը ետք Լիբանանի հայոց թեմի Առաքելոց երգչախումբը այս շաբաթավերջին պիտի ուղղուի Քեսապ՝ քեսապահայութեան ներկայացնելու մեր եկեղեցւոյ հոգեւոր գանձերէն պատառիկներ եւ մեր շարականներէն գեղեցիկ փունջ մը։

Համերգը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 22 օգոստոս 2009-ի երեկոյեան, Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։ Իսկ կիրակի, 23 օգոստոսին, Ս Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ երգչախումբը պիտի երգէ Կոմիտասի պատարագը։











 








All the contents on this site are copyrighted ©.