2009-08-21 13:20:44

Ակնարկ մը ազգային եւ միջազգային դէպքերուն։


Սկովտիան ազատ արձակեց Լոքըրպիի ականահարման հեղինակը

Հակառակ ամերիկեան այն բողոքներուն, թէ 270 անձերու մահուան պատասխանատու դարձած անձի մը նկատմամբ գութ պէտք չէ ցուցաբերուի, Սկովտիա երէկ գթասրտութեան հիմամբ ազատ արձակեց Լոքըրպիի ականահարման հեղինակը, որ մահացու հիւանդութենէ մը կը տառապի, այդպիսով անոր արտօնելով Լիպիոյ մէջ մահանալ։

Արդարութեան նախարար Քենի Մաքասքիլ յայտնեց, որ Ապտել Պասեթ Մեկրահիի առողջական վիճակը վատթարացած է։ Ան ցմահ բանտարկութեան վճիռին միայն ութ տարին ամբողջացուցած էր, սակայն Մաքասքիլ յայտնեց, որ սկովտիական արժէչափերը իրեն կը ստիպեն ազատ արձակել զինք։

Մաքասքիլ նշեց, որ մեր հաւատքը կը թելադրէ, որ արդարութիւն գործադրուի, սակայն ողորմութիւն ցուցաբերուի, ըսաւ Մաքասքիլ՝ վճռելով, որ Մեկրահի ազատ արձակուի գութի հիմամբ եւ անոր արտօնուի մահանալու համար Լիպիա վերադառնալ։

Կարգ մը ցաւեր երբեք չեն կրնար դարմանուիլ, կարգ մը սպիներ երբեք չեն մարիր։ Անոնք, որոնք կորուստ ունեցած են, կարելի չէ սպասել որ մոռնան, ուր մնաց ներենբայց եւ այնպէս, պրն Մեկրահի ներկայիս աւելի բարձր իշխանութենէ վճիռ մը կը դիմագրաւէ, ըսաւ ան։

Սպիտակ տունը ցաւ յայտնեց Մեկրահիի ազատ արձակման համար եւ պնդեց, որ Մեկրահի պէտք էր իր դատավճիռը ամբողջացնէր Սկովտիոյ մէջ։



Թեհերան - Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետը Սուրիոյ հետ իր երկրին դաշինքը Միջին Արեւելքի մէջ դիմադրութեան խորհրդանիշ նկատեց՝ ջանալով ամրապնդել կարեւոր դաշինք մը, մինչ Թեհրան յետընտրական խռովարարութեանց հարցով քննադատութիւններ կը դիմագրաւէ։

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ, որ Թեհրան կ'այցելէ, այդ դիմադրութեան գործնական օրինակը տուաւ՝ Իրանի մէջ ընտրութիւններէն ետք ցոյցեր գրգռելու յանցանքով ամբաստանելով օտար երկիրներ։ Անոր խօսքերը շատ հաւանաբար յուսախաբ ընեն Օպամայի վարչակազմը, որ Սուրիան Իրանէն հեռացնելու դիւանագիտական ջանքերը աշխուժացուցած է։

Խամենէի ողջունեց Իրանի, Սուրիոյ, Իրաքի եւ Թուրքիոյ միջեւ դաշինք մը ստեղծելու սուրիական առաջարկ մը։ Այդպիսի դաշինք մը կը համընկնի շրջանի շահերուն հետ, ըսաւ Խամենէի։



Փաքիստան-Փաքիստանի թալեպաններու ղեկավարի տեղակալ Ֆաքիր Մոհամետ յայտնեց, որ ժամանակաւորապէս ստանձնած է շարժումին ղեկավարութիւնը, քայլ մը, որ հաւանաբար թալեպաններու ղեկավար Պայթուլլա Մեհսուտի սպանութենէն ետք զինեալ տարբեր հատուածներու միջեւ վիհեր յառաջացնէ։

Փաքիստանի թալեպան շարժումը 10-20 հազար զինեալներ ունեցող 13 խմբաւորումներու թոյլ դաշինք մըն է, որուն մէջ միայն Մեհսուտ ղեկավար կը նկատուի։

Փաքիստանի թալեպաններու պառակտումը փաքիստանեան կառավարութեան համար մեծ յաջողութիւն մը կրնայ ըլլալ եւ կրնայ զինեալներուն կողմէ Փաքիստանի մէջ համակարգուած յարձակումներ գործելու կարողութիւնը ջլատել։



Փեքին - Չինաստանի պետական Քսինհուա լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ 1354 մանուկներ կեդրոնական Չինաստանի մէջ կապարի թունաւորումով հիւանդացած են, ինչ որ այս ամսուան ընթացքին բազմաթիւ մանուկներու կապարով թունաւորման երկրորդ նմանօրինակ պարագան է։

Լրատու գործակալութիւնը նշեց, որ 1354 մանուկներ կամ քննութեան ենթարկուած մանուկներուն 70 առ հարիւրը, որոնք Հունան նահանգի Ուենփինկ գիւղաքաղաքին մէջ գտնուող մանկանեզի մշակման գործարանի մը մօտ կը բնակին, իրենց արիւնին մէջ կապարի բնականէն աւելի համեմատութիւն ունին։

Քսինհուա ընդգծեց, որ տեղական իշխանութիւնները անցեալ շաբաթ փակած են Հունանի մէջ գտնուող ձուլարանը եւ կենսոլորտային սուր ապականում պատճառելու կասկածներով ձերբակալած են երկու վարչականներ։ Ընդհանուր տնօրէն Լիու Զոկվու փախուստ տուած է։

  








All the contents on this site are copyrighted ©.