2009-08-20 12:29:52

Լուրեր հայ քրիստոնեայ աշխարհէն


Լուրեր հայ քրիստոնեայ աշխարհէն

Լվովի հայկական եկեղեցւոյ մէջ խաչի վերականգնում
Լվովի հայկական եկեղեցւոյ մէջ վերականգնեցաւ ստահակներու ոչնչացուած փայտէ խաչը, որ 17-րդ դարավերջի ճարտարապետութեան նմուշ է։ Խաչը տեղադրուած էր եկեղեցւոյ մուտքին մօտ։ Աշխատանքները տեւեցին գրեթէ երկու ամիս եւ վերականգնումը տեղի ունեցաւ լվովցի վերականգնող Եուրի Օսթրովսքիի ղեկավարութեամբ։

Երուսաղէմի Ս. Յակոբեանց Մայր տաճարը եւ Բեթղեհէմի Ս. Ծննդեան վանքը կարիքը ունին վերանորոգութիւններու։
Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան Ս. Յակոբեանց Մայր տաճարը եւ Բեթղեհէմի Ս. Ծննդեան հայոց վանքը անհրաժեշտօրէն կարիքը ունին վերանորոգութիւններու։ Ս. Յակոբեանց զինուորեալ միաբանութիւնը դարեր շարունակ Սուրբ երկրի տէրունական սրբավայրերուն մէջ պահպանած է հայապատկան սրբատեղիները եւ վանքերը՝ նիւթական եւ բարոյական օժանդակութեան արժանանալով հաւատացեալ հայ ժողովուրդի զաւակներէն։ Արդարեւ, համայն հայ ժողովուրդի հոգեւոր եւ նիւթական պարտականութիւնն է վերանորոգել տալ հայապատկան սրբավայրերը եւ տէր կանգնիլ մեր դարաւոր իրաւունքներուն։
Իսրայէլի եւ Յորդանանի փոքրաթիւ հայութիւնը, նաեւ պատրիարքութիւնը առանձին կարելիութիւնը չունի նորոգել տալու այդ սրբավայրերը։ Բեթղեհէմի Ս. Ծննդեան հայոց վանքի վերանորոգման համար, Անուշ Պէրպէրեանի ջանքերուն շնորհիւ, Լոս Անճելըսի շրջանին մէջ հաւաքուեցաւ 8040 ամերիկեան տոլարի գումար մը, որ առաջնորդարանին միջոցով առաքուեցաւ Թորգոմ պատրիարք Մանուկեանին։







All the contents on this site are copyrighted ©.