2009-08-19 15:37:08

Էջ մը հայ գրականութենէն - Վեր. Դոկտ. Վահան Թութիկեանի Նոր Գիրքը՝ «Կէս Դար Տիրոջ Այգիին Մէջ»


Էջ մը հայ գրականութենէն - Վեր. Դոկտ. Վահան Թութիկեանի Նոր Գիրքը՝ «Կէս Դար Տիրոջ Այգիին Մէջ»

Ընթացիկ տարին, 2009ը, Վեր. Դոկտ. Վահան Թութիկեանի հոգեւոր, ազգային, համա-եկեղեցական եւ հասարակական ծառայութեան յիսնամեայ յոբելեանն է: Յոբելեար կէս դարու ծառայութիւնը կը յատկանշուի հարուստ, բազմակողմանի եւ բեղուն վաստակով մը. վաստակ մը, որ թէ՛ իր քանակով եւ թէ՛ իր որակով պատիւ եւ պարծանք կը բերէ համայն հայութեան:

Իր ծառայութեան 50ամեակին առթիւ Վեր. Թութիկեան լոյս կ՛ընծայէ իր 31րդ հատորը՝ «Half a Century of Service/Կէս Դար Տիրոջ Այգիին Մէջ» վերտառութեամբ։ Հատորին 248 էջերու մէջ զետեղուած են 41 նիւթեր -Անգլերէն՝ 27, Հայերէն՝ 14: Սոյն յօդուածներէն զատ, կան Հայերէն եւ Անգլերէն լեզուով հատընտիր հատուածներ հեղինակին գիրքերու մասին լոյս տեսած գրախօսականներէն, որոնք գաղափար մը կուտան անոր հրատարակած գործերուն մասին: Գիրքին Անգլերէն Բաժինը կը բաղկանայ 4, իսկ Հայերէն բաժինը՝ 3 ենթաբաժանումներէ: Հատորը կը պարունակէ հոգեւոր կարճ խորհրդածութիւններ կամ պատգամներ, եւ ազգային-եկեղեցական տարեդարձներու յիշատակութիւններ, առօրեայ կեանքէ առնուած նշմարներ եւ առակներ, ինչպէս նաեւ մեր ազգային մարդասիրական կազմակերպութիւններու, կուսակցութիւններու եւ հայկական հարցերու մասին դիտումներ եւ դիտողութիւններ:

Այս գործին մէջ հեղինակին մտահոգութիւնը հոգեւո՛ր է: Ան չի բաժներ ազգայինը, աշխարհայինը, ընտանեկանն ու միջազգայինը՝ քրիստոնէական հաւատքէն, հետեւաբար՝ հոգեւորէն: Իրեն համար՝ այսպէս կոչուած աշխարհիկը գոյութիւն չունի, որովհետեւ համայն տիեզերքը Աստուծոյ կալուածն է, որ կ՛իմաստաւորուի Քրիստոս Յիսուսով: Ահա թէ ինչո՛ւ ան չի բաւարարուիր բարոյագիտական սահմանումներով ու դարմաններով, հապա մեր համապարփակ հարցերուն իբրեւ լուծում, կը յանձնարարէ քրիստոնէական թանձրացեալ հաւատքը՝ Քրիստոսի մէջ ու Քրիստոսով:

Վեր. Թութիկեան հոգեւորական մըն է, որ լման կէս դար ծառայած է Հայ Աւետարանական բեմին: Իբրեւ քարոզիչ, ուսումնական, հեղինակ, եւ եկեղեցական վարչագէտ, վարած է բարձր պաշտօններ, ու տիրացած արժանավայել տիտղոսներու եւ մրցանակներու: Ներկայիս ան գործադիր տնօրէնն է Հայ Աւետարանական Համաշխարհային խորհուրդին: Գրական ասպարէզէն ներս ան տեւական ներկայութիւն մըն է իր տեսութիւններով եւ խրախուսիչ թելադրութիւններով: Ան նաեւ մշտարթուն պահակն է Հայ Աւետարանական շարժումին, նաեւ յուշարարը եկեղեցական կարեւոր դէպքերուն ու դէմքերուն: Այս վերջին մարզին մէջ հայ աւետարանական ներկայ ու ապագայ պատմագիրները մեծագոյն երախտաւորեալները պիտի ըլլան գրիչի այս անխոնջ ու ներհուն մշակին:








All the contents on this site are copyrighted ©.