2009-08-18 13:25:12

Կարտինալ Նիւման երանելի պիտի հռչակուի յառաջիկայ 10 մայիս 2010ին ՜՜Պիրմինկամ՝՝ աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ։


Կարտինալ Նիւման երանելի պիտի հռչակուի յառաջիկայ 10 մայիս 2010ին ՜՜Պիրմինկամ՝՝ աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ։

Անգլիացի կարտինալ Նիւման, (1801-1890) երանելի պիտի հռչակուի 10 մայիսին։ Այս թուականը որոշուեցաւ, քանի որ օրը կը զուգադիպի սուրբ Աթանասի տօնին հետ, որ կեդրոնական դեր մը ունեցաւ անգլիացի հայրապետի աստուածաբանական մտածողութեան վրայ։ Կարտինալ Նիւման ծնած է Լոնտոն 2 փետրուար 1801ին, զաւակն էր դրամատան մը տիրոջ, 15 տարեկանին ան հոգեւոր փորձառութիւն մը կ'ունենայ, որ պիտի դրոշմէր իր ամբողջ կեանքը։

Կարտ. Նիւման 30 տարի անցուց ՜՜Օքսֆորտ՝՝ համալսարանը, նախ որպէս ուսանող եւ ապա որպէս դասախօս եւ հովիւ։

1825ին անկլիգան եկեղեցւոյ քահանայ կը ձեռնադրուի։

Եկեղեցւոյ Հայրերու գրութիւնները կարդալով՝ ան սկսած է հարց տալ Եկեղեցւոյ հիմերու վրայ։ Եղաւ աստուածաբանութեան, ծիսակատարութեան ու հոգեւոր կեանքի բարոնորոգիչ մը անկլիագան եկեղեցւոյ մէջ։ Վերահաստատեց առօրեայ պատարագի եւ խոստովանանքի դրութիւնը։ 1840ին հիմնեց վանական կեանքը եւ 1843ին դարձի գալով ընդգրկեց կաթողիկէութիւնը։ 1848ին Հռոմ իր կեցութեան ընթացքին կաթողիկէ քահանայ կը ձեռնադրուի։

1864-ին հատոր մը կը գրէ կեանքի ջատագովութիւնը վերտառութեամբ որ մեծ յաջողութիւն կը գտնէ կաթողիկէ թէ անկլիգան հաւատացեալներու մօտ։ 1879ին Լեւոն ԺԳ Հռոմի Պապը անոր կը շնորհէ կարտինալական աստիճան։

Կարտինալ Նիւման վախճանած է 11 օգոստոս 1890ին։ Անոր գրութիւնները մեծապէս դրոշմեցին 20րդ դարու մտաւորականները այնպէս որ ֆրանսացի մեծ մտաւորականը Ժան Կիթթոն զինք կոչեց անտեսանելի մտաւորականը Վատիկանեան Երկրորդ Ժողովին։



 








All the contents on this site are copyrighted ©.