2009-08-18 13:25:36

Լուրեր քրիստոնեայ եւ հայ աշխարհէն


ուրեր քրիստոնեայ եւ հայ աշխարհէն

Նասրալլա Սֆէյր մարոնիներու պատրիարքի խօսքը Ս Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առիթով մատուցուած պատարագին ընթացքին-Պէյրութ -

Ս Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առիթով մատուցուած պատարագին ընթացքին իր արտասանած իր ճառին մէջ, մարոնիներու Նասրալլա Սֆէյր պատրիարքը նշեց, որ քաղաքական պարանաձգութիւնները ցոյց կու տան, թէ լիբանանցի բազմաթիւ քաղաքական գործիչներ չեն պաշտպաներ երկրին շահը, որքան կը հետապնդեն իրենց անձնական շահերը։ Ան նկատել տուաւ, որ այս հարցը կ'արգելակէ բոլոր լիբանանցիներուն համար աշխատող կառավարութեան մը կազմութիւնը։

Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առիթով, Աստուածամայրը արժէքներու խորհրդանիշ է հաստատեց Գեղամ եպս Խաչերեան :

Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առիթով կիրակի, 16 օգոստոսին, մատուցուեցաւ Ս պատարագ։ Պատարագին նախագահեց եւ հաւատացեալ ժողովուրդին իր պատգամը փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ եպս Խաչերեան։ Ան յայտնեց, թէ ինչպէս ամբողջ քրիստոնէական եկեղեցին, հայ եկեղեցին եւս կը գովաբանէ եւ կը մեծարէ սրբուհի Մարիամը եւ այդ մեծարանքը կ'արտայայտուի շարականներու ընդմէջէն, որոնք սիրով եւ յորդառատ զգացումներով կը գովերգեն զինք։ Առաջնորդ սրբազանը շեշտեց Աստուածամօր յարգանքը, դերը, անհրաժեշտութիւնը ամէն օր հաւատացեալը մղած է, որ իր հետ հաղորդուի, իրեն աղօթէ եւ իր բարեխօսութեան դիմէ։ Ան նաեւ աւելցուց, որ այս տօնը կը խորհրդանշէ Քրիստոսի կողմէ Աստուածածնի երկինք վերափոխուիլը իր մահանալէն ետք։ Սրբազանը նկատել տուաւ, որ Աստուածամայրը Աւետարանին մէջ շատ չի յիշուիր, միայն որոշ տեղեր կը յիշուի, որովհետեւ Աւետարանի հեղինակներուն նպատակը Յիսուսի գործին եւ առաքելութեան վրայ հիմնուած էր։ Աստուածամօր կարեւորութիւնը տօնական կարեւորութիւն չէ, այլ՝ ան ամէն օր ներկայ է մեր կեանքին մէջ՝ իբրեւ մայրը հաւատացեալին եւ եկեղեցւոյ ժողովուրդին, ընդգծեց սրբազանը։ Աստուածամայրը արժէքներու խորհրդանիշն է, շեշտեց առաջնորդ սրբազանը եւ խօսեցաւ հոգեւոր, մարդկային ու բարոյական արժէքներու մասին։ Ան յորդորեց ներկաները պահպանելու այդ արժէքները իրենց կեանքին մէջ։ Աստուածամայրը միջոց եղաւ, ճամբան բացաւ, որ փրկիչը մարդոց մէջ յայտնուի, հաստատեց առաջնորդ սրբազանը՝ աւելցնելով, որ Աստուածամայրը արժէքներու եւ առաքելութիւններու ամբողջութիւն մըն է։ Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ խաղողօրհնէք։Սրբազանը յայտնեց, որ խաղողօրհնէքը աւանդութիւն մըն է, որ կապ չունի Աստուածամօր տօնին հետ։ Խաղողը մեր ժողովուրդին դարաւոր աւանդութենէն եկած սովորութիւն մըն է խաղողը կ'օրհնեն իր բերքի, հունձքի հաւաքի սկիզբը, բացատրեց Գեղամ եպս Խաչերեան եւ հարց տուաւ, թէ ներկայիս ո՞վ կը պահէ այն աւանդութիւնը, թէ խաղող չեն ուտեր օրհնուելէն առաջ։

Հալէպի մէջ լոյս տեսաւ Թէոդիկի տարեցոյցներու 1915-ի թիւը։

Գրասէր հանրութիւնը տեղեակ է արդէն, թէ 2006 թուականէն ասդին Հալէպի մէջ կանոնաւոր հերթականութեամբ կը վերահրատարակուին Եղեռնի վերապրող մտաւորականներէն Թէոդիկի ( Թէոդորոս Լապճինճեան, 1873-1928 ) նշանաւոր Ամէնուն տարեցոյցըները, որոնք լոյս տեսած ըլլալով շուրջ հարիւր տարի առաջ՝ այլեւս գրեթէ անգտանելի դարձեր էին նոյնիսկ հանրային գրադարաններու մէջ։







 








All the contents on this site are copyrighted ©.