2009-08-18 13:25:24

Ակնարկ մը ազգային եւ միջազգային դէպքերուն


Ինկուշեթիա - Պաշտօնատարներ յայտնեցին, որ Հիւսիսային Կովկասի մէջ ոստիկանատան մը դէմ ականուած բեռնակառքով կատարուած անձնասպանական գործողութիւն մը 19 զոհ եւ շուրջ 60 վիրաւոր պատճառած է։ Ականահարումը ամիսներէ ի վեր հարաւային Ռուսիոյ մէջ ամէնէն մահաբերն էր եւ վնասեց Քրեմլինի այն վարկածին, որ Հիւսիսային Կովկասը կը կայունացնէ։ Շրջանային նախագահի բանբեր Քալոյի Ախիլկով յայտնեց, որ յարձակումին հեղինակը Ինկուշեթիոյ Նազրան քաղաքին մէջ ոստիկանութեան կեդրոնատեղիին դարպասին բախեցաւ եւ պայթեցուց ականուած իր բեռնակառքը, մինչ ոստիկաններ առաւօտեան քննութեան համար շարքի կեցած էին։ Վերջերս Ինկուշեթիա եւ շրջանին մէջ այլ նահանգներ սպանութիւններու, ականահարումներու եւ ոստիկաններ ու կառավարական պաշտօնատարներ թիրախ դարձնող այլ յարձակումներու պատճառով ապակայունացած են։

Թիֆլիս – երեքշաբթի 18 օգոստոսէն սկսեալ Վրաստանը կը դադրի ԱՊՀ-ի անդամ ըլլաէ - Վրաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Դաւիթ Ճալականիա յայտարարած է, որ օգոստոսւ 19-ին կ'աւարտի Վրաստանի՝ ԱՊՀ-է դուրս գալու պաշտօնական գործընթացը։ Վրաստան ԱՊՀ-էն դուրս գալու որոշում տուած էր 2008 թուականի օգոստոսին՝ ռուս-վրացական հնգօրեայ պատերազմէն ետք։ Ճալականիա ընդգծած է, որ Վրաստանի իշխանութիւնները պատրաստ են երկկողմանի ձեւաչափով շարունակելու բարեկամական յարաբերութիւնները ԱՊՀ-ի անդամներուն հետ՝ կողմերու տարածքային ամբողջականութիւնը յարգելու հիման վրայ։

Երեւան - 27 հոկտեմբերին Հայաստանի Ազգային ժողովի այգիին մէջ բացումը պիտի կատարուի 10 տարի առաջ հայոց խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած ոճրային արարքի զոհերուն յուշակոթողին։ Որոշուած է Ազգային ժողովի այգիին մէջ անցեալին տեղադրուած յուշաքարի փոխարէն մնայուն յուշակոթող մը տեղադրել։Խորհրդարանի նախագահի մամլոյ բանբերը ըսաւ, թէ յանձնախումբը որոշած է յուշակոթողին հետ կապուած հարցերը քննարկել զոհերու հարազատներուն հետ։ Մնայուն կապ կիրականացուի տուժածներու, զոհերու ընտանիքներուն հետ՝ անկախ անկէ, թէ ո՛վ ինչ քաղաքական կեցուածք ունի, նշեց բանբերը։

Ազրպէյճանական ԷյԷնԷս լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ հայ եւ ազրպէյճանցի երիտասարդներ 17-23 օգոստոսին Ֆինլանտայի մէջ հանդիպում մը պիտի ունենան։ Հանդիպումին պիտի մասնակցին նաեւ Ֆինլանտայէն ու Շուէտէն երիտասարդներ, ինչպէս նաեւ օտար մասնագէտներ։ Ալանտ խաղաղութեան հիմնարկին կազմակերպած հանդիպումին պիտի մասնակցին ինը ազրպէյճանցիներ եւ հինգ հայեր։ Հանդիպումին կը մասնակցի ընդամէնը 28 հոգի։ Հանդիպումը պիտի կեդրոնանայ ներկայ տագնապներուն, լուծումի կերպերուն, սեռերու հարցերու եւ տագնապներու ընթացքին կիներու կացութեան վրայ։ Հնգօրեայ հանդիպումներուն ընթացքին իւրաքանչիւր երկրի մշակոյթին վերաբերեալ ներկայացումներ պիտի կատարուին։

Թեհերան - Քարուպի Նախագահական ընտրութեան արդիւնքներուն դէմ բողոքող ցուցարարներու արգելափակման ընթացքին անոնց բռնաբարումի կամ չարչարանքի ենթարկուելուն մասին յօդուածներու լոյս ընծայելէն ետք, Իրանի արդարադատութիւնը արգիլեց պարտութեան մատնուած նախագահութեան բարեկարգչական թեկնածու Մեհտի Քարուպիի օրաթերթի հրապարակումը։ Քարուպիի որդին՝ Հոսէյն, իր հօր կուսակցական կայքէջին ճամբով երկուշաբթի օր ըսաւ, որ դատախազութենէն պաշտօնատար մը կիրակի օր հրամայած է Էթեմետ Մելլի օրաթերթին հրապարակումը ժամանակաւոր արգիլման ենթարկել։ Մեհտի Քարուպի իշխանութիւններուն զայրոյթը յառաջացուցած էր, արգելափակեալ կիներու եւ տղոց բռնաբարումներու մասին վարկածներ առաջադրելով։ Անոր որդին ըսաւ, որ օրաթերթը արգիլուած է, որովհետեւ իր հայրը իրեն դէմ արձակուած վարկաբեկիչ խօսքերու պատասխաններ հրապարակած էր։ Պահպանողականները կը յայտնեն, որ բռնաբարումներու մասին վարկածները Իրանի օտար քննադատներուն ջաղացքին ջուր լեցուցած են։ Խորհրդարանի նախկին նախագահ Քարուպի, որ ներկայիս ընդդիմութեան մէջ ականաւոր դէմք մըն է, կիրակի օր խոստացաւ բանտի մէջ կատարուած վատ վարուելակերպերուն հարցով ճշմարտութիւնը հետապնդել։ Սակայն դարձեալ կ'ըսեմ, որ այս վարուելակերպն ու ճնշումը զիս լռութեան պիտի չմատնեն եւ հարկ եղած նիւթերը պիտի արծարծեմ։ Պիտի լռեմ միայն երբ այս դէպքերուն բոլոր ծալքերը քննարկուած ըլլան եւ ճշմարտութիւնը ժողովուրդին ըսուած։ Այլ օրաթերթ մը՝ Քալմահ Սապզ (Կանաչ բառ), որ կը պատկանի ընդդիմադիր ղեկավար Միրհոսէյն Մուսաւիի, նախագահական ընտրութենէն անմիջապէս ետք փակուեցաւ։











































  








All the contents on this site are copyrighted ©.