2009-08-18 13:26:25

Քահանայական տարի - Ժան Մարի Վիաննէ Էքիւլիի փոխ ժողովրդապետը 1815-1818


Քահանայական տարի - Ժան Մարի Վիաննէ Էքիւլիի փոխ ժողովրդապետը 1815-1818

Էքիւլի մեծ գիւղաքաղաք մը էր շուրջ 1500 բնակիչով: Տէր Պալլի 12 տարի եռանդով աշխատած էր վերակազմելու համար այդ ժողովրդապետութիւնը, որ յեղափոխութիւնը կազմալուծած էր:

Ժողովրդապետութեան կեանքը կանոնաւորած էր խստակրօն վանքի մը նման: Աղօթքի եւ գործի ժամերը ուրոշուած էին: Լռութիւնը սովորական էր, նոյնիսկ կերակուրի պահուն: Ճաշը այնքան ժուժկալ էր, որ հաւատացեալներէն ոմանք յուզուած՝ եղելութիւնը իմացուցած էին Գուրպոն Ընդհանուր տեղակալին: Այս գանգատին անիկա պատասխանած էր քիչ մը չարաճճի ոճով.

-Դուք երջանիկ էք, որ ձեր ժողովրդապետը եւ օգնականը ձեր տեղն ալ կ’ապաշխարեն:

Տէր Պալի՝ նախկին վանական մը, կը շարունակէ գործադրել վանքին մէջ սորված ապաշխարութեան հրահանգները: Ոչ միայն ծոմապահութիւն կ’ընէ, այլեւ ինքզինքը կը ձաղկէ երկաթէ շղթայով մը եւ շապիկին տակէն կը հագուի կոշտ խարազ մը:

Տէր Վիաննէ խանդով կը հետեւի իր սիրելի վարդապետի օրինակին եւ տարուած իր երիտասարդական եռանդէն, յաճախ կը գերազանցէ զայն, իր մահացուցումներուն մէջ:

Նման ապրելակերպ մը կը զարմացնէ մեզ այսօր ու կը խորհինք թէ արդեօք կը չափազանցէի՞ն իրենց վեհանձնութեան մէջ:

Հետագային Վիաննէ պիտի ըմբռնէ թէ մահացուցումները պարզապէս միջոցներ են սրբութեան հասնելու: Թէեւ ինք բոլոր կեանքին մէջ գործածեց այդ միջոցները, սակայն աւելի ուժ տուաւ եղբայրսիրութեան, ամէն օր օգտակար ըլլալով ուրիշներու:

Երիտասարդ քահանան ամէնէն առաջ սկսաւ կրթել քրիստոնէական վարդապետութեան հետեւող տղաքը: Բոլոր կեանքին մէջ սիրեց տղաները: Իր գործնական միտքը եւ դիւրութիւնը պատկերներ եւ բաղդատութիւններ գտնելու ամէնօրեայ կեանքին մէջէն, օգնեցին իրեն լաւագոյն կերպով բացատրելու ճշմարտութիւնները. մանաւանդ յարմար տեղին գործածելով իրենց սիրելի գաւառաբարբառը:

Ձեռնադրութենէն տարի մը ետք իրաւունք ստացաւ խոստովանցնելու: Իր առաջին խոստովանորդին եղաւ Տէր Պալի, որ ասով յայտնեց, իր համարումը աշակերտին հանդէպ:

Այդ բարի մարդը կամաց կամաց Վիաննէի սորվեցուց հովուական կեանքի սրբազան գաղտնիքները, մինչեւ որ օր մը ծանրապէս հիւանդացաւ:

Անկէ ետք հօտին բոլոր հոգը Վիաննէի վրայ մնաց:

Իրեն համար ամենամեծ մտահոգութիւնը կիրակնօրեայ քարոզներն էին։ Այդ օրերուն քարոզները պէտք էին երկար ըլլալ` 45 վայրկեանէն մինչեւ մէկ ժամ։ Տէր Պալի խօսելու դիւրութիւն ունէր եւ ժողովուրդը սիրով կը լսէր զինքը։ Օգնելու համար Վիաննէի, անոր տուաւ ժամանակին ծանօթ ամէնէն ընտիր քարոզներու հաւաքցածոն։ Շատ մը ժողովրդապետներ կը գոհանային բեմէն կարդալով այս գրութիւնները։ Վիաննէ գոհ չեղաւ այս մեթոդէն, հետեւաբար զանազան քարոզներ կը կտրտէր եւ իրարու կը կապէր, կազմելու համար իր քարոզը։ Եւ որովհետեւ ընթերցումն ալ տկար էր, կը ստիպուէր գոց սորվիլ եւ այնպէս բէմ ելլել։

Ականատես վկայ մը կ'ըսէ.

-Ինք պատմեց ինծի , որ յորդորակ մը պատրաստելու համար 15 օր դրած էր եւ ապա գոց սորված։

Եւ ըսել որ այսքան աշխատանքի պտուղը, այնքալ ալ յաջող չէր. Մանաւանդ որ ձայնն ալ տկար էր եւ խժալուր։

Ժողովուրդը սակայն կը հանդուրժէր իր երիտասարդ վարդապետը, քանի որ ուրիշ սքանչելի յատկութիւններ ունէր։

Տէր Պալիի առողջական վիճակը կը վատթարանար 1817ի Դեկտեմբերին։ Իր փոխանորդը կը մատակարէր վերջին խորհուրդները եւ միշտ կը հսկէր վրան։

Քիչ ժամանակ վերջը, թեմի ընդհանուր տեղակալը Գուրպոն` զինք կանչեց եւ նշանակեց Արս գիւղի ժողովրդապետ։ Գուրպոն այն քիչերէն է, որ ճանցած է Վիաննէի բարձր հոգին։








All the contents on this site are copyrighted ©.