2009-08-17 15:19:33

Քոսթա Ռիքայի նախագահ Օսքար Արիաս խոզի կրիփէ վարակուած




RealAudioMP3 Քոսթա Ռիքայի նախագահ Օսքար Արիաս խոզի կրիփէ վարակուած



Քոսթա Ռիքայի նախագահ Օսքար Արիաս վարակուած է խոզի կրիփէ։ Ան այդ կրիփէն վարակուած առաջին ղեկավարն է։

Քոսթա Ռիքայի կառավարութիւնը յայտնեց, որ 68-ամեայ Արիասի՝ ժահրին մէկ մեղմ տարբերակէն վարակուած ըլլալը ի յայտ եկաւ երեքշաբթի օր, երբ շաբաթավերջին անհանգիստ զգալէ ետք քննութիւններ կատարեց։

Ան ներկայիս իր տունն է եւ կը ծրագրէ իր աշխատանքը հոնկէ շարունակել։ Յայտարարութեան մը մէջ ան յայտնեց, որ ՜՜տաքութենէ եւ բորբոքած խռչափողէ զատ, լաւ եմ ու ինքզինքս հեռահաղորդակցութեամբ իմ գործս կատարելու պատրաստ կը զգամ։ Կը նախատեսեմ երկուշաբթի օրը վերադառնալ իմ բոլոր պարտականութիւններուս՝՝։

Օսքար Արիաս հարաւային ամերիկեան քաղաքացիական պատերազմներու եւ կերիլլայական տագնապներու խաղաղութեան ծրագիրի մը համար 1987-ին արժանացած էր Նոպելեան մրցանակին։

Այժմ տիկին Լիզա Մարտոյեան մեզի կը խօսի խոզի կրիփ կոչուած հիւանդութեան մասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.