2009-08-17 15:19:54

Ծիսական գիտելիքներ – Ասուածամօր Վերափոխման Տօն, Աւանդութիւններ, Խաղօրհնէք


Ծիսական գիտելիքներ – Ասուածամօր Վերափոխման Տօն, Աւանդութիւններ, Խաղօրհնէք

Ինչպէս ընդունուած չէր խնձոր ուտելը մինչեւ Վարդավառ, այնպէս ալ ընդունուած չէր խաղող ուտել մինչեւ Օգոստոս 15-ին նախորդող կամ յաջորդող կիրակի օրը, Խաղողօրհնէքի տօնը։ Աշխարհի բազմաթիւ ժողովուրդներու մօտ աւանդաբար պահպանուած սովորութիւն էր հասած առաջին բերքը, առաջին պտուղները զոհաբերել ուխտավայրի մը մէջ եւ յետոյ միայն կարելի էր ուտել։ Հայոց մէջ տարբեր տօներու զոհաբերուող ուտելիքներէն էին հաւկիթը՝ Զատկին, կաթնովը՝ Համբարձման, հասկեր եւ խնձոր՝ Վարդավառին, ընդեղէնները՝ Նոր տարուան, իսկ խաղողը՝ Աստուածածնին։

Ըստ Հայ եկեղեցւոյ տօնացոյցին, Խաղողօրհնէքի կամ Աստուածամօր տօնը կը նշուի օգոստոսի 12-18-ը հանդիպող կիրակին։ Տօնակատարութիւնը Հայաստանի տարբեր վայրերու մէջ որոշ տարբերութիւններ ունէր։ Օրինակ՝ Քեսապի մէջ շաբաթ օրը բոլոր թոնիրները կը վառէին եւ կիները ձէթով բոկեղ կը թխէին։ Բոկեղին բոյրը կը դառնար տօնին ուղեկիցը։ Կիրակի առաւօտեան տղամարդիկ խաղող, կիները բոկեղ կը տանէին եկեղեցի։ Դարձեալ Քեսապի մէջ կիրակի անպայման սմբուկով ու սիսեռով ճաշ կեփէին։ Այնքան տարածուած էր այս ճաշատեսակը, որ դրացի թուրքերը Աստուածածնի տօնը Պատընճան պայրամ կը կոչէին։ Այլ շրջաններու մէջ մարդիկ օրերով կը պատրաստուէին օգոստոսեան ուխտագնացութեան։ Մտերիմներու, ծանօթներու, ազգականներու խումբերը նախապէս ընտրելով իրենց տօնական ուխտավայրը՝ ճամբայ կիյնային, երբեմն ամբողջ գիշերը քալելու պայմանով, որպէսզի արեւածագը դիմաւորեն նշանակուած վայրին մէջ։

Գիշերային այդ երթերը ինքնին տօնակատարութեան մթնոլորտ կը ստեղծէին, իսկ առաւօտեան ուխտավայր հաւաքուած բազմութիւնը արեւածագը կը դիմաւորէր տօնական տրամադրութեամբ եւ խնճոյքի պատրաստութիւններով։ Մինչ տարեցները մատաղներ կընէին, սեղանի պատրաստութիւն կը տեսնէին, երիտասարդները կը խաղային լախտի, ըմբշամարտ եւ գօտեմարտ;Կէսօրին բոլորը կը նստէին խնճոյքի կերակրատեսակներուն մէջ աչքի կը զարնէին պտուղներու առատութիւնը, կաթնասերը, գաթան, հալվան եւ անշուշտ՝ մատաղի միսը։Քեսապի մէջ ուխտագնացութիւնը կը սկսէր կիրակի երեկոյեան, երբ մատաղները կօրհնուին ու կը զենուին իսկ աւանդական հերիսայի պղինձները կը շարուէին ծառին տակ, կրակարաններուն վրայ։ Քովի թթաստանի ծառերուն տակ ուխտաւորները կը բանային իրենց սեղանները, իսկ ծառին տակ կը փչէ զուռնան, կը թնդայ թմբուկը եւ մինչեւ լոյս շուրջպարը կը դառնայ։ Երկուշաբթի առաւօտ տեղի կունենար հանդիսաւոր պատարագ։ Պատարագիչ սրբազանը կ'օրհնէր հերիսան, որ կը բաժնուէր ուխտաւորներուն։ Խնճոյքը, կերուխումը, զուռնան ու պարը կը տեւէին մինչեւ երեկոյ

Ուխտի վայրերուն մէջ երգուող սիրային երգերէն յիշենք՝

Լուսնեակը կամար, կամար,

Քեզի կուզեմ ինծի համար,

Բարակ մէջքիդ ոսկի քամար,

Քելէ, քելէ պոյիդ մատաղ։

Պոստընները գլլի բազուկ,

Թեւերդ չինի պիլեազուկ,

Պոյդ երկար, մէջքդ նազուկ,

Կայնի սէյր անեմ, սէյր անեմ,

Մարալ պոյիդ ես հեյրան եմ։








All the contents on this site are copyrighted ©.