2009-08-17 15:18:58

լուրեր քրիստոնեայ եւ հայ աշխարհէն


լուրեր քրիստոնեայ եւ հայ աշխարհէն

Շանկհայ էքսփօ 2010 ցուցահանդէսին կը մասնակցին սփուռքահայ ճարտարապետներ

Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան վերջերս ընդունած է Շանկհայ էքսփօ 2010 ցուցահանդէսին կազմակերպիչ կոմիտէի անդամները։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուած է Շանկհայ Էքսփօ 2010 ցուցահանդէսին սփիւռքահայ ճարտարապետներու մասնակցութեան հարցը։ Ցուցահանդէսը կազմակերպող կոմիտէի անդամները յատկապէս հետաքրքրուած էին ճարտարապետներու համահայկական համաժողովին եւ անոր իբրեւ արդիւնք ստեղծուած Հայ ճարտարապետներու ընկերակցութեան, ճարտարապետներու մասնագիտական համացանցային աշխատանքներով եւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան այլ աշխատանքներով։

Հրանուշ Յակոբեան ներկայացուցած է նորաստեղծ համացանցային կայքը եւ ընդգծած է, որ անիկա կարելիութիւն պիտի ընձեռէ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ բնակող հայ ճարտարապետներուն շփման մէջ մտնելու իրարու հետ եւ ներկայացնելու նախագիծեր եւ կատարելու քննարկումներ։

Գինեձօն՝ նուիրուած Արմէն Յարութիւնեանի նոր հատորին

Կլենտէյլի Հանրային գրադարանի սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ գինեձօն՝ նուիրուած պէյրութաբնակ Արմէն Յարութիւնեանի հեղինակած Նամակներ Պէյրութէն Ա նոր լոյս ընծայուած հատորին։

Հանդիսավար Արզումանեան շեշտեց նաեւ այսօրուան հայուն ուսերուն վրայ դրուած մեծ պարտականութիւնը՝ իր գոյատեւման ի խնդիր։ Անդրադառնալով Արմէն Յարութիւնեանի գրական վաստակին ու յատկապէս նամակներուն՝ ան վեր առաւ այդ գրութիւններէն արտացոլող հեղինակին ստեղծագործական ոգին։

Իբրեւ օրուան գրադատող եւ հատորը ներկայացնող՝ Վաչէ Սեմերճեան նախ պարզեց, թէ 2008-ին լոյս ընծայուած Նամակներ Պէյրութէն Ա հատորը, կը բովանդակէ թիւով հարիւր նամակներ՝ նախկին հալէպահայ, այժմ պէյրութաբնակ առեւտրական Արմէն Յարութիւնեանի հայ մամուլի էջերուն մէջ լոյս տեսած աւելի քան 300 նամակներէն, որոնք շնորհակալ վաստակն են նամակագիր հեղինակի կեանքին։

Հարիւր նամակները սկսած են գրուիլ Պէյրութի մէջ 1996-ին, իսկ նամակագիր կոչումը պատահական է, շարունակեց Սեմերճեան եւ կարդաց այս առթիւ նամակ թիւ 4-ը։

Արմէն Յարութիւնեան անմիջական է իր նկատողութիւններուն, քննադատութիւններուն եւ բերած օրինակներուն մէջ արագ, հպանցիկ, բայց հատու ոճով մը կը բացուի, կը պարզաբանէ եւ կը զարգացնէ իր միտքերը այս նամակներուն մէջ, ըսաւ Սեմերճեան, որ աւելցուց նաեւ, թէ ընտանեկան եւ հասարակական կեանքին մէջ հայկական որոշ պահպանողութեան տէր այս հեղինակը յաճախ դիմած է իր անցեալին՝ ոգեկոչելով իր ուսուցիչները՝ Պալապան Խոճան, Գրիգոր Պօղարեանը եւ ուրիշներ։

Անդրադառնալով նամակներուն՝ Սեմերճեան աւելցուց, նաեւ, թէ անոնք մեր հասարակական կեանքի թերութիւնները սրբագրուած տեսնելու մղում մը ունին։ Հեղինակը իր պրիսմակին տակ առած է այսօրուան հիւծած հայ դպրոցը, երկփեղկուած հայ եկեղեցին, ծէսերն ու հոգեւորականներու ակնառու թերութիւնները, անտարբերութիւնները եւ իր ուսուցիչներուն կենցաղային սկզբունքները։

Աւարտին Սեմերճեան շեշտեց Սփիւռքահայ խմբագիրները առանց վրդովելու պէտք է կարդան այս նամակները՝ որդեգրելով Յարութիւնեանի սրամիտ ու քննադատական ոգին, ու գէթ սորվին հանդուրժել նամակներուն մէջ յայտնուած Յարութիւնեանական արժէքաւոր այս կարողութեան։

Ապա բեմ հրաւիրելով այնթապցիներու միութեան վարչութեան ատենապետ Տեմիրճեանը՝ հեղինակին յանձնուեցաւ այս առթիւ յատուկ գնահատագիր մը։

Աւանդական գինեձօնի արարողութենէն ետք, որուն մասնակից դարձան ներկայ գտնուող միութենականներն ու մտաւորականները, իր սրտի խօսքով ելոյթ ունեցաւ ինք՝ հեղինակը, որ ընդհանրապէս իր սրամիտ խօսքերով եւ յատուկ հիւմուրով արտայայտուեցաւ։ Այսպէս, ան շեշտեց, թէ ինք համակարգիչ ըսուած սատանային հետ դաշինք չէ կնքած ու աւելցուց նաեւ, թէ՝ իմ նամակներուս մէջ հայերէն սուղնոց բառեր չեմ գործածեր։

Իր պատմելու եւ դրսեւորելու հաճելի, պատրաստամիտ ու երգիծախառն խօսքերէն ետք հեղինակ Յարութիւնեան յատուկ շնորհակալական խօսքեր ուղղեց ձեռնարկը կազմակերպած միութիւններուն եւ անոնց պատասխանատուներուն, իր այնթէպցի ընկերներուն եւ դասընկերներուն, ապա՝ իր կողակիցին։

Կարդացուեցաւ նաեւ Հայաստանի Լրագրողներու միութեան նախագահ Աստղիկ Գէորգեանի՝ ուղարկած շնորհաւորական նամակը՝ ուղղուած հեղինակ Յարութիւնեանի։

Աւարտին, ներկաները հեղինակին աւելի մօտէն ծանօթանալու առիթ ունեցան։ Իր կարգին, Արմէն Յարութիւնեան մակագրեց իր հատորները։

Ժամանակ օրաթերթի նախկին խմբագիրներու գիրքերու շնորահանդէս

Պոլսոյ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ բակին մէջ, տեղի ունեցաւ վփրջերս, ՜՜Ժամանակ՝՝ օրաթերթի հիմնադիր ու խմբագիր Միսաք Գոչունեանի (Քասիմ) ՜՜ Կեանքի տեսարաններ՝՝ եւ հանգուցեալ խմբագիր՝ Արա Գոչունեանի ՜՜Ողջոյն ամենքին՝՝ գիրքերու շնորհանդէսը։ Գիրքերը ներկայացուցած է Ժամանակ թերթի խմբագիր Սեւան Տէյիրմէնջեան ապա ելոյթ ունեցած են պոլսահայ յայտնի դերասաններ՝ Գրիգոր Տինջքայըքջը, Շահան Սարըօղլու, Հերման Օզինեան, Շնորհիկ Թիւրքեր, Անի Իփեքքայա, Սոսի Ջնտոեան, Սերդա Ասլան եւ Պօղոս Չալքըջեան։

Աւարտին, Ժամանակի ներկայ երիտասարդ խմբագիր՝ Արա Գոչունեան շնորհակալական խօսք ուղղած է պաշտօնակից թերթերուն եւ ներկաներուն։ Այնուհետեւ տեղի ունեցած է հիւրասիրութիւն եւ հրատարակուած գիրքերու վաճառք։








All the contents on this site are copyrighted ©.