2009-08-17 15:18:37

երկուշաբթի Ակնարկ մը միջազգային դէպքերու


Ակնարկ մը ազգային ու միջազգային դէպքերուն

Սեպտեմբերին Մինսքի խմբակի ֆրանսացի համանախագահները շրջանային այցելութիւն պիտի կատարեն Հայաստան եւ Ազրպէյճան ։

ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի ֆրանսացի համանախագահ Պեռնար Ֆասիէ Հայաստան պիտի գտնուի սեպտեմբերի սկիզբը՝ շրջանային այցելութեան մը ծիրին մէջ։ Ինթըրֆաքս լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ֆասիէի այցելութենէն քանի մը օր ետք արդէն Մինսքի խմբակը ամբողջական կազմով՝ երեք համանախագահներով շրջան պիտի այցելէ։ Անոնք պիտի հանդիպին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն հետ՝ քննարկելու համար ղարաբաղեան տագնապի լուծման հետագայ ուղիները։

Քորէա - Հիւսիսային քորէացի բարձրաստիճան դիւանագէտ մը երէկ յայտնեց, որ Հիւսիսային Քորէա պատրաստ է Ուաշինկթընի հետ բանակցութիւններ վարելու։ Ասիկա նախկին նախագահ Պիլ Քլինթընի անցեալ շաբաթ Փիոնկեանկ տուած այցելութենէն ետք նմանօրինակ առաջին յայտարարութիւնն էր։ Վերջերս Հիւսիսային Քորէա ամերիկացի երկու լրագրողներ եւ հարաւային քորէացի աշխատաւոր մը ազատ արձակեց։ Ըստ վերլուծաբաններու, բարի կամեցողական այդ քայլերը կրնան ցուցանիշ մը ըլլալ Փիոնկեանկի կեցուածքներուն մեղմացման։ Ան անցնող քանի մը ամիսներուն ընթացքին հիւլէական ռումբի փորձարկումով եւ հրթիռներու արձակումով քորէական թերակղզիին մէջ լարուածութիւնը բարձրացուցած էր։Պատասխանելով Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութիւններու կարելիութեան մասին հարցումի մը՝ Հիւսիսային Քորէայի արտաքին գործոց փոխնախարարը Հանոյի մէջ լրագրողներուն յայտնեց, որ մենք բանակցութիւններու դիմաց դուռը միշտ բաց կը պահենք։ Ան Վիեթնամ կը գտնուէր մասնակցելու համար երկու երկիրներուն միջեւ արտաքին գործոց փոխնախարարներու տարեկան երկրորդ հանդիպումին։ Պիլ Քլինթըն Փիոնկեանկի մէջ հանդիպում ունեցաւ Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Եոնկ Իլի հետ եւ մարտէն ի վեր ապօրինաբար երկիր մուտք գործելու յանցանքով բանտարկուած ամերիկացի երկու լրագրողներու ազատ արձակումը ապահովեց։

Ստեփանակերտ - Ղարաբաղի խորհրդարանի ընդունած նոր օրէնքին համաձայն, բոլոր կրօնական կազմակերպութիւններէն կը պահանջուի վեց ամսուան ընթացքին վերագրանցուիլ կառավարութեան Կրօնական եւ ազգային փոքրամասնութիւններու հարցերով վարչութեան մօտ: Նշեալ պահանջով ԼՂ իշխանութիւնները մերժած են «Եհովայի վկաներ» աղանդի եւ «Կրակի վերածնունդ» ոչ աւանդական կրօնական միաւորման գրանցումը։ Իշխանութիւնները նշեալ միաւորներուն նաեւ արգիլած են Ղարաբաղի տարածքին օրինական գործունէութիւն ծաւալել, բնակչութեան հանդէպ անոնց ունեցած «հոգեբանական ներգործութեան միջոցներ»ու օգտագործման պատճառով: Պատերազմական վիճակի մէջ գտնուող Արցախին համար, աղանդաւորական այս շարժումները չափազանց վտանգաւոր են: Նշեալ աղանդներու ներկայացուցիչները յայտնած են, թէ իրենք՝ իշխանութիւններուն կողմէ իրենց գրանցումը մերժելու փաստին համար պիտի բողոքեն դատարան:








All the contents on this site are copyrighted ©.