2009-08-17 15:19:15

Արամ Ա կաթողիկոսի պատգամով եզրափակուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջեկեղեցական կազմաւորման Գ սեմինարը


Արամ Ա կաթողիկոսի պատգամով եզրափակուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջեկեղեցական կազմաւորման Գ սեմինարը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջեկեղեցական կազմաւորման Գ սեմինարը իր աւարտին հասաւ ուրբաթ 14 օգոստոս 2009-ի յետմիջօրէին, ՝ Արամ Ա կաթողիկոսի պատգամով։ Նախապէս ըստ նախորդող օրերուն յայտագիրներուն՝աստուածաշնչական խորհրդածութիւն կատարուեցաւ եւ ապա դասախօսութիւններ. ՜՜ հայ եկեղեցւոյ ծիսական արարողական կեանքին վերաբերեալ՝՝։ Խօսք առին Կոմիտաս արք Օհանեան ՜՜Մեր եկեղեցւոյ ժամերգութիւններուն այլաբանական իմաստին եւ դարերու ընթացքին անոնց խմբագրումի հանգրուաններուն մասին՝՝ նիւթով, իսկ հայ եկեղեցւոյ պատարագին մասերուն եւ այլ եկեղեցիներու պատարագներուն հետ բաղդատական զուգահեռներուն մասին խօսեցաւ Շահէ եպս Փանոսեան։ Յատուկ նիստ մը յատկացուեցաւ սեմինարի արժեւորման ու մասնակիցներէն եկող առաջարկներու բանաձեւման համար։ Սոյն նիստի աշխատանքները համադրեցին միջեկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Նարեկ եպս Ալեէմէզեան եւ յանձնախումբի ատենապետ դոկտ Նորա Պայրագտարեան Ապագեան։ Եղան շարք մը գործնական առաջարկներ, յատկապէս սեմինարէն բխած նորութիւնները թեմերուն հասցնելու եւ այսքան սեղմ շրջանակի մը տրուած ճոխ ծանօթութիւնները համապատասխան թեմերուն մէջ աւելի լայն շրջանակի սեփականութիւնը դարձնելու իմաստով։ Հուսկ սեմինարի մասնակիցները ունկնդրեցին Արամ Ա կաթողիկոսին խօսքը։

Վեհափառը իր գնահատանքը յայտնելէ ետք միջեկեղեցական յանձնախումբի անդամներուն եւ յատկապէս բաժանմունքի վարիչ Նարեկ սրբազանին, որոնք սոյն սեմինարի կազմակերպական աշխատանքը կատարեցին այնքան բծախնդրութեամբ, իր թելադրութիւնները փոխանցեց մասնակիցներուն՝ աւելի արդիւնաշատ միջեկեղեցական գործունէութեան մը ակնկալութեամբ։

Վեհափառը երեք կէտերու մէջ ամփոփեց իր մտածումները

Ա- Լուրջ, կազմակերպուած, հետեւողական եւ նպաստ բերող որակաւոր մասնակցութիւն ժողովներուն։ Այս բաժինով, ան Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչներուն պարտաւորութիւնը նկատեց բոլոր ժողովներու պարագային որակաւոր մասնակցութիւնը։

Բ Միջեկեղեցական ու միջկրօնական յարաբերութիւնները պէտք է դիտել յարաբերութիւն, գործակցութիւն եւ մտածողութիւն համադրութեան ծիրին մէջ։ Վեհափառը ըսաւ, թէ օտար եկեղեցիներու ու կրօններու հետ փոխյարաբերութիւնը գործակցութեամբ պէտք է արդիւնաւորուի, եւ որուն արդիւնքը պիտի ըլլայ մտածողութեան մը կազմութիւնը, որ փոխադարձ ճանաչողականէն անդին՝ հանդուրժողական է, ու հիմնուած՝ փոխադարձ յարգանքի սկզբունքին վրայ։

Գ Այս բոլորին մէջ, հայկական հոգեւոր, մտաւոր եւ ազգային արժէքները յարմարագոյն ժամանակին ու ճիշդ կերպով ներկայացնել աշխարհին։








All the contents on this site are copyrighted ©.