2009-08-15 12:49:15

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին պատարագը ՜՜Գասդել Կոնտոլֆօ՝՝ի ժոողովրդապետութեան եկեղեցւոյ մէջ, Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առթիւ։


Շաբաթ, 15 Օգոստոս 2009, տօն Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ Վերափոխման. Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Գասդել Կոնտոլֆոյի ժողովրդապետութեան եկեղեցւոյ մէջ, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առթիւ պատարագ մատուցեց։ Ս. Գրային ընթերցումներէն անմիջապէս ետք Նորին Սրբութիւնը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց. ՜՜Ս. Կոյս Մարիամ հոգւով եւ մարնով երկինք վերափոխուեցաւ։

Այս տօնը մեր ուշադրութեան կը հրաւիրէ թէ երկինքը հեռաւոր եւ անծանօթ վայր մը չէ։ Երկնքի մէջ ունինք մայր մը, ՜՜Աստուծոյ մայրը` Աստուածածինը՝՝եւ մեր մայրը։

Յիսուս խաչին վրայ, անձամբ մեզի տուաւ իր մայրը ըսելով իր աշակերտին եւ մեզի բոլորիս . ''ահա քու Մայրդ''։

Երկինքի մէջ Մայր մը ունինք։ Երկինքը բաց է, Երկինքը սիրտ ունի։

Մեծասցուցէ երգին մէջ Աստուածածինը մեզի հետ կը խօսի։ Կը խօսի մեզի, կը հրաւիրէ մեզ որ ճանչնանք Աստուծոյ խօսքը, սիրենք Աստուծոյ խօսքը, ապրինք Աստուծոյ խօսքը եւ մտածենք Աստուծոյ խօսքին վրայ։ Եւ ասիկա կարող ենք ընել զանազան եղանակով. ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, Ս. Գիրքը կարդալով, մասնակցելով ծիսակատարութեան։ Եկեղեցին տարւոյն հոլովոյթին կը մեկնաբանէ Ս. Գիրքը, մասնակցինք այս ծիսակատարութեանց որպէսզի զայն իւրացնենք մեր կեանքին մէջ։ Այսպէս, մեր կեանքը կը դառնայ լուսաւոր։ Մարիամ, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, հոգւով ու մարմնով վերափոխուեցաւ երկինք ան երկնքի փառքին մէջ է, Աստուծոյ հետ է եւ Աստուծոյ մէջ, թագուհի է երկնի ու երկրի։

Միթ՞է Տիրամայրը մեզմէ հեռու է, հարց տուաւ Սրբազան Քահանայապետը,աւելցնելով՝ ընդհակառակը Ան մեզմէ հեռու չէ , որովհետեւ Ան Աստուծոյ հետ է եւ Աստուծոյ մէջն է եւ մեզի շատ մօտիկ է։

Երբ Ս. Կոյս Մարիամ երկրի վրայ էր կարող էր մօտ ըլլալու որոշ անհատներուն։ Իսկ Հիմա Աստուծոյ մէջ ըլլալով, ան մեզի շատ մօտիկ է, կը ճանչնայ մեր սիրտը, կը լսէ մեր աղօթքը եւ կարող է օգնութեան հասնելու մեզի իր մայրական բարութեամբ։ Ան ըլլալով մայրը Միածին Որդիին կը մասնակցի Որդիին իշխանութեան, զօրութեան ու բարութեան։ Մեր կեանքը կրնանք յանձնել Տիրամօր որ այնքան մեզի մօտիկ է։ Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին, գոհութիւն տանք Աստուծոյ որ մեզի պարգեւեց այսպիսի Մայր մը, եւ Ս. Կոյս Մարիամին աղօթենք, որպէսզի ուղիղ ճանապարհէն ընթանանք։ Ամէն։

Քահանայապետական անուանում։

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունեց Հնդկաստանի Ասորի-Մալապարներու Պիժնոր թեմի առաջնորդ գերապայծառ Մունտատանի հրաժարումը, տարիքի բերումով, եւ անոր տեղ նշանակեց հայր Ճոն Վատակալը. ան ծնած է նոյն թեմին մէջ 8 սեպտեմբեր 1943ին, քահանայ ձեռնադրուած 19 դեկտեմբեր 1975ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.