2009-08-15 12:50:06

Հոգւոյ պատուհաններ՝ ամերիկահայ տաղանդաւոր ֆոթոլրագրողուհիի նոր գիրքը


Հոգւոյ պատուհաններ՝ ամերիկահայ տաղանդաւոր ֆոթոլրագրողուհիի նոր գիրքը

Ամերիկահայ ֆոթոլրագրողուհի Ալեքսանդրա Աւագեան National Geographic ամսագրի մէջ 2004 թիւի համարներէն մէկուն պատրաստած էր 22 էջնոց ռեպորտաժը՝ Հայաստանի վերածնունդը վերնագրով։ Իր ժամանակին մեծ աղմուկ բարձրացուցած էր եւ ջերմութեամբ ընդունած էին հայերը։
Աւագեանը 1995-ին կ'աշխատակցէր այդ բովանդակալից ամսագրին հետ։ Միեւնոյն ժամանակ ան Նիւ Եորքի Contact Press Images լրատւական գործակալութեան աւագ անդամներէն է, եւ վերջին 25 տարիներու ընթացքին աշխարհի ամենատարբեր եւ ամենաթէժ կէտերուն, որսած է պատմութեան կարեւորագոյն պահերը, ինչպէս 1988-ի երկրաշարժը Սպիտակի եւ Լենինականի մէջ։ Ի դէպ, այդ վերջինի ժամանակ ան Եգիպտոս գտնուած է իր ընտանիքին հետ եւ լսելով երկրաշարժի մասին, անմիջապէս ուղղուեցաւ Հայաստան ֆոթոլրագրողուհիի իր պարտականութիւնը կատարելու։
Չափազանց դժուար էր Հայաստանի հետ իմ առաջին շփումը իրականացնել նման մեծ չափի աղէտի պայմաններու մէջ, կը յիշէ Ալեքսանդրան, որ անկէ վերջ մի քանի անգամ դարձեալ այցելելով Հայաստան, 2004-ին ի վիճակի էր պատրաստել իր՝ այս անգամ վերածնուած երկիրը ներկայացնող ռեպորտաժը։
Ալեքսանդրա Աւագեանը ծնած է Նիւ Եորք սակայն ներկայիս կապրի Ուաշինկթընի մէջ։ Մեծցաւ շարժապատկերի եւ թատրոնի աշխարհին մէջ։ Մայրը՝ Տորոթի Տրիստան, գրող եւ դերասանուհի եղած է։ Հայրը, Արա Աւագեանը՝ խմբագիր, ռեժիսոր եւ մոնտաժող, ան ամէն ինչ սորվեցուց իր աղջկան, որ արդէն 9 տարեկանին սկսաւ Լայֆ պարբերաթերթէն նկարներ կտրատել եւ ծանօթանալ անոնց պատմութեան։ Արհեստական լուսա-նկարչութեամբ զբաղեցաւ 1984-էն ի վեր։ Անոր ֆոթոռեպորտաժները տպագըրւած են նաեւ հեղինակաւոր Թայմ եւ Նիու Եորք թայմս պաբերաթերթերուն մէջ։ 1990-92 թուականներուն ապրեցաւ Մոսկուայի մէջ Թայմ պարբերաթերթին համար՝ նիւթեր պատրաստելով Խորհրդային Միութեան փլուզման մասին։ 1993-96 թուականներուն բնակեցաւ Կազայի մէջ։ Անկէ առաջ լուսաբանած է 1986-ին՝ ապստամբութիւնը Հաիթիի մէջ, 1987-1995՝ պաղեստինեան Ինթիֆադան, Չեխոսլովակիայի մէջ թաւշեայ յեղափոխութիւնը։
Իմ ուղեւորութիւնները մահմետական աշխարհում գիրքին մասին։
Գիրքը, որ արդէն դրական գրախօսականներու արժանացած է, բաժնուած է 6 մասերու՝ 1) Պաղեստինցիները, 2) Իրանը, 3) Կեդրոնական Ասիան եւ Կովկասը, 4) Սոմալին, 5) Սուտանը եւ 6) Հզբոլլահը, եւ Ամերիկեան ֆոթոյի կողմէն արդէն իսկ արժանացած է տարուայ լաւագոյն լուսանկարչային գիրքերէն մէկը տիտղոսին։







All the contents on this site are copyrighted ©.