2009-08-15 12:49:51

Ակնարկ մը միջազգային դէպքերու

Ուաշինկթոն ու Եւրոպական Միութիւնը կը քննադատեն Փութինի Աբխազիա այցելութիւնը։


Ուաշինկթոն ու Եւրոպական Միութիւնը կը քննադատեն Փութինի Աբխազիա այցելութիւնը։

Ռուսիոյ վարչապետ Վլատիմիր Փութինի 12 օգոստոսին Աբխազիա այցելութիւնը, Վրաստանի եւ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւններուն կողմէ քննադատուելէ ետք, նաեւ արժանացաւ Եւրոպական Միութեան քննադատութեան։ Եւրոպական Միութիւնը հրապարակած է յայտարարութիւն մը, ուր կը յայտնէ, որ անհանգստացած է Ռուսիոյ վարչապետին Աբխազիա այցելութենէն։ Յայտարարութիւնը կը նշէ, որ Եւրոպական Միութիւնը կը կարծէ, թէ այդ այցելութիւնը չի համապատասխաներ Վրաստանի հողային ամբողջականութեան սկզբունքին եւ կը հակասէ միջազգային կազմակերպութիւններու ջանքերուն։ Իր կարգին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Փիթըր Քրաուլի յայտնեց, որ իր երկիրը զօրավիգ կը կանգնի Վրաստանի գերիշխանութեան եւ հողային ամբողջականութեան, եւ Ռուսիոյ ու այլ երկիրներու կոչ ուղղեց աշխարհի բոլոր կողմերէն Վրաստանի ճանչցուած սահմանները յարգելու։ Նշենք, որ Փութինի Աբխազիա այցելութեան ընթացքին ստորագրուած են համաձայնագիրներ, որոնց հիմամբ Ռուսիան պիտի աջակցի Աբխազիոյ ընկերային-տնտեսական յառաջընթացին։

Աֆղանիստան - հրապարակուած նոր հարցախոյզ մը ցոյց կու տայ, թէ Աֆղանիստանի նախագահ Համիտ Քարզայ նախագահական ընտրապայքարին մէջ կը գրաւէ առաջին դիրքը, սակայն 20 օգոստոսին յաղթանակ արձանագրելով երկրորդ հանգրուանէ մը խուսափելու համար բաւարար առաւելութիւն չունի։Ամերիկեան ֆինանսաւորումով Հանրապետական միջազգային հիմնարկին կատարած հարցախոյզը ցոյց կու տայ, թէ Քարզայ պիտի ապահովէ քուէներուն 44 առ հարիւրը, իսկ անոր գլխաւոր մրցակից, արտաքին գործոց նախկին նախարար Ապտուլլա Ապտուլլա՝ 26 առ հարիւրը։ Ընտրութենէն մէկ շաբաթ առաջ երկու գլխաւոր թեկնածուները երկրին տարածքին կը շրջին՝ զօրակցութիւն ապահովելու համար։Հարցախոյզը ցոյց տուաւ, որ մասնակիցներուն 81 առ հարիւրը անոր նկատմամբ դրական տրամադրութիւն ունի, իսկ 17 առ հարիւրը՝ ժխտական կարծիք։

Իսրայէլ - Ըստ Հաարեց օրաթերթին, Միացեալ Նահանգներ անցեալ շաբաթ Իսրայէլի յայտնած են, թէ Օման եւ Քաթար պատրաստ են Իսրայէլի հետ իրենց յարաբերութիւնները վերականգնելու, եթէ համաձայնի Այսրյորդանանի մէջ բնակեցման վայրերու կառուցումը սառեցնել։ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս մերժած է խաղաղութեան բանակցութիւններուն վերսկսիլ՝ Իսրայէլի կողմէ բնակեցման վայրերու կառուցումը սառեցնելէ առաջ։ Հաարեց նախապէս հաղորդած էր, որ Ուաշինկթըն Նեթանիահուին առաջարկած էր մէկ տարիով սառեցնել բնակեցման վայրերու կառուցումը՝ իբրեւ միջոց արաբական պետութիւնները իրենց յարաբերութիւնները բնականոնացնելու ուղղութեամբ ընթանալու համոզելու։ Ըստ օրաթերթին, Օպամայի վարչակազմը աշխատանք կը տանի Սէուտական Արաբիան մղելու Իսրայէլի ուղղութեամբ բարի կամեցողական քայլի դիմելու, ինչպէս՝ առեւտրական քայլեր, ակադեմական փոխանակումներ կամ օդային տարածքի օգտագործման արտօնութիւն։ Միջին Արեւելքի մասնագէտներ կը յայտնեն, որ Սէուտական Արաբիա շատ պիտի զգուշանայ պաղեստինցիներուն հետ խաղաղութեան վերջնական համաձայնութենէն նուազ քայլի մը համար Իսրայէլը վարձատրելէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.