2009-08-13 14:13:51

Կրօնաբարոյական հարցեր «Ինծի Ի՞նչ…»


Կրօնաբարոյական հարցեր «Ինծի Ի՞նչ…»

Առհասարակ մարդիկ առանց մտահոգութիւններու կեանք մը կը փնտռեն, եւ երանի կու տան անոր, որ այդպիսի կեանք մը կ՛ապրի: Կան մարդիկ, որոնք արտաքնապէս յայտնի չեն ըներ, թէ ներքնապէս ի՜նչ տագնապներ ունին, ինչպիսի՜ դժուարութիւններու բովէն կ՛անցնին, մէկ խօսքով՝ ինչպիսի՛ նեղութիւններ կը կրեն: Ի՛նչ ալ ըլլայ իրենց ընկերային, հոգեկան, տնտեսական կացութիւնը, արտաքնապէս գոհունակ կ՛երեւին անոնք, եւ շրջապատին այնպէս կը թուի, թէ այդ մարդիկը բնաւ մտահոգութիւն չունին: Հոգեբաններ երեք տեսակի մարդիկ կը տեսնեն այդպիսի անձերու ետին: Առաջինը այն է, որ այդ մարդիկը իսկապէս չեն արտայայտեր իրենց ներքին զգացումները, եւ ինչ ալ ըլլայ իրենց ներքին տագնապը, իրենք արտաքնապէս երջանիկ ու զուարթ կ՛երեւին: Երկրորդը այն է, որ այդ մարդիկը իսկապէս մասնաւոր մտահոգութեան պատճառ մը չունին, եւ կամ դիւրաւ կը լուծեն իրենց դիմաց ծառացող դժուարութիւնները: Երրորդը այն է, որ այդ մարդիկը գիտակցութիւնը չունին անդրադառնալու այն ծանր կացութեան, որուն մէջ կը գտնուին իրենք…: Մարդիկ կը սիրեն որ իրենց տագնապները կիսուին բարեկամներու եւ կամ սրտակիցներու հետ: Մեր ապրած տագնապներուն ընթացքին, մեզի զօրավիգ ու սրտակից եղողներուն կողքին կը գտնուին նաեւ մարդիկ, որոնք թէեւ երբեմնի հարազատ ու բարեկամ, յանկարծ կրնան «ինծի ի՞ն»չ ըսել, ու նոյնիսկ ականջ չտալ այն տագնապին, որ երբեմն կենաց եւ մահու իրավիճակ մը կրնայ պարզել մեզի համար:

Մանկապարտէզի եւ կամ նախակրթարանի կանուխ տարիներու դասարաններուն հետ գործ ունեցած ուսուցիչներ, եւ կամ այդ տարիքի զաւակ ունեցող ծնողներ լաւ գիտեն, թէ այդ տարիքի երեխաները անհոգութեան շրջան մը կը բոլորեն: Անհոգութիւն՝ ոչ միայն ապահովութեան դրական զգացումի հետեւանքով, որովհետեւ անոնք գիտեն, թէ իրենց ծնողները ամէն ինչով կը հոգան զիրենք: Զինք հետաքրքրողը այն է, որ հիմա ինք ունի, եւ քանի ունի՝ ի՛նք պիտի խաղայ անով: Բնական է, որ այս անհոգութիւնը յաջորդող տարիներուն աւելի կը կոկուի, մանաւանդ երբ մասնաւոր կերպով հոգ տարուի երեխային՝ ընկերասիրութեան զգացումը զարգացնելով անոր մէջ, եւ ունեցածը ուրիշին հետ բաժնելու առաքինութիւնը սորվեցնելով անոր: Աւելի յառաջանալով տարիքի մէջ, մանկական այդ «ինծի ի՞ն»չը, որ անմեղ անտարբերութիւն կամ անհոգութիւն մըն էր, կը վերածուի անզգամութեան ու բրտութեան: Ընդհանուր Ազգաց պատմութեան էջերէն գիտենք, որ Հռոմի Ներոն կայսեր կեանքը երկու մասեր ունեցած է, առաջինը՝ դրական, եւ երկրորդը՝ ժխտական: Անոր դաստիարակ ընտրուած էին Պուրրօ եւ Սենեկա, որոնց խրատներով Ներոն կը զարմացնէր ժողովուրդը իր հոգածութեամբ եւ խղճմտանքով: Կ՛ըսուի, որ օր մը իր պաշտօնեաներէն մէկը, կը բերէ իրեն անձի մը դատապարտութեան գիրը, որուն տակ ինք պէտք է ստորագրէր: Կայսրը բացառիկ խղճմտանքով կ՛ըսէ. «Երանի՜ թէ գրել գիտցած չըլլայի, որ հիմա այդպիսի վճիռի մը տակ ստորագրութիւնս չդնէի»: Ուրիշ առիթով մը, իր կայսրութեան ենթակայ երկրի մը կառավարիչին նամակ մը կը յղէ՝ ըսելով, թէ «Ոչխարներուն բուրդը միայն պէտք է խուզել, եւ ո՛չ թէ մորթն ալ քերթել»: Այս գրելով ըսել կ՛ուզէր, թէ ժողովուրդին վրայ պէտք չէ՛ տուրքերը ծանրացնել, եւ պէտք չէ՛ զայն աղքատացնել ու թշուառութեան մատնել…: Այսպիսի առաքինութիւններով զարդարուած անձ մը, սակայն, երբ շրջապատուեցաւ վատ բարք ունեցող ու շողոքորթ անձերով, յանկարծ փոխուեցաւ իր նկարագիրը եւ սկսաւ «մարդոց արիւնով սնանիլ»: Ազնուական թէ խոնարհ խաւի մարդիկ, մանաւանդ քրիստոնեաներ, իր անգթութեան զոհ դարձան: Ան ո՛չ միայն մահուան դատապարտեց իր դաստիարակ ուսուցիչները՝ Պուրրօն եւ Սենեկան, այլ մինչեւ իսկ իր մայրը՝ Ագրիպպինան եւ կինը՝ Հոկտաւինան սպաննել տուաւ: Անհոգութիւնը, անտարբերութիւնը այնքան զարգացան իրեն մէջ, որ անզսպելի անզգամութեան վերածուելով՝ Հռոմը ամբողջ կրակի տուաւ, եւ ինք բարձր աշտարակի մը վրայ նստած, բոցերը դիտելով զուարճացաւ, Տրովադայի հրկիզման նուիրուած քերթուած մը երգելով: Այդ պահուն, երբ ամբողջ քաղաքը բոցակէզ լեզուներու կեր կը դառնար, մարդիկ իրենց տարիներու վաստակը ու խնայողութիւնը կը կորսնցնէին, իրենց զաւակները, տունն ու տեղը հրոյ ճարակ կը դառնային, ինք վստահաբար իր հոգիին խորերէն, լիահագագ կ՛ըսէր. «Ինծի ի՞ն»չ: Այո՛, անզգամին համար այդ երկու պարզ բառերը արտասանելը ո՛չ միայն դիւրին է, այլ նաեւ՝ հաճոյք է: Սակայն, քրիստոնեայ մարդուն համար նման արտայայտութիւն ո՛չ միայն կարելի չէ՛, այլ մանաւանդ՝ ներելի՛ չէ: Որովհետեւ ամէնքս ալ մաս կը կազմենք մէկ ընտանիքի, որ Աստուծոյ ընտանիքն է, մէկուն ցաւը միւսին ցաւն է, մէկուն ուրախութիւնը միւսին ուրախութիւնն է, եւ փոխադարձաբար…:








All the contents on this site are copyrighted ©.