2009-08-13 14:13:13

 Սրբազան Քահանայապետին հոգեհանգստեան աղօթքը Էնսի Քենետիի համար։


Սրբազան Քահանայապետին հոգեհանգստեան աղօթքը Էնսի Քենետիի համար։



ԱՄՆի առաքելական նուիրակը գերապայծառ Սամբի նամակ մը յղած է Քենետիի ընտանիքին, որով կը հաղորդէ Սրբազան Քահանայապետին աղօթքը եւ հոգեւոր մօտիկութիւնը Քենետի ընտանիքին եւ աղօթք կը բարձրացնէ առ Աստուած որպէսզի իր Արքայութեան մէջ ընդունի 88-ամեայ Էնսի Քենետի, որ իր կեանքին ընթացքին ինքզինք նուիրած է մտային ու ֆիզիքական անկար անձերու օգնութեան։ Eunice Shriver Kennedy քոյրն է ԱՄՆի նախագահ հանգուցեալ Ճոն Քենետիին։ Ան մեծապէս նպաստած է ՜՜անկարներու ողիմբիական խաղերու՝՝ հաստատումին որ սկիզբ առին 1968ին։ Գերապայծառ Սամբի իր նամակին մէջ կ'ընդգծէ ողբացեալին մեծ հաւատքը ու անոր ընկերային վեհանձն ծառայութիւնները։

Վատիկանի երբեմնի առաքելական նուիրակը Իրաքի մէջ գիրք մը հրատարակած է ''Եկեղեցին Աբրահամի երկրին մէջ'' վերտառութեամբ։



Գերապայծառ ֆերնանտօ ֆիլոնէ, որ ներկայիս Վատիկանի պետական քարտուղարութեան ենթաքարտուղարն է, գիրք մը հրատարակած է, նուիրուած՝ իրաքի ժողովուրդին։ Ան Իրաքի պատերազմի տարիներուն եղած է առաքելական նուիրակ 2001-2006։

234 էջնոց գիրքը կը պատմէ Իրաքի քրիստոնեաներու կեանքը։ Հեղինակը ուզած է պատմել քրիստոնեաներու դարաւոր կեանքը Իրաքի մէջ եւ վերակոչել առաքելական դեսպանատան հաստատման 40 տարիները 1966-2006։ Խօսելով քրիստոնեայ իրաքցիներու գաղթին մասին գերապայծառ ֆիլոնէ իր այս գրքին մէջ կ'անդրադառնայ Իրաքի երեք մեծ տագնապներուն եւ որուն պատճառաւ քրիստոնեաները պարտադրուեցան երկրէն հեռանալ։

Առաջինը Օսմանեան կայսրութեան անկումը, առաջին աշխարահամարտէն ետք, ուր Իրաքի քրիստոնեաները հալածուեցան ու ջարդուեցան, հեղինակը մասնաւորապէս կ'անդրադառնայ հայերու ջարդին ։

Եկրորդ տագնապը` հետեւանքը քիւրտերու ապստամբութեան 60-ական տարիներուն, երբ հիւսիսի քրիստոնեաները պարտաւորուեցան հիւսիսէն մայրաքաղաք գաղթել։

Իսկ երրորդ տագնապը ունեցաւ երկու հանգրուան. առջանիը` Իրաքի խուժումը Քուէյթ եւ երկրորդը` Իրաքի դէմ պարտադրուած տնտեսական պատիժը եւ որուն հետեւանքով ալ ամերկացիներու եւ անգլիացիներու մղած պատերազմը Իրաքի դէմ։

Ի տես անապահովութեան, քրիստոնեաները որոշեցին գաղթել։ Գերապայծառ ֆիլոնէ կը հաստատէ թէ Պաղտատի մէջ կան 15 քրիստոնեայ եկեղեցիներ։ Իրաքի քրիստոնեաները կաթողիկէ եւ օրթոտոքս են, անոնց յարաբերութիւնը բարի է։ Քրիստոնեայ հասարակութիւնը կազմուած է գաղդիացիներէ, ասորիներէ, հայերէ, լատիներէ եւ մելքիթներէ։ Իսկ օրթոտոքս համայնքին մաս կը կազմեն ասորիները, հայերը եւ յոյները։ Իրաքը հայրենիքն է Աբրահամ նահապետին՝ որ Աստուծմէ ընդունեց կոչը ՜՜միակ Աստուծոյ հետեւելու՝՝։ Այս վայրը սիրելի վայր է մահմետականներուն, հրեաներուն եւ քրիստոնեաներուն։ Այդ հողին մէջ թաղուած են Էզեկիէլ մարգարէն Պապիլոնիա շրջանը, Նաում մարգարէն Ալգոշի շրջանը եւ Հովնան մարգարէն Նինվէի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.