2009-08-12 13:44:44

Էջ Մը Հայ Գրականութենէն։ Մարզպետ Մարկոսեան' Հեղինակ ՝՝Պոսթընեան Պատկերներ՝՝ Հատորին։


Էջ Մը Հայ Գրականութենէն։ Մարզպետ Մարկոսեան' Հեղինակ ՝՝Պոսթընեան Պատկերներ՝՝ Հատորին։

Մօտաւորպէս 400 էջերու վրայ տարածուող հատորը կ՛ընդգրկէ Մարզպետ Մարկոսեանի գրիչին արգասիքը ։ Անթիլիասի կաթողիկոսարանի տպարանէն 2008ին լոյս տեսած հատորը ունի իր առանձին խորագիրը՝ «Պոսթընեան Պատկերներ»։ Ընթերցողը սակայն շուտով իրազեկ կ՛ըլլայ, որ բովանդակութիւնը միայն պոսթընեան չէ, այլ գիրքը կը տարածուի Պէյրութէն մինչեւ Պոսթըն, ու քիչ մըն ալ Նիւ Եորք, քաղաքներ, ուր ապրած է հեղինակը՝ սկսելով մանկութենէն, մինչեւ գիտական ու գրական մամուլի աշխարհներու մէջ իր ճամբորդութիւնները։ Յօդուածներու, վերլուծումներու, նշմարներու եւ պատմուածքներու հաւաքածոյ մըն է այս հատորը, որ կը տարածուի աւելի քան 50 տարիներու վրայ։ Գրիչի ու գիրի հետ Մարզպետ Մարկոսեանի բարեկամութիւնն ու լծակցութիւնը սկսած է ուշ 50ական տարիներուն, ուսանողութեան օրերէն, աշակերտական թերթի ճամբով, ապա, անոր ստորագրութիւնը երեւցած է «Յառաջ»ին, «Նայիրի»ին, «Սփիւռք»ին ու «Զարթօնք»ին, «Նոր Կեանք»ին ու այլ թերթերու մէջ։ Տարիներու ընթացքին թուղթին յանձնուած գրութիւնները ահաւասիկ հատորով կը ներկայանան ընթերցողին։

Հատորը ունի ինը ենթաբաժանումներ։ Առաջին բաժինը կը ներկայանայ 6 պատմուածքներով ու գրութիւններով։ Հեղինակին պատանութեան ու կանուխ երիտասարդութեան օրերն են Պէյրութի ու յատկապէս Պուրճ Համուտի թաղերուն մէջ։ Հետեւող բաժինը՝ հեղինակին համալսարանական օրերէն քաղուած պատումներ են մեծ մասամբ, որոնք հիւսուած են խորհրդածութիւններով ու դիպուկ դիտարկումներով։ Հատորին երրորդ բաժինով, հեղինակին ոսպնեակը, նաեւ՝ ազգային կեանքի բազկերակը շօշափող գործիքները կը տեղափոխուին Միացեալ Նահանգներու արեւելեան գօտին, ուր հասած էր ան, բարձրագոյն ուսման՝ գիտութեանց աշխարհին մէջ հետազօտութիւն կատարելու տենդով, առանց սակայն բաց թողելու հայութիւնը յուզող հարցերու եւ երեւոյթներու օձիքը։ Չորրորդ ու ամէնէն ընդարձակ բաժինը։ Դրուագներ ու վերլուծումներ կը յաջորդեն իրարու՝ տարածուելով տարիներու վրայ, ի յայտ բերելու ամերիկեան ձուլարանին կապուած կացութիւններ, յուշեր, պատումներ եւ հնարովի թուացող դրուագներ, սակայն այդ բոլորը կ՛ուրուագծեն չոր իրականութիւններ, որոնք անպայման բացասական չեն։ Հինգերորդ գլուխը կազմուած է չորս դիմաստուերներէ. հեղինակը կ՛ուրուագծէ Մինաս Թէօլէլեանի ու երաժշտագէտ Ռուբէն Գրիգորեանի պէս դէմքերուն հետ իր հաղորդակցութիւնները, անոնցմէ քաղուած տպաւորութիւններ ու անոնց վաստակին մասին դատումներ։ Նմանօրինակ բաժին մըն է եօթներորդ գլուխը, ուր հեղինակը յարգանքի ու հիացմունքի արտայայտութիւններ ունի իր կազմաւորման ու կեանքին մէջ մեծ ազդեցութիւն թողած երկու անհատներու, նախկին տնօրէնին՝ Արմէն Թօփճեանի ու «Թուղթ առ Երեւան»ի հեղինակ Անդրանիկ Ծառուկեանի մասին՝ գրական թռիչքով մահագրութեամբ։ Իւրայատուկ եւ գրական հարցերով շահագրգիռին համար ուշագրաւ բաժին մըն է վեցերորդ գլուխը, որ կը թողու նոր օրերու մանր ոդիսականի մը տպաւորութիւնը։ Գործունէութեան դաշտը տարածուած է թարգմանական աշխատանքի վրայ, Տայանա Տէր Յովհաննէսեանի հետ գործակցաբար հրատարակութեան պատրաստած է հայ գրողներու անգլերէնի թարգմանուած ծաղկաքաղ մը։

Հատորին վերջին գլուխը կը ներկայացնէ խորագիրին «դիտարկող»ը, այսինքն՝ հեղինակը, իր կենսագրական ու ասպարէզին մէջ իրագործումներու երեսներով:








All the contents on this site are copyrighted ©.