2009-08-12 13:36:03

Ակնարկ մը ազգային եւ միջազգային դէպքերուն


Մոսկուա - Մետվետեւ քննադատեց Եուշչենքոն.

Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ երէկ զայրացած կերպով քննադատեց իր ուքրանացի պաշտօնակից Եուշչենքոն՝ յայտնելով, որ անոր վարչակազմը հակառուս է եւ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ի վեր երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ յոռեգոյն տագնապը ստեղծած է։ Մետվետեւ ըսաւ, թէ Մոսկուա Ռուսիոյ հետ բարեկամութեան եւ գործընկերութեան սկզբունքները անտեսող Եուշչենքոյի վարած քաղաքականութեանց պատճառով Քիեւի մէջ նոր դեսպան մը պիտի չնշանակէ։

Ռուսիա կը յուսայ որ, գրած է Մետվետեւ իր նամակին մէջ, Ուքրանիոյ նոր ղեկավարութիւնը պատրաստ պիտի ըլլայ մեր ժողովուրդներուն միջեւ ստեղծելու յարաբերութիւններ, որոնք կը համապատասխանեն մեր ժողովուրդներու յոյսերուն։



Երեւան - Իկոր Սուվորով եւ Տիգրան Սարգսեան անդրադարձան Նայիրիտ գործարանի խնդիրներուն ու զարգացման հեռանկարներուն

Երէկ ուժանիւթի մարզին առնչուող ծրագիրներուն եւ Նայիրիտ գործարանի խնդիրներուն ու զարգացման հեռանկարներուն անդրադարձան Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան եւ Միջպետական դրամատան նոր նշանակուած նախագահ Իկոր Սուվորով։ Իկոր Սուվորով վարչապետին ներկայացուց նաեւ դրամատան գործունէութիւնը եւ ռազմավարութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ իրականացուող ծրագիրները։ Սարգսեան պատրաստակամութիւն յայտնեց աջակցելու դրամատան գործունէութեան առնչուող հարցերու լուծումին։



Անգարա - Իսրայէլի, Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ ռազմափորձ -Անատոլու լրատու գործակալութեան համաձայն, Թուրքիա պիտի հիւրընկալէ Միջերկրականի մէջ Իսրայէլի, Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ օդուժներուն եւ ծովուժներուն միացեալ Հաւատարիմ ծովանուշ ռազմափորձը, որ կը կեդրոնանայ նաւաբեկեալներու փնտռտուքի եւ փրկութեան գործողութիւններու վրայ։

Ռազմափորձը տեղի պիտի ունենայ 17-21 օգոստոսին, արեւելեան Միջերկրականի մէջ։ Երեք երկիրներու բանակներէն ութ նաւեր, չորս ուղղաթիռներ եւ երեք հետազօտող օդանաւեր պիտի մասնակցին ռազմափորձին։

Ռազմափորձին նպատակը շտապ օգնութեան կարօտ կացութիւններու ընթացքին երեք երկիրներու ուժերուն միջեւ գործակցութեան եւ համակարգումի ազդուութիւն եւ արագութիւն ապահովելն է։



Յոյն-կիպրացի գերիներու գերեզմանի մը բացայայտում - Աթէնքի եւ Նիկոսիոյ մէջ բողոքի բուռն ալիքներ յառաջացուցած է յոյն-կիպրացի գերիներու գերեզմանի մը բացայայտումը, ուր յայտնաբերուած աճիւններէն փաստուեցաւ, թէ անոնք ոճրասպանութեան ենթարկուած էին Կիպրոսի մէջ թրքական ուժերու ներխուժման ընթացքին գերի առնուելէ ետք։

Աճիւնները յայտնաբերուեցան հիւսիային Կիպրոսի գրաւուած Ծիաոս գիւղին մէջ, կորսուած անձերու շուրջ հետազօտութիւններ կատարող միջազգային կազմակերպութեան կողմէ։ Հետազօտութիւնները կատարած կազմակերպութեան անդամ Քսենոֆոն Քալիս, յայտնած է թէ հինգ գերիներու ընտանիքները տեղեակ պահուած են հարցի մասին, մինչ գերեզմանին մէջ յայտնաբերուած են 14 անձերու աճիւնները եւս, որոնց ինքնութիւնը սակայն առայժմ չէ փաստուած։ Երկար ատեն գաղտի պահուած, սակայն բոլորին կողմէ ենթադրուող իրականութեան սահմռկեցուցիչ փաստը կը կազմէ գերիներու աճիւններու յայտնաբերումը, որ միջազգային հանրութեան օրէնքներուն հակադրուող Թուրքիոյ մասին անգամ մը եւս կը վկայէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.