2009-08-11 13:53:50

Լուրեր հայ աշխարհէն


Արամ Ա կաթողիկոս Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքին մէջ ընդունելով պաղեստինեան պատուիրակութիւն մը, յիշեցուց, թէ հայ Ժողովուրդը ամէն տեղ միշտ իր զօրակցութիւնը յայտնած է պաղեստինեան դատին, որովհետեւ անիկա արդարութեան դատն է՝ ի խնդիր պաղեստինցի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի ձեռքբերման։ Պաղեստինեան բոլոր կողմերը ներկայացնող պատուիրակութիւնը՝ ընկերակցութեամբ իսլամ կրօնաւորներու խմբակցութեան ներկայացուցիչներուն, եկած էր վեհափառին մօտ, յառաջիկայ շաբաթ պաղեստինեան դատին զօրակցութեան համար տեղի ունենալիք ձեռնարկին իր օրհնութիւնը ստանալու։

Այս առիթով պատուիրակութիւնը տեղեակ պահեց Արամ Ա կաթողիկոսը պաղեստինցիներու դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին, Երուսաղէմի եւ այլ շրջաններ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի պաղեստինեան գաղթակայաններուն մէջ։ Արամ Ա կաթողիկոս յիշեցուց, որ ամէն բանէ առաջ անհրաժեշտ է, որ պաղեստինեան կողմերը, պահելով հանդերձ իրենց տեսակէտներուն տարբերութիւնը, միանան կարգ մը հարցերու ու կեցուածքներու շուրջ։ Նախ միութեամբ կարելի է կերտել պաղեստինեան ներքին ուժը եւ ապահովել աշխարհի յարգանքն ու զօրակցութիւնը պաղեստինեան դատին, եզրակացուց վեհափառը։



Վրաստան - Ջաւախքի եւ Քուէմօ-Քարթլիի հայկական հասարակական կազմակերպութիւնները հրապարակած են նոր յայտարարութիւն մը, ուր վերահաստատած են իրենց պահանջը՝ Վրաստանը դաշնակցային պետական կառուցուածքով օժտելու կապակցութեամբ։

Աճիւններ յայտնաբերուեցան Վան քաղաքին մէջ Փոքրիկներու խաղը եւ անոնց հետաքրքրութիւնը պատճառ դարձաւ, որպէսզի Թուրքիոյ Վան քաղաքին մէջ յայտնաբերուին 10 մարդոց աճիւնները, որ թաղուած էին աղբակոյտերու մօտ։ Ըստ թրքական լրատու աղբիւրներուն, երբ պատանիները երկաթներ եւ այլ իրեր գտնելու համար փորած են աղբակոյտին մօտ, աճիւններ գտած են, որոնց գանկերուն վրայ յայտնի էին փամփուշտներու նշաններ։ Ոստիկանութիւնը քննութիւն բացած է եւ աճիւնները յանձնած է յատուկ գիտաշխատանոց, անձերու ինքնութիւնը յայտնաբերելու նպատակով։

Սերկէյ Փարաճանովի 85-ամեայ յոբելեան

Ուրբաթ օր սկիզբ առաւ Սան Փեթերզպուրկի մէջ հնգօրեայ շարժապատկերի կարճամեթրաժ ֆիլմերու շարժապատկերի փառատօնը, որ այս տարի նուիրուած է Սերկէյ Փարաճանովի 85-ամեայ յոբելեանին եւ որուն ընթացքին հարիւրաւոր հիւրեր կարելիութիւն կ՝ունենան հետեւելու՝ Սերկէյ Փարաճանովի երեւանեան թանգարանէն Սան Փեթերզպուրկ տեղափոխուած 50 լուսանկարչական նմուշներուն։

Ոչ Եւս Է Ռուսահայ յայտնի Տնտեսագէտ Ստեփան Սիտարեանը

Հայազգի յայտնի տնտեսագէտ եւ Ռուսիոյ Գիտութիւններու ակադեմիոյ ակադեմիկոս Ստեփան Սիտարեան իր մահկանացուն կնքեց 3 Օգոստոսին, 79 տարեկանին անոր յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ Օգոստոս 6ին, Մոսկուայի մէջ: Ողբացեալը եղած էր Խորհրդային Հայաստանի ելեւմուտի փոխնախարար, եւ այդ պաշտօնին բերումով ան կը ղեկավարէր արդիւնաբերութիւնը, շինարարութիւնն ու տնտեսական բարեփոխումը:

Ստեփան Սիտարեան ծնած է Ալաւերդ քաղաքը 1930ին: 1984 ի Դեկտեմբերին, ան Ռուսիոյ Գիտութիւններու ակադեմիոյ տնտեսագիտութեան բաժնի թղթակից անդամ էր, իսկ 1987ին՝ նոյն ակադեմիոյ մէջ ակադեմիկոս: Իր բարձրաստիճան պաշտօններուն կողքին, 1989ին ան նշանակուած է Խորհրդային Միութեան Նախարարներու խորհուրդի փոխնախագահ-Արտաքին տնտեսական յանձնաժողովի նախագահ:

 Ան ստեղծած ու գլխաւորած է Գիտութիւններու ակադեմիոյ արտաքին տնտեսական հետազօտութիւններու հիմնարկը: Իսկ 1996ին, անոր անմիջական մասնակցութեամբ ստեղծուած է «Մանեճմընթ»ի միջազգային ակադեմիան, որուն նախագահը մնաց մինչեւ իր վերջին օրերը: Իր բեղուն գործունէութեան համար, հայազգի Ստեփան Սիտարեան պարգեւատրուած է Աշխատանքային կարմիր դրօշի, Ժողովուրդներու բարեկամութեան եւ Պատուոյ նշան շքանշաններով, ինչպէս նաեւ ՌԳԱի նախագահութեան պատուոյ գիրով:

Սիտարեանի կորուստին արձագանգելով՝ Ռուսիոյ Առեւտրա-արդիւնաբերական տան նախագահ Եւկենի Փրիմաքով ըսած է՜՜Անդառնալի կորուստ երկրին համար. Սիտարեանի մահով երկիրը կորսնցուց իր արժանի զաւակներէն մէկը, եւ ես կորսնցուցի շատ հարազատ ընկեր:








All the contents on this site are copyrighted ©.