2009-08-11 13:52:20

Ակնարկ մը ազգային եւ միջազգային դէպքերուն


Անգարա-Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտնեց, որ անցեալ երկու ամիսներուն ընթացքին իր առած քայլերուն ճամբով Թուրքիա աշխարհին ցոյց տուաւ, որ ինք ուժանիւթի միջազգային հոսքին ամէնէն կարեւոր քառուղին է։

Թուրքիա մրցակից ծրագիրներու վայր մը չէ, այլ՝ զիրար ամբողջացնող ծրագիրներու՝ շեշտեց Տաւութօղլու նշելով որ Թուրքիա իբրեւ ուժանիւթի փոխանցման ապահով ուղի պիտի ծառայէ ամրապնդելու շրջանային տնտեսութեան համարկումն ու համաշխարհային տնտեսութեան կառոյցը։ Ան ըսաւ ՜՜ Յունիսին մեր ստորագրած Նապուքօ ծրագիրը ցոյց տուաւ արեւելքի եւ արեւմուտքի միջեւ ուժանիւթ մատակարարողներուն եւ ուժանիւթ սպառողներուն համար Թուրքիոյ կեդրոնական կարեւորութիւնը՝՝հուսկ եզրակացուց ըսելով.՜՜Արեւելք-արեւմուտք եւ հիւսիս-հարաւ ուժանիւթի միջանցքներու խաչաձեւման վայրը ըլլալը Թուրքիոյ աշխարհագրութեան բնական արդիւնքն է՝՝։



Պաղտատ - Իրաքցի պաշտօնատարներ կը յայտնեն, որ հիւսիսային Իրաքի Մուսուլ քաղաքին մէջ ականուած երկու բեռնակառքերու պայթումներ եւ Պաղտատի մէջ պայթումներ հարուածած են Իրաքի շիի համայնքը՝ պատճառելով 45 զոհ։

Մուսուլէն արեւելք գտնուող Շազնա գիւղին մէջ ականուած երկու բեռնակառքեր թիրախ դարձուցին շրջանին մէջ բնակող շիի ցեղային փոքրամասնութիւն Շապաքը։

Միւս կողմէ՝ ականներ շարունակեցին Պաղտատի թաղամասերը հարուածել։ Երէկ առաջին պայթումը տեղի ունեցաւ յարանուանական գետնի վրայ խառն Ամիլ թաղամասին մէջ՝ առաւօտեան ժամը 5։50-ին, սպաննելով եօթը անձեր եւ վիրաւորելով 46 ուրիշներ։



Պէյրութ - Երկուշաբթի, 10 օգոստոս 2009-ի առաւօտուն, Արամ Ա կաթողիկոս հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ, Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ։

Այս առթիւ Վեհափառը անդրադարձաւ երեք հիմնական կէտերու

1) Ան տեղեակ պահեց նախագահը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան լայնատարած կառոյցին՝ իր ներքին թէ արտաքին երեսներով, վարչակազմակերպչական դրութեամբ ու թեմերով։

2 Վեհափառը անդրադարձաւ միջեկեղեցական եւ միջկրօնական միջազգային յարաբերութիւններուն, եւ այդ շրջագիծին մէջ նաեւ պետական-քաղաքական կապերուն։ Արամ Ա կաթողիկոս յայտնեց, որ Լիբանանը կարեւոր տեղ ունեցած էր իր հանդիպումներուն ու խօսակցութիւններուն մէջ։

3 Խօսելով Լիբանանի այժմու կացութեան մասին՝ վեհափառը կարեւորութեամբ շեշտեց, թէ հակառակ այն իրողութեան, որ հայ համայնքին երեսփոխանները եւ նախարարները ընտրական զանազան ցանկերուն ու քաղաքական կողմերուն մէջ կը գտնուին, սակայն համայնքը վեր է բոլոր կողմերէն եւ միշտ եղած է ու կը մնայ Լիբանանի կողքին։ Լիբանանի Նախագահը , իր կարգին, իր գնահատանքը եւ ուրախութիւնը յայտնեց, որ վեհափառը միջազգային իր յարաբերութիւններուն մէջ միշտ յատուկ տեղ տուած է Լիբանանին։ Ան միաժամանակ գնահատեց Լիբանանի հայ համայնքին դրական ու գործօն մասնակցութիւնը Լիբանանի քաղաքական կեանքին եւ ընդհանրապէս Լիբանանի ծաղկումին ու յառաջդիմութեան։



Անգարա - Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու կիրակի օր թրքական Քանալ 7 պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Թուրքիա-Ռուսիա յարաբերութեանց բարելաւումը անպայման դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման վրայ։

Ան ընդգծեց, որ երկու երկիրները կուզեն եւ կրնան Սեւ ծովու եւ Կովկասի շրջանները տագնապի շրջանի կարգավիճակէն դուրս բերել։

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը նաեւ նշեց, որ 6 օգոստոսին Ռուսիոյ վարչապետ Վլատիմիր Փութինի Թուրքիա այցելութեան ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի հարցը եւս քննարկուած է։








All the contents on this site are copyrighted ©.