2009-08-10 13:02:48

Վատիկանի եպիսկոպոսներու սիւնոդոսի ընդհանուր քարտուղարի դասախօսութիւնը

''Սիւնոդական հայրերու համամիութենական շահագրգռութիւնը Ս. Գիրքի սիւնոդոսի աշխատանքներուն'' նիւթին մասին։


Ընդառաջելով Ամերիկայի Ս. Գիրքի ընկերութեան հրաւէրին, Վատիկանի եպիսկոպոսներու սիւնոդոսի ընդհանուր քարտուղարը՝ Նիքոլա արքեպիսկոպոս Էդորեվիչ, Նիւ Եորքին մէջ պիտի դասախօսէ. ''սիւնոդական հայրերու համամիութենական շահագրգռութիւնը Ս. Գիրքի սիւնոդոսի աշխատանքներուն'' նիւթին մասին։

Արքեպիսկոպոս Էդորեվիչ Վատիկանի օրաթերթին հետ ունեցած ելոյթով յայտնած է թէ կաթողիկէ եւ բողոքոկան աշխարհը մեծ շահագրգռութեամբ կը սպասեն Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին վաւերաթուղթը ''Աստուծոյ խօսքը'' սիւնոդոսի մասին։

Եւ որովհետեւ թղթածրարը կը ներփակէ հազարաւոր գրութիւններ կարելի չէ անմիջականօրէն սպասել Քահանայապետին վաւերաթոուղթին հրապարակումը։

Ամերիկեան Ս. Գիրքի ընկերութենէն հրաւիրուած՝ Արքեպիսկոպոս Էդորեվիչ անցեալ շաբաթ, Նիւ Եորքի մէջ, դասախօսութիւն մը տուաւ ''Ս. Գիրքի մասին սիւնոդոսը եւ սիւնոդոսական հայրերու համամիութենական շահագրգռութիւնը'' նիւթով։

Ան դիտել տուաւ որ Ամերիկեան Ս. Գիրքի ընկերութիւնը սիւնոդոսի աշխատանքներուն, Սրբազան Քահանայապետին նուիրեց բազմալեզու Ս. Գիրք մը , որուն աշխատանքներուն ու տպագրութեան մասնակցեցան Ս. Գիրքի ընկերութիւնը Վատիկանի Սիւնոդոսի քարտուղարութիւնը եւ Վատիկանի տպագրատունը։ Սիւնոդոսին աւարտին Նորին սրբութիւնը սիւնոդոսական բոլոր հայրերուն օրինակ մը նուիրեց։

Արքեպիսկոպոս Էդորեվիչ դասախօսեց Նիւ Եորքի կաթողիկէ համալսարանին մէջ ։ Բացման խօսքը կատարեց Շիքակօ թեմի առաջնորդը կարտինալ ֆրանսիս Ժորժ եւ նախագահը ԱՄՆի եպիսկոպոսական համահաւաք դասին։ Իսկ փակման խօսքը կատարեց կարտինալ Թէոտոր ՄաքՔարիք։

Դասախօսութեան վերնագիրն էր ՜՜ ճանապարհ դէպի Էմմաուս՝՝։ Արքեպիսկոպոս Էդորեվիչ իր դասախօսութիւնը կեդրոնացուց Սրբազան պապի սիւնոդոսին ընթացքին կատարած միջամտութիւններուն, նախ սրբազան արարողութիւններուն եւ ապա սիւնոդոսի աշխատանքներուն ընթացքին։

Արքեպիսկոպոս Էդորեվիչ դասախօսութեան մէջ ընդգծեց համամիութեան նշանակութիւնը եպիսկոպոսներու սիւնոդոսներու ընթացքին։ Ան մատնանշեց , կաթողիկէ Եկեղեցւոյ բոլոր սիւնոդոսներուն, թէ օրթոտոքս եւ թէ բողոքական եկեղեցիներու պատուիրակութիւններու մասնակցութիւնը ։








All the contents on this site are copyrighted ©.