2009-08-07 11:54:48

Մէկ ամիս առաջ լոյս տեսաւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին ''Սէրը ճշմարտութեան մէջ'' շրջաբերական թուղթը։


Մէկ ամիս առաջ լոյս տեսաւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին ''Սէրը ճշմարտութեան մէջ'' շրջաբերական թուղթը։

Ճիշտ մէկ ամիս առաջ, Յուլիս 7-ին լոյս տեսաւ Քահանայապետին երրորդ շրջաբերական թուղթը`''Սէրը ճշմարտութեան մէջ'', բոլորէն կոչուած Քահանայապետին ընկերային շրջաբերական թուղթը։ Այս կարեւոր վաւերաթուղթը կը յաջորդէ այլ երկու վաւերաթութերու. ''Փրկարար Յոյսը'' 30 նոյեմբեր 2007ին եւ ''Աստուած Սէր է'' 25 դլեկտեմբեր 2005ին։ Այս երեք վաւերաթուղթերու մէջ յայճախ կը կրկնուին հետեւեալ չորս բառերը. Աստուած, Սէր, Ճմնարտութիւն եւ յոյս։ Արդարեւ այս բառերու վրայ հիմնուած է ներկայ Քահանայապետին ուսուցումը։ Վերջին շրջաբերական թուղթը մեծ ընդունելութիւն գտաւ համաշխարհային գետնի վրայ։ Անոր մասին գրուեցան աւելի քան վեց հազար յոդուածներ։ Հակառակ որ Շրջաբերական թուղթը, առաջին օրէն իսկ, Վատիկանի կայքերու մէջ կարելի է գտնել, անիկա մեծ թիւով ծախուեցաւ։ Առաջին երկու շաբաթներուն Գրավաճառները ամէն աւելի այդ վաւերաթուղթը ծախած են։ Յառաջիկայ ամիսներուն կը նախատեսուին Շրջաբերական թուղթին ներկայացումը եւ կլոր սեղաններ, մասնակցութեամբ քաղաքագէտերու եւ տնտեսակէտերու։ Քրիստոնեայ աշխարհը ոչ միայն նեցուկ կեցաւ Շրջաբերական թուղթին այլ եւ երախտագիտութիւնը յայտնեց Սրբազան Պապի մատնանշած տնտեսական նոր ծրագրին համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.