2009-08-07 06:51:26

Կրօնաբարոյական հարցեր «…Եթէ Առաքինի Ըլլայ»


Կրօնաբարոյական հարցեր «…Եթէ Առաքինի Ըլլայ»

Մարդոց հաւասարութեան մասին վկայութիւնները բազմաթիւ են Աստուածաշունչի էջերուն մէջ, սկսեալ բոլոր մարդոց «Աստուծոյ պատկերին նմանութեամբ» ստեղծուած ըլլալէն: Նոր Կտակարանին մէջ եւս կը խօսուի այն մասին, թէ՝ Աստուած խտրութիւն չի՛ դներ իր ստեղծած մարդոց միջեւ: Փաստօրէն, ընկերային կեանքի դրուածքն է յաճախ, որ դասակարգումներ կը կատարէ, հանգամանքներ կը տնօրինէ, բաժանման պատեր կը հաստատէ, եւ խաւերու ընդհանուր դասաւորում կը ստեղծէ: Այսպէս, ամբողջ մարդկութեան պատմութիւնը լեցուն է ազնուական եւ ռամիկ դասակարգի տարբերութիւններով՝ ազատի եւ ոչ-ազատի դրութեամբ, հարուստի եւ աղքատի, տիրոջ եւ ծառայի, հանգամանաւորի եւ սովորական քաղաքացիի, եւ վերջապէս՝ զօրաւորի եւ տկարի հակադիր խաւերու ընդդիմալարուած իրավիճակով:

Կեանքի մէջ պատահող երբեմն տխուր դիպուածներ, արկածներ, հարուածներ, ձախորդութիւններ, երբ ոեւէ անձ գտնեն, այն ատեն միայն ոմանք կը մտածեն ըսելով, թէ տուեալ ենթակային բարձր դիրքը կամ հարստութիւնը չկրցան զինք փրկել այդ տխուր պատահարէն. ուրեմն, կ՛եզրակացնեն ըսելով, թէ բոլոր մարդիկ հաւասարապէս սխալական ու մահկանացու են այս աշխարհի վրայ: Այս գիտակցութիւնը սակայն, քաղաքակրթութեան պատմութեան հետ կազմուեցաւ հետզհետէ: Այո՛, մարդիկ գիտցան, թէ Աստուծոյ աչքին իբրեւ մարդ էակներ հաւասար են իրարու: Ինչքա՜ն դաստիարակիչ է ազնուական հօր մը տուած բարոյական դասը իր արքայազուն զաւակներուն, որոնցմէ մէկը ապագային պիտի դառնար Լուդովիկոս ԺԶ. թագաւորը: Արքունական փափկանազ կեանքին սովոր իր զաւակները շուրջը հաւաքած, անոնց հայրը՝ Դեղփինոս, իր սենեկապետին հրամայեց բերել եկեղեցւոյ արձանագրութեան տոմարը: Ընտանեկան այդ սեղմ շրջանակին մէջ, հայրը իր զաւակներուն տալով հսկայ տոմարը՝ կ՛ըսէ, որ բանան զայն:

Տակաւին դեռատի արքայազունները ուրախութեամբ բացին եկեղեցւոյ տոմարը, ուր ուրախութեամբ գտան իրենց անունները, որոնք մկրտութեան առիթով գրուած էին այնտեղ: Հայրը անոնց ցոյց տուաւ նաեւ, որ հակառակ ազնուական ըլլալնուն, իրենց անունէն առաջ կամ վերջ, այնտեղ գրուած էին նաեւ ոչ ազնուականներու անուններ: Մանաւանդ, անոնցմէ մէկը աղքատ արհեստաւորի մը զաւակին անունն էր: Ուստի, դաստիարակելու համար իր զաւակները, պահը յարմարագոյն գտաւ Դեղփինոս բացատրելու համար անոնց մարդոց հաւասարութիւնը եւ ունեցած տարբերութիւնները, եւ ըսաւ.

- Ահա տեսաք դուք, որ Աստուծոյ աչքին ամէն մարդ հաւասար է: Բայց միայն հաւատքով եւ առաքինութիւններով կրնայ տարբերիլ ուրիշներէ: Ժամանակ պիտի գայ, երբ դուք այդ աղքատ արհեստաւորէն աւելի մեծ պիտի ըլլաք, արքունիքի մէջ բարձր դիրքերու պիտի տիրանաք, եւ նոյնիսկ ձեզմէ մէկը արքայական գահուն պիտի բազմի: Բայց այդ աղքատ արհեստաւորը ձեզմէ աւելի մեծ կ՛ըլլայ Աստուծոյ աչքին, եթէ առաքինի ըլլայ…»:

- Աշխարհի դասակարգերը այս կեանքին մէջ ալ «կը խախտին» առաքինութեամբ: Առաքինին անպայման կը յաջողի, ինչքա՛ն ալ ձաղկուի: Իսկ Աստուծոյ աչքին, անիկա շատ աւելի մեծ է քան զինք կեղծաւորաբար պաշտող ձեւառիկ մը, այս կեանքի մէջ դիրք ու հանգամանք ունեցող մեծապատիւ մը, ստրուկներ քարշ տուող բռնատէր մը, կամ այլ հեղինակաւոր մը:

Առաքինութիւնները մարդիկ կը սորվին իրենց մօր ծունկերուն առջեւ, սակայն անոնց գործադրութեան մէջ ծնողներ ո՛չ մէկ դերակատարութիւն կրնան ունենալ այլեւս: Անհատին կը մնայ իր սորվածները գործնականացնել, եւ թարգմանել առօրեայ կեանքի մէջ:

Ափսո՜ս, որ առաքինութիւնները շատ աւելի հիացողներ կ՛ունենան, քան հետեւորդներ: Եթէ արքունական բոլոր տեսակի դիրքերու վրայ գտնուողները իմանային, թէ եկեղեցւոյ տոմարին մէջ արձանագրուած խեղճ ռամիկներն ալ եթէ առաքինի ըլլան, կրնան իրենցմէ աւելի մեծ ըլլալ Աստուծոյ աչքին, թերեւս աշխարհը այսօր տարբեր դիմագիծ ունենար:

Առաքինութեանց տիրանալու մրցակցութիւնը դասակարգային բաժանումներ չի՛ ճանչնար: Ամէն ոք կրնայ մուտք գործել այս մրցադաշտէն ներս, վազել դէպի յառաջ, հասնիլ որոշուած նպատակին եւ ստանալ մրցանակը: Աստուծոյ աչքին հաճելի այս մրցակցութեան մէջ իրարու դէմ կրնան «ճակատիլ» արքան ու բանուորը, հարուստն ու աղքատը, մեծն ու փոքրը:

Իսկ յաղթանակը կը շահի ան, որ «աւելի առաքինի կ՛ըլլայ»:








All the contents on this site are copyrighted ©.