2009-08-07 11:55:15

Ակնարկ մը միջազգային դէպքերու


Ակնարկ մը միջազգային դէպքերու –



Թուրքիա կը միանայ Նապուքոօի մրցակից Սաութ Սթրիմ ծրագրին

Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ վարչապետները քարիւղի եւ կազի մեծ ծրագիրներու շուրջ գործակցելու վերաբերեալ շարք մը համաձայնագիրներ կնքեցին։ Անոնցմէ մէկը կը վերաբերի Սեւ ծովու թրքական ջուրերուն մէջ խողովակաշարի մը կառուցման։

Մոսկուա կը յուսայ, որ Սաութ Սթրիմ ծրագիրը դէպի Եւրոպա ռուսական բնական կազ արտածելու կենսունակ նոր ուղի մը ըլլայ։ Վլատիմիր Փութին Իտալիոյ վարչապետ Սիլվիօ Պերլուսքոնիի ներկայութեան Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ համաձայնութիւն կնքեց Անգարա կատարած միօրեայ այցելութեան մը ընթացքին։ Թուրքիա, որ կը յուսայ ուժանիւթի տարանցումի շրջանային կեդրոնի մը վերածուիլ, անցեալ ամիս Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու հետ ստորագրեց Ռուսիան շրջանցող Նապուքօ խողովակաշարի ծրագիրին վերաբերող համաձայնութիւն մը։

Միւս կողմէ, Իտալիոյ վարչապետարանը յայտարարութեան մը մէջ նշեց, որ Թուրքիոյ՝ Սաութ Սթրիմ ծրագիրին միանալը Պերլուսքոնիի անձնական յաջողութիւնն է։



ԵԱՀԿ-ի նախագահը պատրաստակամութիւն յայտնեց օգնելու շրջանի կայունութեան ապահովման։

ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Տորա Պաքոյանիս հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ։ Քննարկումի հիմնական նիւթը դարձած են Հարաւային Կովկասի մէջ տեղի ունեցող վերջին իրադարձութիւնները, մասնաւորաբար ղարաբաղեան տագնապի լուծման վերաբերող հարցերը։ Պաքոյանիս անգամ մը եւս ըսած է, որ պատրաստ է օգնելու եւ մեծ ջանքեր ի գործ դնելու շրջանին մէջ խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը հաստատելու համար։



Եւրոպական Միութիւնը Ահմատինեժատին շնորհաւորագիր մը պիտի չյղէ

Եւրոպական Միութիւնը Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատին աւանդական շնորհաւորագիր մը պիտի չյղէ՝ անոր երկրորդ նստաշրջանի մը համար երդման արարողութեան առիթով։



Եւրոպական Միութեան բանբեր Ամատիւ Ալթաֆաժ Թարտիօ երէկ յայտնեց, որ Եւրոպական Միութիւնը շնորհաւորական պատգամ մը չէ ուղարկած եւ այդ մէկը ընելու մտադիր չէ։ Ան յաւելեալ մանրամասնութիւն չփոխանցեց։



Փակուեցաւ Հարաւային Օսէթիայի պետական սահմանը Վրաստանի հետ

Oգոստոս 5ի առաւօտեան ժամերուն, փակուեցաւ Հարաւային Օսէթիոյ պետական սահմանը Վրաստանին հետ։ Համապատասխան հրահանգ տուած էր հանրապետութեան նախագահ Էտուարտ Քոքոիթին։ Իր խօսքերուն համաձայն, վերջերս յաճախակի դարձած էին վրացական կողմի սադրանքները յաւելեալ՝ այս քայլը առնուած է որպէս նախազգուշական միջոց վրացական կողմէ հետըզհետէ աւելցող խոզակրիփի դէպքերուն։ Յուլիսի վերջաւորութեան Հարաւային Օսէթիան եւ Վրաստանը կանոնաւոր կերպով մեղադրանքներ կը փոխանակէին սահմաններու վրայ խախտումներու վերաբերեալ։ Ըստ հարաւ-օսական կողմին, Վրաստանը գնդակոծած է սահմանամերձ գիւղերը։



Պաքու կը հետեւի Հայաստանի զէնքերուն

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Էլխան Փոլուխով յայտարարած է, թէ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները մօտէն կը հետեւին Ռուսիայէն Հայաստանի տրամադրուող զէնքերու հարցին, ակնարկելով Ռուսիայէն ստացուած զէնքերու կապակցութեամբ Հայաստանի իշխանութեանց տեղեկագիրին, որ ներկայացուած էր ՄԱԿին։

Փոլուխով աւելցուցած է, թէ այս հարցին հետապնդումը աւելի հրատապ դարձած է, յատկապէս այս տարուան սկիզբը հաղորդուած այն տեղեկութիւններէն ետք, ըստ որոնց՝ Ռուսիա Հայաստանի իշխանութեանց 800 միլիոն տոլար արժող զէնքեր տրամադրած է։








All the contents on this site are copyrighted ©.