2009-08-05 13:36:46

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը



Չորեքշաբթի օգոստոս 5 Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի աւելի քան 4.000 հազար ուխտաւորներու, քահանայապետական ամառանոցի պալատին մէջ։

Սրբազան Հայրը այսօր իր խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց սուրբ Ժան Մարի Վիաննէյի վրայ, որուն տօնը եկեղեցին յիշատակեց օգոստոս 4ին։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Մինչ Եկեղեցին այս օրերուն կը վերակոչէ սուրբ Ժան Մարի Վիաննէյի մահուան 150ամեակը, ձեզմէ կը խնդրեմ որ աղօթէք որպէսզի անոր քահանայական կեանքի վկայութիւնը ներկայ քահանաներու համար ըլլայ տիպար եւ խթան մը ապրելու իրենց քահանայութիւնը հաւատքով ու վստահութեամբ։ Թող Տէրը Արսի սուրբ քահանային բարեխօսութեամբ յարուցանէ Եկեղեցւոյ մէջ սուրբ քահանաներ, որոնք Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ գտնեն զօրակցութիւն եւ համագործակցութիւն լաւագոյնս քարոզելու Աւետարանը։

Այս խորհրդածութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը զանազան բարբառներով ողջունեց ներկաները մաղթելով անոնց բարի արձակուրդ առանց մոռնալու Քրիստոսի մէջ մտերմութեան մէջ մնալու։

Եւ նախքան իր առաքելական օրհնութիւնը տալէ Սրբազան Քահանայապետը հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն եւ մասնաւորապէս ողջունեց Ասիզիի միջազգային 5րդ հաւաքին մասնակցող երիտասարդները։ եւ ապա յիշեցուց թէ այսօր օգոստոս 5 եկեղեցին կը վերակոչէ Հռոմի Տիրանօր աւագ Եկեղեցւոյ տօնը։ Այդ յիշատակութլեամբ Եկեղեցին կը հրաւիրէ իր հաւատացեալները իրենց ակնարկը ուղղելու Ս. Կոյս Մարիամին, Քրիստոսի Մայրը։ Ամէնքս կանչուած ենք յաճախել Ս. Կոյս Մարիամի դպրոցը որպէսզի իրմէ սորվինք զԱստուած սիրել ամէն բանէ վեր։

իսկ այժմ լսելի կ`ընենք Պենետիկտոս ԺԶ-տ տուած օրհնութիւնը։



Օգոստոս 5ին, Հռոմի Եկեղեցին, կը ոգեկոչէ Ձիւնի Տիրամօր յիշատակը

Հռոմի մէջ, աւելի քան 100 եկեղեցիներ կան նուիրուած Անենասուրբ Կոյս Մարիամին։ Անոնցմէ ամենէն մեծը Տիրամօր աւագ տաճարն է, պատրիարքական չորս պազելիքաններէն մէկը։ Անիկա նախապէս Լիպերեան տաճար կը կոչուէր եւ կը գտնուէր Էսքուիլինօ փլուրին գագաթը։ Լիպերիոս քահայանապետը 325-366 հեթանոսական այս տաճարը բարեփոխեց քրիստոնեական պազելիքայի։ Աւանդութիւնը կը պատմէ թէ Հռոմի Սրբուհի Մարիամ աւագ տաճար շինութիւնը հետեւեալ ձեւով կատարուեցաւ. Լիպերիոս Քահանայապետը երազին մէջ յայտնութիւնը ունեցաւ եկեղեցի մը կերտելու Աստուածամօր ի պատիւ, Էսքուիլինօ կոչուած փլրուրին վրայ եւ որպէս փաստ իր կամքին Ամեասուրբ Կոյս Մարիամը ձիւնի հրաշքը կատարեց էսքուիլինօ փլուտրին վրայ, օգոսոտոս 5-ին տաք գիշերուան ընթացքին։ Հռոմէացիներու ներկայութեամբ, Լիպերիոս Քահանայպետը սահմանագծեց հողը որուն վրայ կը բարձրանայ Սրբուհի Մարիամ աւագ տաճառը, որ հռոմէացիները նաեւ կը կոչեն Ձիւնի Տիրամօր տաճառը։ Ահա այս պատճառաւ օգոստոս 5ին կը յիշատակուի Ձիւնի Տիրամօր տօնը։ Նոյն օրը կը վերակոչուի տաճարին սրբագործումը որ տեղի ունեցաւ 5 օգոստոս 358 թիւին Լիպերիոս քահայանապետի ձեռքով։ Սրբուհի Մարիամ աւագ տաճարը նաեւ կը կոչուի ս. Կոյս Մարիամի Մսուրը, որովհետեւ արդէն 4-րդ դարէն առաջ հոն կը պահուէին հին մսուրի մը փայտերը, որ ժողովրդական աւանդութիւնը կը վերագրէր այն խանցարուրին ուր Մանուկ Յիսուսը կը հանգչէր Բեթղեհէմ քարայրին մէջ։ Այս առաւօտ ժամը 10-ին կարտինալ Լօ գահերէցը Տիրամօր աւագ տաճառին գլխաւորեց ս. պատարագը։ իսկ յետմիջօրէին կը գլխաւորէ երեկոյեան ժամասացութիւնը որուն աւարտին տեղի կ'ունենայ սպիտակ ծաղիկի փեթակներու անձրեւը որ կ'իջնէ տաճարի գմբեթէն եւ արաստաղէն ի յիշատակ 358ի ձիւնի հրաշքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.