2009-08-05 13:37:58

Արամ Ա կաթողիկոս ընդունեց յոյն կաթողիկէ եկեղեցւոյ աշխարհականներու լիկան՝


Արամ Ա կաթողիկոս ընդունեց յոյն կաթողիկէ եկեղեցւոյ աշխարհականներու լիկան՝

Երկուշաբթի, 3 օգոստոս 2009-ին, Պիքֆայայի հայրապետական ամարանոցին մէջ, Արամ Ա կաթողիկոս ընդունեց յոյն կաթողիկէ եկեղեցւոյ աշխարհականներու լիկան՝ գլխաւորութեամբ պատրիարքական փոխանորդ Միշել Ապրաս եպիսկոպոսի։ Պատուիրակութիւնը կը բաղկանար տարբեր մասնագիտութեան տէր 10 անձերէ։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուած հարցերը ընդգրկեցին եկեղեցի-ընկերութիւն փոխյարաբերութեան, եկեղեցիներու միջեւ փոխադարձ գործակցութեան եւ եկեղեցւոյ առաքելութեան վերաշեշտումի նիւթերը։ Միտքերու փոխանակման եւ միացեալ ճիգով ներկայ աշխարհի մարտահրաւէրները դիմագրաւելու հեռանկարներ արտայայտեցին մասնագէտներ, իւրաքանչիւրը իր կալուածին մէջ։ Վեհափառը, միջեկեղեցական կեանքին մէջ իր տարիներու փորձառութեամբ, գործունէութեան շարք մը երեսներ ընդգծեց եկեղեցւոյ համար՝ ներկայ աշխարհի տագնապներուն լոյսին տակ։ Յոյն կաթողիկէ եկեղեցւոյ լիկան առաջարկեց վեհափառին, որ յատկապէս հայ եկեղեցւոյ հետ փոխադարձ գործակցութեան նոր գործընթաց մը ճշդուի՝ վեհափառին ցոյց տուած ուղղութեամբ եւ առաջնորդութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.