2009-08-04 14:13:01

Քահանայական տարի - Քիւրէ Տ՚Արս - Ժան Մարի Վիաննէ Դասալիքը (1809-1811)


Քահանայական տարի - Քիւրէ Տ՚Արս - Ժան Մարի Վիաննէ Դասալիքը (1809-1811)



Մեր ուսանողի դպրոցական կեանքը յանկարծ կ՚ընդհատուի 1809ի աշնան, զինուորութեան կանչուած է։

Նաբոլէոն ամէն կողմէ սպառնալիքի տակ է։ Սպանիոյ հետ պատերազմի բռնուած է, միեւնոյն ատեն ճակատ բացած է Բրուսիոյ եւ Աւստրիոյ դէմ։ Կայսրը զինուորներու պէտք ունի, անոնք որ նախորդ տարին շնորհուած էին վիճականահանութեամբ, այսօր կանչուած են։

Զինուրութիւնը իսկական խղճի հարց եղած է շատ մը բարեպաշտ երիտասարդներու համար։

Պիոս 7րդի եւ Նաբոլէոնի միջեւ պայքարը իր գագաթնակետին հասած է, կայսրը գրաւած է պապական պետութեան սահմանները, պապը բռնադատած է զինք եւ Նաբոլէոն կալանաւորած է եկեղեցւոյ Գլուխը։ Արդեօք կաթողիկներները կրնա՞ն ծառայել բանադրուած եւ սրբապիղծ կայեր մը։ Լիոն նահանգի մէջ գիւղացիներէն շատեր թագաւորական են եւ շատ մը հին քահանաներ ըմբոստացած են, ինչպէս Տէր Պալի, եւ հակառակ են կայսրութեան։ Այս հարցը բազմիցս սեղանի վրայ դրուեցաւ Էքիւլիի մէջ։ Տէր Պալի տարիներով օրէնքէ դուրս ապրած է, բայց իր աշակերտը կ՚ուզէ զինուոր արձանագրուիլ։ Հազիւ զինուորագրուած՝ կը հիւանդանայ, տասնհինգ օր Լիոնի հիւանդանոցը կը պառկի։ Առողջանալուն պէս կը մեկնի Ռուան իր զօրաբաժնի խմբակին միանալու։ Դեկտեմբերին դարձեալ կը հիւանդանայ եւ կը մտնէ Ռուանի հիւանդանոցը։ Հիւանդանոցէն ելքին, կ՚երթայ իր ճամբուն թուղթերը կարգադրելու։ Ընկերները շատոնց մեկնած են եւ ինք հարկ է անոնց հասնի երիտասարդի մը հետ Կի անունով։

Սակայն Կի կը համոզէ զինք դասալիք ըլլալու, որովհետեւ Վիաննէ կը վախնար, եւ կ՚օգնէ առաջնորդելով զինք Ֆորեզի լեռներուն մէջէն Գլոտին Ֆայօ անունով կնոջ մը քով, որ բազմաթիւ զաւակներ ուներ։ Եւ Ժան Մարի իրեն համար իբր անդրանիկ զաւակ կը նկատէ։ Ժան զբաղեցաւ պզիկներով, գրել կարդալ սովեցուց, գիւղի միւս փոքրիկներն ալ միացան անոնց։ Պալիի խոնարհ աշակերտը դաստիարակ դարձաւ եւ բաւական յաջողեցաւ։ Գարնան եւ ամրանը կը մասնակցեր հողի աշխատանքին, հակառակ իր կարճ հասակին, չէր վախնար ամենածանր գործերէն։

Սկիզբը կը պահուըտեր ագարակին մէջ։ Կիրակիներն անգամ պատարագի չէր երթար, որովհետեւ բազմութիւնէն կը վախնար, որ զինք ճանչնան եւ վտանգաւոր հարցումներ ընեն։ Ասոր հակառակ, շաբթուան մէջ եկեղեցի կը յաճախէր, քահանային կը բարեկամանար եւ կը ծանօթանար գիւղացիներուն հետ։ Յաճախ ոստիկանները կ՚այցելէին գիւղը, բայց ոչ ոք մատնացոյց կ՚ըներ դասալիքները։

Գլոտին Ֆէյօ 1810ի ամառը Տարտիլի գնաց ժան Մարիի ընտանիքին լուրերը առնելու եւ իրենները տալու անոնց։ Հոն ամէն ինչ վատ կ՚ընթանար։ Կառավարութիւն քննութիւններ կ՚ըներ գտնելու համար դասալիքները։ Մատթէոս Վիաննէ ստիպուած ծանր տուրքեր կը վճարէր եւ սաստիկ բարկացած էր զաւկին դէմ, որ պատասխանատու է այս չարիքներուն։ Գլոտին կր փորձէ մեղմել անոր կիրքերը։ Կը հանդիպի նաեւ Տէր Պալիի, որ կը յայտարարէ.

-Ժան Մարի երբէք զինուոր պիտի չ՚ըլլայ, այլ քահանայ։

Նոէզ վերադարծին Գլոտին այս ամէնը կը պատմէ երիտասարդին. Սա կ՚որոշէ չթողուլ իր ապաստարանը։

Վերջապէս Օգոստոսին նամակ մը կը հասնի Տարտիլիէն, որ կ՚աւետէ թէ իր զինուրական հարցը կարգադրուած է։ Իր անդրանիկ եղբայրը՝ Ֆրանսուա, կամաւոր կերպով ուզած է ժան Մարիի փոխարէն զինուրագրուիլ եւ մեկնած է Գերմանիա։

Դժբախտաբար 1813ին կ՚անյատանայ այդ քաջ տղան, չես գիտեր ինչ պայմաններու տակ։ Ժան Մարի բոլոր կեանքին մէջ պիտի լայ՝ իր տեղը մեռած եղբօր վրայ։

Տասնըչորս ամիս բացակայելէ ետք 1811ին կը թողու Նոէզը եւ կը վերադառնայ Էքիւլի, ուր կարօտով կ՚ողջունէ իր սիրելի վարդապետը՝ Տէր Պալի:








All the contents on this site are copyrighted ©.